Տարօրինակ զեկոյց
Նախաձեռնարկ մարմինը (ՆՄ) այսօր զեկոյց մը հրապարակած է մեր մամուլին մէջ՝ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին շուրջ։ Ըստ էութեան, հիմնական նորութիւն մը չի բովանդակեր այդ զեկոյցը, ունի ինքնանպատակ բնոյթ։ ՆՄ կարիքը զգացած է ցարդ իր կողմէ կատարուած գործունէութիւնը յիշեցնելու եւ կարգ մը ակնարկութիւններով կամ կոչերով հանդէս գալու։ Տարօրինակ է, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը մատնուած է փակուղիի, սակայն զեկոյցին մէջ ՆՄ չէ անդրադարձած իր պատասխանատուութեան բաժնին։ Բնականաբար, միակ պատասխանատուն ՆՄ-ն չէ, սակայն եթէ առկայ է ձախողում մը, ապա ան չի կրնար պատասխանատուութենէ զերծ ըլլալ։
Այս զեկոյցով ՆՄ գանգատ կը յայտնէ մամուլի հաղորդումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն մասին։ Համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն կոչ կ՚ուղղուի՝ պատրիարքական ընտրութեան վրայ կեդրոնանալու համար։ Առանց անուն տալու գանգատ կը յայտնուի կարգ մը համայնքային վարիչներէ եւ ըստ երեւոյթին՝ այստեղ գլխաւոր թիրախն է Պետրոս Շիրինօղլուն, որ շաբաթներէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ ներկայ տեղապահով եւ ՆՄ-ով ընտրութեան ձեռնարկել հնարաւոր պիտի չըլլայ։
ՆՄ-ի հրապարակաւ վէճերու մէջ մտնելու երեւոյթը արդէն իր սնանկութեան ապացոյցն է։ Այս մարմինը գոյութիւն ունի առանձին, ինքնուրոյն ձեւով պատրիարքական ընտրութիւնը կազմակերպելու համար։ Հիմա կ՚երեւի իր իսկ անգործութեան խոստովանութիւնն է, որ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն կոչ կ՚ուղղէ՝ ընտրութեան վրայ կեդրոնանալու պահանջով։ Եթէ անոնք պէտք է կեդրոնանան ընտրութեան վրայ, ապա ՆՄ ինքը ի՞նչ պիտի ընէ։ Ի՞նչ տրամաբանութիւն։
ՆՄ-ին զեկոյցը համայնքային ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ յառաջացած մոլորութեան մը դրսեւորումն է պարզապէս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ