ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՊԱՀ ՄԸ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը այս շաբթուան սկիզբին կ՚ենթադրէ կարեւոր իրադարձութիւններ։ Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան գործընթացը ներկայ շաբթուան առաջին կէսին թեւակոխած պիտի ըլլայ գործնական փուլ։ Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է տեղապահի ընտրութեան վրայ, որ նախատեսուած է այս Չորեքշաբթի։ Ինչպէս արդէն յայտարարուած է պաշտօնապէս, տեղապահի ընտրութեան պիտի յաջորդէ նախաձեռնարկ մարմնի մը կազմուիլը։ Տեղապահին գլխաւորութեամբ նախաձեռնարկ մարմինը գործնականօրէն պիտի կազմակերպէ պատրիարքական ընտրութիւնը, որու իրականացման համար շփման մէջ պիտի անցնի նաեւ պատկան իշխանութիւններուն հետ։
Այսօր յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կրօնական ժողովի նիստ։ Երեկոյեան ալ Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) հերթական նիստը կը գումարէ։ Այս երկու ժողովներուն թուականը համընկնած է պատահաբար։ Գումգաբուի այսօրուան Կրօնական ժողովի նիստը ունի նախապատրաստական բնոյթ՝ Չորեքշաբթի, Մարտի 15-ի Եկեղեցական համագումար-ժողովին ընդառաջ։ Ծանօթ է, որ Եկեղեցականաց համագումարը պիտի ընտրէ պատրիարքի տեղապահը։ Այս պաշտօնը ստանձնելու համար թեկնածու են Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ հարցերը քննարկելու ժամանակ, այս երեք սրբազանները համաձայնած էին՝ որպէսզի հաւասար պայմաններով մասնակցին տեղապահի ընտրութեան։ Ահա այդ հիման վրայ անոնք տեղապահի թեկնածու են եւ վերջնական խօսքը կը վիճակի մեր Աթոռի հոգեւոր հայրերուն՝ անոնց հասարակաց մտքին, անոնց ժողովականութեան արդիւնքին։ Ազգային-եկեղեցական շրջանակներու աւանդական մօտեցումը միշտ եղած է այն, որ ժողովականութիւնը ունի նուիրականութիւն մը, ուստի թրքահայ հոգեւորականաց դասը հաւաքական մտքի ու եկեղեցականի ջիղի ներգործութեամբ պիտի կատարէ այս պատասխանատու ընտրութիւնը՝ ըստ պատշաճի։
Տեսականօրէն թէեւ երեք սրբազաններ թեկնածու են տեղապահի պաշտօնին համար, սակայն գործնականօրէն կայ երկու թեկնածու։ Արդարեւ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մրցակցութենէն դուրս եկած է, ի նպաստ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։ Այսինքն, տեղապահի անխուսափելի թեկնածուներն են՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Այս երկու անուններէն մին Եկեղեցական համագումարի կողմէ պիտի կոչուի տեղապահի պաշտօնին, եթէ անշուշտ վերջին պահուն անակնկալ մը չպատահի։
Իւրաքանչիւր պատրիարքական ընտրութենէն առաջ տեղապահի մը ընտրութիւնը ընթացիկ երեւոյթ մըն է թէեւ, սակայն այս անգամ արտասովոր իմաստ մը ստացած է այս քայլը՝ մանաւանդ, որ արտակարգ իրադարձութիւններու կը յաջորդէ տեղապահի ընտրութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռը գործնականին մէջ թափուր է ինն տարիէ ի վեր, սակայն տակաւին միայն անցեալ աշնան տեղի ունեցած Եկեղեցական համագումարէն վերջ այդ հանգամանքը հռչակուած է պաշտօնապէս։ Այսինքն, շուրջ չորս ամիսէ ի վեր հանգստեան կոչուած պատրիարք մըն է Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան։ Երկարաշունչ եւ յոգնեցուցիչ տարիներէ վերջ մեր համայնքը կ՚ակնկալէր ի վերջոյ ձեռնարկել ընտրութեան։ Բայց եւ այնպէս, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին համայնքային կեանքը փոթորկալից եւ աղմկարար իրադարձութիւններով ողողուեցաւ։ Իրերայաջորդ ցնցումներ ապրուեցան մեր հաւաքական կեանքէն ներս, ինչ որ համատարած յոռետեսութիւն ստեղծեցին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ապագային տեսակէտէ։ Այդ տագնապը ձեւով մը շրջանցուեցաւ կամ յաղթահարուեցաւ եւ ներկայիս տեղապահի ընտրութիւնով վերջնականօրէն պիտի վերահաստատուի, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը վերադարձած է իր բնականոն հունը։ Սա է այն հիմնական հանգամանքը, որ արտասովոր իմաստ մը կը վերագրէ այս անգամուան տեղապահի ընտրութեան։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ակամայ մրցակցութիւն մըն ալ ստեղծուած է տեղապահի ընտրութեան սեմին։ Պարզ է, որ պատրիարքական ընտրութեան այսքան յապաղիլը մեր համայնքին տեսակէտէ ձախողում մը կը նշանակէ հաւաքական առումով։ Եւ այդ կէտին վրայ ներկայ համայնապատկերը կը ցոլացնէ երկու հիմնական հանգամանք։ Առաջին՝ մեր համայնքը միայն ու միայն հաւաքական կամքով ու միասնական ուժերով կրնայ առկայ հաւաքական ձախողման էջը թերթել։ Երկրորդ՝ տեղապահի ընտրութիւնով պէտք է բանալ նոր էջ մը, այլ այդ մէկը պէտք չէ վերածել մօտաւոր անցեալի հաշուեյարդարի միջոց։ Այս երկու տարրերուն մէջ ինքնաբերաբար կը բիւրեղանայ նաեւ երրորդ ու ամենակենսական պարագան։ Համայնքը յառաջիկայ շրջանին իր ամբողջ եռանդը, ներուժը եւ հնարաւորութիւնները պէտք է ի սպաս դնէ կէտ նպատակի մը համար, պէտք է կեդրոնացնէ պատրիարքական ընտրութեան վրայ։ Այդ կէտ նպատակէն շեղումը կրնայ դարձեալ ծանր հետեւանքներ ունենալ։ Հետեւաբար, հաշուի պէտք է առնել, որ տեղապահի ընտրութիւնը կարեւոր միջանկեալ փուլ մըն է, սակայն հաշուեյարդարի մը բեմահարթակը չէ։
Եկեղեցականաց համագումար-ժողովին ընդառաջ, բնականաբար, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն վրայ։ Սա հասկնալի է, որովհետեւ ընտրութեան իրաւունքը վերապահուած է անոնց։ Վերջին շաբաթներուն, մեղմ խօսքով, մեր համայնքի բոլոր շրջանակները եկեղեցականաց դասու անդամներու նկատառման յանձնած են իրենց մօտեցումներն ու սպասումները։ Նոյնիսկ, կարգ մը աշխարհական վարիչներ կամ գործիչներ անոնց մօտ քուլիսային աշխատանք տարած են՝ իրենց նախընտրած թեկնածուներուն համար։ Ներկայիս, ըստ երեւոյթին, աւելորդ է բոլոր ապրուածները դնել կշիռքի վրայ։ Դիտարկենք դրական տեսանկիւնէ. լաւ է, որ բոլորը ըսած է իր խօսքը եւ ամէն մարդ հնարաւորութիւն ունեցած է անկաշկանդ ձեւով գործելու։ Եկեղեցական համագումարի ընթացքին այդ բոլորը պիտի մաղուին հոգեւոր հայրերու հաւաքական մտքով եւ անոնք պիտի կատարեն իրենց նախընտրութիւնը։
Կանխաւ պէտք է համաձայն գտնուիլ սկզբունքի մը։ Համագումարի անդամներուն խղճի ազատութիւնը, ազատ կամքի դրսեւորումը պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ մեր համայնքին կողմէ։ Պէտք է վստահիլ անոնց, պէտք չէ ստորագնահատել կամ արհամարհել զանոնք։ Հայ եկեղեցականի կոչումի գիտակցութեամբ, մեր Պատրիարքական Աթոռի պատմական ժառանգութեան ներթափանցած ոգիով, այս Աթոռի հոգելոյս գահակալներու լուսեղէն կերպարով առաջնորդուելով՝ անոնք պիտի կատարեն ընտրութիւն մը։ Ո՛վ որ ալ ընտրուի տեղապահ՝ պէտք չէ կասկածիլ ժողովականներու առողջ դատողութենէն եւ դրական ձգտումէն, բարի կամեցողութենէն։
Եթէ մեր համայնքը պատուով, բաց ճակատով դուրս գայ տեղապահի ընտրութենէն, ապա լուրջ պատնէշ մը յաղթահարած պիտի ըլլայ պատրիարքական պատշաճ ընտրութիւն մը կատարելու ճանապարհին։ Ընտրուելիք տեղապահը մեր համայնքի բոլոր զաւակներու աղօթակցութեան կարիքը պիտի ունենայ՝ իրեն վստահուելիք առաքելութիւնը իրականացնելու եւ իր ջանքերով արդարանալու ճանապարհին։ Պատրաստ ըլլանք համախմբուելու տեղապահին շուրջ։ Պատրաստ ըլլանք աղօթելու անոր համար. ո՛վ որ ալ ըլլայ ան։ Մեծ պահոց խորհրդաւոր ներկայ օրերուն, հոգեւոր զօրակցութեան մէջ ըլլանք մեր եկեղեցական դասու անդամներուն հետ՝ որպէսզի Սուրբ Հոգին ուղեցոյց ըլլայ իրենց եւ անոնց Համագումար-ժողովը ծնի բարիք մեր Աթոռին, մեր համայնքին ու մեր ամբողջ ժողովուրդին համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ