Հիւրերու դիմագիծը

Յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին ո՛վ, ո՛ւր պի­տի եր­թայ։ Ո՛ր ղե­կա­վա­րը պի­տի նա­խընտ­րէ ո՛ր հաս­ցէն. Հա­յաս­տա՞ն, թէ Թուր­քիա, Ծի­ծեռ­նա­կա­բե՞րդ, թէ Չա­նաքքա­լէ։ Այս հար­ցու­մը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր ի­մաստ մը կը ստա­նայ հայ­կա­կան հար­ցին տե­սան­կիւ­նէն։ Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան ա­ռանց­քին վրայ կ՚ապ­րուի ազ­դե­ցու­թեան մեծ պայ­քար մը՝ հա­ւա­նա­կան հիւ­րե­րու դի­մագ­ծին բե­րու­մով։ Նա­խա­տե­սուած ո­գե­կո­չում­նե­րու հա­ւա­նա­կան մաս­նա­կից­նե­րուն այս տե­սան­կիւ­նէն լուրջ ի­մաստ կը վե­րագ­րուի եր­կու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մօտ։ 

Քա­րոզ­չու­թեան պայ­քա­րը, հասկ­նա­լիօ­րէն, սաստ­կա­ցած է այս փու­լին։ Ան­գա­րա այժ­մէն ա­պա­հո­ված է Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ա­լիե­ւի եւ Մի­ջին Ա­սիոյ կարգ մը թրքա­խօս պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Ե­րե­ւա­նի հետ ժա­մադ­րուած­նե­րու շար­քին կը գտնուին Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օ­­լանտ եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փու­­թին։ Որ­քան որ ալ քա­րո­զար­շա­ւը սաստ­կա­ցած ըլ­լայ, ա­պա եր­րորդ կող­մե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն ա­ռու­մով՝ հա­ւա­սա­­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը դժո­ւար թէ փո­խուին էա­պէս։ Աշ­խար­հի այ­սօ­րուան պայ­ման­նե­րով Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան կը դժուա­րա­նան նոր դիր­քեր, շար­քեր նուա­ճել։ Առե­րե­ւոյթ կ՚ապ­րուի մեծ ար­շաւ մը, սա­կայն խոր­քին մէջ կող­մե­րը տրա­մադ­րուած են խիստ պաշտ­պա­նո­ղա­կան։ Իւ­րա­քան­չիւ­րը կը ձգտի պահ­պա­նել իր ու­նե­ցած նուա­զա­գոյ­նը։ 

Տակաւին յստակ ազդանշաններ չկան Ուաշինկթընի ղեկավարութեան կողմէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ինչպէս միշտ, այս հարցին շուրջ կը նախընտրէ գործել ծայր աստիճան վերապահ, գերադասելով իր առաջնահերթ շահերը։

Այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ կող­մե­րը իս­կա­կան նուա­ճում­նե­րու պի­տի կա­րե­նան հաս­նիլ միայն մէկ պայ­մա­նով. ե­թէ կա­րե­նան լե­զու գտնել ուղ­ղա­կիօ­րէն ի­րա­րու հետ։

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015