ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ-ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԱՌԱՆՑՔԸ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ խնդիրները, ընդհանրապէս, ըստ էութեան, կրնան դիտարկուիլ վերջին շուրջ երկու տասնամեակներու հաւասարակշռութիւններուն մէջ։ Թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ թէ Թուրքիոյ պարագային այս ժամանակահատուածը կը բնորոշէ պատմական անցումային շրջան մը։ Այդտեղ շատ բան կայ՝ թրքահայ կեանքին բաժին վիճակած։ Փոքրամասնութիւնները միշտ ալ աւելիով չե՞ն ազդուիր այն հարցերէն կամ երեւոյթներէն, որոնք կը ծառանան մեծամասնութիւններուն առջեւ։ Այս առումով բացառութիւն չէ թրքահայութիւնը, ընդհակառակն։ Այս վերջին երկու տասնամեակներուն ինչպէս աշխարհի վրայ, այնպէս ալ երկրին մէջ իրերու դրուածքը հիմնովին փոխուած է ամէն տեսակէտէ։ Հաղորդակցութեան միջոցներու ընձեռած կարելիութիւններով, նաեւ այլ մարտահրաւէրներով անհատական մտքի եղափոխութիւնը այնպիսի թափ մը ստացած է, որ կառոյցներ յաճախ կը դժուարանան քայլ յարմարցնել։ Հաստատութենական մտայնութիւնը անխնայօրէն կը հարցաքննուի՝ պահու տակ ձեւաւորուած պահանջներով կամ նախընտրութիւններով։ Յետոյ, հազիւ թէ հաստատութիւնները կ՚արձագանգեն այդ բոլորին՝ վրայ կը հասնի նո՛ր պահ մը, նո՛ր թելադրանքներով։ Մասամբ անգիտակից այս անսանձելի երեւոյթը մէկ կողմէ կը քանդէ մշտական որեւէ բան ձեւաւորելու մղումը, իսկ միւս կողմէ անվստահութիւն կը հրահրէ կառոյցներու նկատմամբ։
Մինչեւ շուրջ քսան տարի առաջ թրքահայ կեանքը կ՚ընթանար Պատրիարքարան-հիւանդանոց թանտեմով։ Համայնքի առանձնայատկութիւններուն եւ իրականութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ ձեւաւորուած վարչական մօտել մըն էր այս մէկը՝ հոգեւոր եւ աշխարհական վարչական լծակներու փոխլրացման հիմքով։
Վերջին երկու տասնամեակին այդ թանտեմը զգալիօրէն կաղաց, ինչ որ բաւական մաշեցուց թրքահայ համայնքը։ Անշուշտ, ենթակայական կամ առարկայական պատճառներու մասին կարելի է խօսիլ եւ թէ երկար, սակայն բուն հարցը այդ մէկը չէ։ Պատրիարքարան-հիւանդանոց թանտեմին կաղացումը անխուսափելիօրէն ստեղծեց պարապութիւններ։ Այլ կարգ մը կառոյցներ փափաքեցան այդ պարապութիւնը լրացնել՝ աւելի բարձր ներկայացուցչական կարողութիւնով կարգավիճակ մը ձեռք ձգելու ակնկալութեամբ։ Մինչ այդ, այդ պարապութիւնը լրացնելու յաւակնութեամբ մարդիկ կամ շրջանակներ կործանարար ազդեցութեան պայքարներու հետամուտ եղան համայնքէն ներս։ Սա համայնքին տեսակէտէ մեծ ձախողում մըն է, որովհետեւ անոր գոյատեւումը կախում ունի մեր հաստատութիւններու կենսունակութենէն, իսկ Պատրիարքարանի կամ հիւանդանոցի մակարդակով հաստատութիւններու հանդէպ անվստահութիւնը բառին բուն իմաստով սպառնալիք է։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումը հետաքրքրական զուգադիպութեան մը պատճառ դարձած է։ Նոր կանոնադրութեան շրջանառութեան մէջ մտնելէն վերջ յառաջացած հարցերու յաղթահարման որոնումներու մթնոլորտին մէջ կարծես վերստին բանիլ սկսած է Պատրիարքարան-հիւանդանոց թանտեմը։ Ներքին գործոց նախարար Սոյլուի եւ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու շաբաթավերջի հանդիպումը այս առումով եղաւ վառ ապացոյց մը։ Մեր համայնքին համար նպատակայարմար կամ նպաստաւոր զանազան տնօրինութիւններու հորիզոնը ուրուագծուեցաւ, որպէսզի մեր վաքըֆները նեղ շրջանակի մէջ խաղերով չգերեվարուին։ Ժխտական կամ դրական բոլոր երեսակներով այստեղ կայ գործնականութիւն, ինչ որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ նոյնիսկ շուրջ տասնհինգ տարի առանց ընտրութեան անցնելէ վերջ համայնքը ականատես կ՚ըլլայ գայթակղեցուցիչ երեւոյթներու։ Շատ մարդ ամէն խաղի պատրաստ է՝ վարչական փափուկ ու տաքուկ աթոռներուն վրայ մնալու համար՝ այն աստիճան, որ ամուլ վէճերով ժամանակի մսխումն անգամ ոմանց համար շահ կը համարուի։
Այս ծանր վիճակէն դուրս գալու յոյսը ծագեցաւ Պատրիարքարան-հիւանդանոց թանտեմին շնորհիւ։ Շուրջ երկու տասնամեակ վերջ սա վարչական թօթափում կը նշանակէ այս առանցքին վրայ։ Տեսնենք շարունակութիւնը ինչպէս կ՚ըլլայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
editor@jamanak.com