Միասնականութիւնը անհրաժեշտ՝ աւելի քան երբեք…
Ահաբեկչութիւնը հերթական անգամ գերեվարած է մեր երկրին օրակարգը։ Վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ ապրուած ողբերգական դէպքերը շաբաթավերջին իրենց շարունակութիւնը ունեցան մայրաքաղաքին մէջ։ Անհաւատալի վայրագութիւն... Անգարայի մէջ որոտացած պայթիւնը խոր սուգի մատնած է բովանդակ երկիրը։
Իր պատմութեան տեւողութեան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը դիմագրաւած ու յաղթահարած է նման բազում փորձութիւններ։ Պատմութեան փորձառութիւնը որքան որ հարուստ է, այնքան եւ յստակ նաեւ անոր ուսուցանած դասերը։ Իւրաքանչիւր վերիվայրում, իւրաքանչիւր սայթաքում իսկապէս թանկ, շա՜տ թանկ արժած է մեր երկրին համար։
Վերջին շուրջ տասնհինգ տարուան ընթացքին Թուրքիա աննախընթաց ոստումի մը ճանապարհը բռնեց։ Այդ վերելքով դարձաւ ամբողջ աշխարհին տեսակէտէ առաջնահերթ գործընկեր մը։ Աւելի առաջ եւս երկիրը ունեցած էր այսպիսի յատկանշական շրջաններ, բայց այս անգամ տարբեր եղաւ ամէն ինչ։ Արդարեւ, այս թռիչքը շատ աւելի ամուր հիմքերու, երաշխաւորեալ գործօններու հիման վրայ ապրուեցաւ։ Պատճառներուն ներթափանցելու համար պէտք չկայ գաղտնիքներու տիրապետել։
Վերջին շուրջ տասնհինգ տարիներու այս թռիչքը ապրուեցաւ, որովհետեւ հասարակութեան գրեթէ բոլոր շերտերը ներգրաւուեցան այդ գործընթացին։ Ժողովուրդին ամենալայն խաւերը եռանդով մղուեցան իրենց վիճակած գործին։ Հանրային կարծիքին մօտ թոյզն իսկ տարակուսանք չապրուեցաւ համապատասխան քաղաքական կամքին շուրջ։ Ամուր ժողովրդական յենարաններով ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը բոլոր նախադրեալները ունեցաւ վճռական քայլերով յառաջ ընթանալու համար։ Այս բոլորին հանրագումարը եղաւ այն, որ ապահովուեցաւ կատարեալ, ամբողջական յառաջընթաց մը։ Թէ՛ տնտեսական եւ թէ ժողովրդավարականացման բնագաւառներուն մէջ, հաւասարապէ՛ս, ակնյայտ զարգացումներ արձանագրուեցան։ Վերելքէն եւ անոր դրական պտուղներէն հնարաւորինս բաժին վիճակեցաւ բոլորին։ Կատարուած բարեփոխումները ողջունուեցան բոլորին կողմէ՝ երկրի ապագային նկատմամբ վառ յոյսերով, հաւաքական ճիգերը բազմապատկելու պատրաստակամութեամբ։ Բոլորը կը գիտակցէին նաեւ, որ Թուրքիան այս բոլորը կը յաջողէր շատ բարդ եւ ապակայուն տարածքաշրջանի մը մէջ, ինչ որ այդ ձեռքբերումներու խորքային արժէքը կը կրկնապատկէր բնականաբար։ Երկրի միջազգային կշիռը այնպէս մը բարձրացաւ, որ Թուրքիան սկսաւ կայունութեան եզակի գործօն մը ընկալուիլ աշխարհին կողմէ՝ իր գտնուած այդ բարդ ու լարուած տարածքաշրջանին մէջ։
Այս վարդագոյն, փայլուն համայնապատկերին վրայ վերջին ամիսներուն ստուեր կ՚ածէ ահաբեկչութիւնը։ Երբ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին կարելի չեղաւ միակուսակցական, ամուր իշխանութիւն մը ձեւաւորել երկրին մէջ, դժբախտաբար, անցումային շրջանը անմիջապէս տխուր եւ անիծելի երեւոյթներ ծնաւ մեր երկրին մէջ. ահաբեկչութիւն, լարուածութիւն, տմարդի բռնութիւններ, անհեռատես հաշուարկներ, եւ այլն։ Քաղաքական գետնի վրայ վերիվայրումներ առկայ են ներկայիս։ Միջկուսակցական յարաբերութիւնները կ՚ընթանան այնպիսի հունի մը մէջ, ուր երկրի գերագոյն շահերու հետապնդման նպատակին վրայ կեդրոնանալու առումով յառաջացած են դժուարութիւններ։ Յոյսով կը սպասուին ընտրութիւններուն, որպէսզի ուժերու վերադասաւորման, ժողովուրդի կամքի դրսեւորման հիման վրայ Թուրքիան շարունակէ իր կայուն ճանապարհը։
Եւ ահա այս սպասման մթնոլորտին մէջ է, որ ապրուեցաւ շաբաթավերջի պայթումը, որ խլեց մեր երկրի բազմատասնեակ քաղաքացիներուն կեանքը։ Նահատակուած անվտանգութեան պաշտօնեաներուն ցաւին վրայ եկած է բարդուիլ այս աննկարագրելի յուզումը։ Հակամարդկային այս դէպքերուն շարանը համատարած մտահոգութիւն յառաջացուցած է մեր երկրին մէջ՝ առանց խտրականութեան։ Բոլորին սպասումն է, որ պատասխանատուները փութով հաշիւ տան օրէնքի ամբողջ խստութեամբ։ Իրաւասու մարմինները շարժման անցած են այս ուղղութեամբ՝ պետական աւագանիի խստապահանջ հրահանգներով։
Թուրքիան թէեւ ցասումի, սուգի մէջ է, սակայն չէ ընկճուած։ Երկիրը ծանր կը տանի այս դէպքերուն հետեւանքները, սակայն չէ բարոյալքուած։ Որքան որ ալ խոր ըլլայ ժողովուրդին յուզումը, զօրակցութեան զգացումը, եղբայրութեան գիտակցութիւնը չէ թուլացած։ Հանրային կարծիքը անէծք կը տեղացնէ ահաբեկչութեան վրայ եւ յամառօրէն հաւատարիմ կը մնայ միասնականութեան ոգիին։ Միահամուռ մնալու, միութիւն պահպանելու հրամայականը կը բիւրեղանան առկայ ծանրակշիռ իրավիճակին մէջ։ Ահաբեկչութեան հերթական դրսեւորումը կու գայ վերահաստատել, որ ան չունի կրօն, ազգութիւն եւ իր որդեգրած նպատակները դատապարտուած են ձախողման՝ որքան որ ալ հարուածներուն պատճառած ցաւը ըլլայ մե՜ծ։ Պետութեան կը վիճակի ժողովուրդին պոռթկումը կառավարել ճարտար ձեւով, չափազանցութիւնները կրնան վնաս հասցնել երկրի գերագոյն շահերուն։ Հասարակութեան խաւերը, բացարձակապէս, օտարութեան զգացումէ պէտք չէ տարուին իրարու նկատմամբ, որովհետեւ պառակտումները եւ բեւեռացումները ձեռնտու կրնան ըլլալ միայն մութ ուժերու տեսնկէտէ։
Թուրքիա այսօր պէտք ունի աւելի քան երբեք զգօն ըլլալու, բայց ո՛չ յուսալքութեան։ Թուրքիան այսօր ունի բաւարար ներուժ՝ ահաբեկչութեան փորձանքը յաղթահարելու համար։ Երկիրը տէր է բոլոր նախադրեալներուն՝ իր դէմ բեմադրուած այս արիւնալի խաղը սնանկացնելու համար, հեղինակներուն տխուր ու դատապարտուած բոլոր հաշիւներով հանդերձ։ Խափանարարութիւնները միթէ պիտի կարենա՞ն կասեցնել Թուրքիոյ երթը։ Սա՞ է ճակատագիրը մեր երկրին։
Լաւագոյն դիմադրութիւնը միասնականութիւնն է, որ պիտի ցրէ մեր երկրի պայծառ երկնքին յայտնուած մռայլ ամպերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ