ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԵՒ ԱՆՄԱՀ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ մորթաբան Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան։ Այս կորուստը բառին բուն իմաստով սուգ մըն է մեր համայնքին համար։ Յակոբ Կոթողեանի հրաժեշտը անփոխարինելի նշանակութիւն ունի՝ հաշուի առնելով թէ՛ իր մասնագիտական կարողութիւնները եւ թէ իր մարմնաւորած կերպարը։ Արդարեւ, ան այնպիսի համբաւ մը ձեռք բերած եւ իր անուան շուրջ այնպիսի վարկ մը ապահոված էր, որ իսկապէս պատիւ կը բերէր մեր ամբողջ համայնքին։

Յակոբ Կոթողեան սերնդակիցներուն վիճակած բոլոր դժուարութիւններէն առաւել չափով բաժին ստացած, փոքր տարիքի մէջ իսկապէս դժբախտ ձեւով հաշմանդամ մնացած, սակայն իր աննկուն կամքով եւ Նախախնամութեան կողմէ իրեն շնորհ-ւած հանճարով կեանքի պայքարի մէջ յաղթանակած եզակի անձնաւորութիւն մըն էր։ Կ՚երեւի իր նկարագրին տեսակէտէ յարմարագոյն ասպարէզը ընտրած էր՝ նուիրուելով բժշկութեան։ Իր պայմաններով կեանքի պայքարի մէջ յաղթանակելու միակ ճանապարհը, հիմնական նպատակը ուրիշներուն ծառայելը եւ ուրիշները ուրախացնելն էր։ Նախախնամութեան կողմէ իրմէ զլացուած ամէն ինչին դէմ Յակոբ Կոթողեան դիմադրեց գիտութեան մէջ յառաջանալով եւ իր արձանագրած զարգացման պտուղները համամարդկային ըմբռնումով բոլորին մատուցելով։ Ան միշտ համեստ էր, հաղորդական։ Իր ձեռք բերած հեղինակութիւնը զինքը բոլորի ընկալումներուն մէջ իսկապէս վեհ դիրքի մը վրայ կը բարձրացնէր, սակայն մարդկային շփումներու մէջ Յակոբ Կոթողեան անկրկնելի անմիջականութեան, անկեղծութեան ախոյեան մըն էր։ Իր հիւանդներուն մէկ կողմէ անբացատրելի վստահութիւն մը կը ներշնչէր, իսկ միւս կողմէ անոնց սիրտը այնպէս մը կը գրաւէր, որ իր նախատեսած դարմանումները արդէն կը վերածուէին հաճելի պարտականութեան։

Յակոբ Կոթողեան Հանրապետական շրջանի մեր համայնքի ծոցէն հասած ամենավառ անհատականութիւններէն մին էր։ Գիտական աշխարհի մէջ նուաճած բարձունքներով, տեղական հասարակութեան մէջ հասած դիրքով հանդերձ ան միշտ մեր համայնքին մէջ էր, իր հարազատ ժողովուրդին հետ էր։ Եղած էին շրջաններ, երբ Յակոբ Կոթողեանի դարմանատունէն ժամադրութիւն մը ապահովելու համար անհրաժեշտ կը դառնային ամիսներու սպասումներ։ Նոյնիսկ այդ ծանրաբեռնուած աշխատանքի տարիներուն ան իր խնամքէն ու հոգածութենէն դուրս չէր թողուր իր հարազատ ժողովուրդի անդամները։ Կը պատահէր, որ իր այցեգինը տասնամապատիկ վճարելու պատրաստ մարդիկ հերթի կանգնած կ՚ըլլային իր դարմանատան դրան առջեւ, իսկ Յակոբ Կոթողեան ծրագրին մէջ կը յաջողէր ճարել պահ մը, բանալ պզտիկ պատուհան մը՝ իր խնամքին կարօտ հայ հիւանդի մը քանի մը րոպէ տրամադրելու համար։ Ու բոլորը գիտէին եւ կը հասկնային, թէ սա ո՛չ քմահաճ նախապատուութեան մը տրամադրումն էր եւ ոչ ալ ազգայնականութիւն մը։ Այլ Յակոբ Կոթողեան սեփական ժողովուրդին նկատմամբ երախտագիտութեան տուրքը կը հատուցէր ծանր աշխատանքի շրջանին յատկացուած այդ րոպէներով։

Տասնամեակներ շարունակ Յակոբ Կոթողեան հասցուցած էր սերունդներ։ Թուրքիոյ մէջ այսօր դժուար թէ գտնուին բժիշկներ, որոնք իմացած չըլլան Յակոբ Կոթողեանի անունը եւ երկիւղով չտոգորուին երբ խօսք բացուի «Քոլսուզ»ին մասին։ Այդ ամբողջ յարգանքին վառ դրսեւորումը եղած էր մօտաւոր անցեալին իրեն համար կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութիւնը՝ երբ այլեւս յառաջացած տարիքի բերումով հրաժեշտ կ՚առնէր բժշկական համալսարանի մորթաբանութեան ամպիոնի գլուխէն։

Իր ասպարէզէն դուրս ալ իւրայատուկ դէմք մըն էր Յակոբ Կոթողեան։ Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր, հասցուցած էր երկու օրինակելի զաւակ՝ ի շարունակութիւն իր կողակցին հետ կազմած երջանիկ բոյնին։ Իսկական մարզասէր մըն էր։ Կը համակրէր «Ֆէնէրպահչէ» մարզակումբին, որու մարզադաշտի պատուոյ օթեակին մէջ երկար ժամանակ ունեցած էր իր առանձնացուած բազկաթոռը։ Ընկերային շրջանակներէ ներս մեծ համակրանք վայելող, մէկ ըսածը երկու չեղած, համատարած սիրոյ արժանացած դէմք մըն էր Յակոբ Կոթողեան։

Դժբախտաբար, կեանքի դառն իրողութիւնը այնպէս է, որ կեանք մը որքան որ ալ լիուլի ապրուած ըլլայ, յամենայնդպէս ունի վերջ մը։ Յակոբ Կոթողեանի կեանքի վախճանը, որքան որ ալ ունենայ առանձնայատկութիւններ, մարդկային անխուսափելի ճակատագրի հետեւանքն է։ Ան այս աշխարհէն հրաժեշտ կ՚առնէ՝ նախ Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած կեանքը առաւելագոյնս արժեւորած ըլլալով։ Յետո՛յ, Յակոբ Կոթողեանի համազօր հանրութեան օգուտ բերած անձեր իսկապէս հազուագիւտ են եւ ինքը յետ մահու ալ նուաճում մը կ՚ունենայ՝ այդպիսիներու շարքին դասուելով եւ համապատասխան ձեւով իր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ քանդակուելով։ Մերօրեայ սերունդներու ապրումներուն մէջ Յակոբ Կոթողեան ունի անջնջելի հետք մը։ Մեր համայնքէն բազմաթիւ մարդիկ կրնան վկայել, թէ աշխարհի զանազան անկիւններէն դարմանի որոնումով իրեն փութացած հիւանդները կը բուժէր հրաշագործութեան համազօր ձեւով՝ չնչին գինով դեղեր յանձնարարելով անոնց։

Եւ այսպէս «Ակոբ հոճա»ն, «Քոլսուզ Յակոբ»ը կը բռնէ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը։ Եթէ միայն իր դարմանած հիւանդներէն կենդանի մնացածները կարելի ըլլայ համախմբել իր յուղարկաւորութեան համար, ապա վստահաբար անբաւարար կը մնայ մեծկակ հրապարակի մը տարողութիւնը։ Ահա այդպիսի վիթխարի սիրոյ մը առարկայ դարձած ըլլալու թեթեւութեամբ իր հոգին կը բարձրանայ երկինք, մինչ բոլորը իրենց վերջին խոնարհումը կը բերեն Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յիշտակին առջեւ ու կ՚աղօթեն, որպէսզի ան արժանանայ երկնային լուսեղէն պսակներուն։ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի անունը կը մնայ վառ   ու վստահաբար տակաւին երկար առիթ կը հանդիսանայ ներշնչանքի։

Այս տխուր առթիւ մեր խոնարհումը կը բերենք անթառամ յիշատակին առջեւ՝ խորազգած վշտակցութիւններ յայտնելով իր այրիին, զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018