Սուրբ Խաչ դպրեվանքի վերջին ձեռքբերումները նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծեն համայնքին առջեւ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ստորագրութեամբ համայնքային մամուլին մէջ երէկ լոյս տեսաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը, որ կը կրէր «Շնորհակալիք» խորագիրը։ Բովանդակութիւնը պարզ շնորհակալութենէ մը շատ աւելին էր անշուշտ։ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը այսպէսով մեր համայնքը պաշտօնապէս տեղեակ պահեց՝ վերջերս պետութեան կողմէ իրեն փոխանցուած գումարներուն շուրջ։

Դպրեվանքի ընտանիքը երկար տարիներէ ի վեր հետամուտ էր երկու հիմնական դատերու։ Անոնցմէ մին էր Պուլկուրլուի տարածքի գործը, իսկ միւսը՝ Ֆէնէրպահչէի յարկաբաժիններու գործը։ Համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած անպաշտօն լսումներու հիման վրայ անցեալ շաբաթ արդէն այս նիւթին վերաբերեալ ամփոփ գիծերու մէջ հաղորդում մը ըրած էինք։ Խնամակալութեան կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնով հիմա արդէն ամէն ինչ շատ աւելի յստակ դարձած է։ Ինչպէս յայտարարութեան մէջ ալ նշուած է, իրաւաբանական անձի կարգավիճակի վերաձեռքբերումէն վերջ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը մեծ ոստում մը ըրաւ։ Փոքրամասնութիւններու պարագային պետութեան կողմէ որդեգրուած դրական վերաբերմունքէն ալ օգտուելով՝ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը շատ նպատակասլաց ձեւով արժեւորած է անցեալ շուրջ վեց տարիներու ժամանակաշրջանը։ Թէ՛ Դպրեվանքի եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերում մը խնդրոյ առարկայ է եւ իսկապէս պէտք է շնորհաւորել խնամակալութեան կողմէ տարուած յամառ աշխատանքը, մղուած իրաւական պայքարը։

Թէեւ յայտարարութեան մէջ որեւէ խօսք չկայ փոխանցուած գումարներուն շուրջ, սակայն խնամակալութեան աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ խօսքը կը վերաբերի 26 միլիոն 500 հազար լիրայի մակարդակով գումարի մը։ Վերջին տարիներուն խնամակալութիւնը արդէն զանազան առիթներով տեղեկացուցած է, որ 25 միլիոն լիրայի մակարդակով հատուցում մը կ՚ակնկալէ։ Անցեալ ժամանակաշրջանին բանած են նաեւ տոկոսները եւ գումարը հասած է այսօրուան մակարդակին։ Տակաւին խնամակալութեան հաշուարկներուն եւ պետութեան կողմէ փոխանցուած գումարներուն միջեւ կայ որոշ տարբերութիւն մը, ինչ որ ծնունդ կ՚առնէ տոկոսներու հաշուարկէն։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին դատական իշխանութիւններու միջոցաւ խնամակալութիւնը պիտի փորձէ հետամուտ ըլլալ նաեւ այդ տարբերութեան հաւասարակշռուելուն։ Անշուշտ, սա կ՚ենթադրէ դատական գործընթաց մը։ Իսկ Ֆէնէրպահչէի ութ յարկաբաժիններու կալուածաթուղթերը այս օրերուն իսկ պիտի առնուին խնամակալութեան կողմէ եւ այդ յարկաբաժինները պաշտօնապէս պիտի դառնան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սեփականութիւնը, այլ խօսքով՝ համայնքապատկան կալուածներ։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը վերջին տարիներուն միշտ կը գործէ որոշ տեսլականով մը եւ հիմա արդէն շատ աւելի լուրջ հնարաւորութիւններ ունի այդ տեսլականը կեանքի կոչելու առումով։ Յառաջիկայ շրջանին Դպրեվանքը կրնայ վերածննդեան շրջան մը ապրիլ՝ իր հարուստ աւանդութիւններուն միացնելով արդի ձեռքբերումներ։

Դպրեվանքի ձեռքբերումները, առանց չափազանցութեան, նոր հորիզոններ կրնան ուրուագծել նաեւ մեր ամբողջ համայնքի առջեւ։ Թրքահայութիւնը ներկայիս լուրջ փորձութիւններու շրջանէ մը կ՚անցնի։ Համայնքը ծանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Վարժարաններու պիւտճէի բացերը սառցալերան միայն տեսանելի բաժինը կը հանդիսանայ։ Կրթական կեանքը պէտք է ընդհանրապէս վերակազմակերպուի։ Մետայլի միւս երեսակին, այդ գործը կախում ունի վարչակազմակերպչական նոր մտայնութեան մը հաստատուելէն։ Դպրեվանքի այս վերջին ձեռքբերումները պէտք է խրախուսեն մեր համայնքը այդ բարեփոխումներու եւ մտայնութեան փոփոխութեան ճանապարհին վրայ։

Թէ՛ Դպրեվանքի եւ թէ լուրջ հարստութիւն տնօրինելու մակարդակին հասած մեր միւս հաստատութիւնները այսօր ճակատագրական նշանակութիւն ունին մեր համայնքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, համայնքային կառոյցներու ցանցի ձգողականութիւնը բաւական տկարացած է իր ամբողջութեան մէջ։ Միայն ամուր հաստատութիւնները, հզօր կառոյցները կրնան բարձրացնել իրենց ձգողականութիւնը եւ համախմբել նաեւ մեր համայնքը։ Ուստի, այժմու հրամայականն է, որ համայնքային վարիչները գիտակցին նոր ձեռքբերումներու խոստացած հեռանկարներուն եւ ամրապնդեն համագործակցութեան, զօրակցութեան ոգին՝ որպէսզի մեր համայնքը կարողանայ յաղթահարել առկայ խուճապի հոգեբանութիւնը եւ առարկայական կարիքներու հաշուարկով մը կարողանայ նախապատրաստել իր ապագան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2018