ԱՆՀԱՏ, ՀԱՅՐ, ԻՐԱՒԱԲԱՆ, ՔԱՀԱՆԱՅ, ՀԵՂԻՆԱԿ…
Բոլոր կառոյցները աշխարհի վրայ թէեւ կը հիմնուին անձերու կողմէ, սակայն, առաջին իսկ քայլափոխին կ՚ունենան լիարժէք կայանալու, ամբողջական իմաստով հաստատութիւն մը դառնալու ձգտումը։ Սա է, ըստ էութեան, կատարելագործումի եւ վերելքի ճանապարհը։ Կայանալ, հաստատութենանալ կը նշանակէ հնարաւորինս անկախանալ անհատներէ, անձնական գործօնէ։ Այլ խօսքով՝ այնպիսի համակարգ մը ստեղծել, որ տարրերը ունենան փոխլրացման բարձր ընդունակութիւններ, կարողութիւններ եւ համապատասխան ճկունութիւնով կառոյցի մեքենայականութիւնը, յարատեւութիւնը երաշխաւորուին։ Շատ յաճախ, լիարժէք կայանալը, հաստատութենանալը ուղիղ համեմատութեան մէջ են շարունակականութեան գործօնին հետ։ Մեծ գաղտնիք մը կը պարփակէ հետեւողականութիւնը, խորհուրդ մը ունի։
Ամէն կառոյց, հանրային կամ մասնաւոր, նախաձեռնութենէ մը ծնունդ կ՚առնէ, սակայն, անոր բո՛ւն էութիւնը կախում կ՚ունենայ առաքելութեան հունէն եւ արգասիքներու բնոյթէն. մտաւոր արտադրութեան պարագային՝ առաւել եւս, անշուշտ։ Մտաւոր արտադրանքը միշտ կ՚ունենայ հանրային երեսակ մը եւ կ՚առընչուի հաւաքական պատասխանատուութեան հանգամանքներու հետ։ Աւելի՛ն, մտաւոր արտադրութեան պարագային այս բոլորը անկախ են արհեստավարժութեան կամ սիրողականութեան երեւոյթներէն, որովհետեւ միշտ ի զօրու կ՚ըլլան հանրութեան առջեւ յանձնառութիւններու տեսակէտէ խնդիրներ։
Տեսական այս շրջանակին մէջ, հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի շարք մը առանձնայատկութիւնները կը բիւրեղանան յատկանշական ձեւով։ Արդարեւ, այստեղ շարունակականութեան պարագան շատ յաճախ կը դրսեւորուի սերունդներու յաջորդականութեան ձեւով եւ շատ հիմնական գործօնի մը վերածուած է թերթի լիարժէք կայացման առումով՝ նուիրականացած ու վերահաստատուած տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ։ Սերունդներու յաջորդականութեան հանգամանքը այս պարագային պարփակած է՝ նուիրում, կարգապահութիւն եւ զոհողութիւն. ազդակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը երկարակեաց մտաւոր արտադրութեան եւ հանրային ծառայութեան խթան դարձած են միանշանակ։ Կարկինը աւելի լայն բանալու պարագային ալ՝ մանաւանդ սփիւռքեան իրականութեան մէջ, կարելի է թուարկել բազում կառոյցներ, որոնց հաստատութենացման ճանապարհին անհատի հետեւողականութեան գործօնը եղած է անփոխարինելի եւ նուիրական։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարաւոր ոդիսականին տեւողութեան Գալփաքճեան գերդաստանի սերունդներու ներդրումն ալ ունեցած է նմանաբնոյթ նշանակութիւն։ Խօսքը կը վերաբերի մարդոց, որոնք այս թերթի հիմնադրութեան օրէն սկսեալ ներկայութիւն ունեցած են անոր խմբագրակազմին ու խմբագրատան մէջ։ Իրարու հպարտօրէն կցուած, օղակներու նման իրարու մէջ անցած անուններու շղթայի մը մասին է խօսքը։ Կարգապահ արտադրութիւնով, հաստատութեան նկատմամբ անմնացորդ նուիրումով եւ ազգային մշակոյթի ու մայրենի լեզուի հանդէպ զոհողութեան տրամադրութիւններով տոգորուած անուններ կը տողանցեն մեր յիշողութեան մէջ։ Մեր մօտ այդ յիշողութիւնը միշտ արթուն ու թարմ է ո՛չ միայն անոնց՝ պոլսահայ տարեգրութիւններուն մէջ արձանագրուած երախտաշատ սպասաւորութիւնով, այլեւ մանկական տարիներէ սկսեալ ընտանեկան երէցներու կողմէ մեզի աւանդուած վառ ու քաղցր վկայութիւններով։
Արժանապատիւ տ. Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեան այս գրքի հրատարակութեան առթիւ պատուանդանի վրայ է՝ որպէս իր գերդաստանի շղթայուած պանծալի անուններու մերօրեայ օղակը։ Իր բազմատասնեակ տարիներու ծով արտադրութեան փայլուն խտացումը կը հանդիսանայ այս հատորը։ Բնականաբար, անխուսափելիօրէն, այս գիրքը քաղուածք մըն է, հատընտիր մըն է, նմոյշներու համադրութիւն մըն է, յամենայնդէպս, ամբողջական ու կատարեալ պատկեր մը կը ցոլացնէ հեղինակի ո՛չ միայն արտադրանքին, այլեւ դաւանած արժեհամակարգին եւ իւրացուցած զգայնութիւններուն առումով։ Կանխաւ յայտնենք, որ այս յաջողութիւնը արձանագրուած է շնորհիւ այն վիթխարի մասնագիտական աշխատանքին, զոր այս գիրքը կազմելու ժամանակ տարուած է հայ դպրութեան մերօրեայ նուիրեալներէն, մեզի համար այնքան սիրելի ու համակրելի Վարանդ Քորթմոսեանի կողմէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը տասնամեակներ շարունակ եղած է արժանապատիւ տ. Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեանի արտադրութեան անփոփոխ հարթակը, այն մշտական օրրանը, ուր ան մտքի արգասիքը բաժնած է ընթերցողին հետ։ Այդ ուղեւորութեան ամբողջին մէջ հեղինակը մարմնաւորած է զանազան կերպարներ։ Նա՛խ հանդէս եկած է՝ որպէս իր ազգային մշակոյթին ու մայրենիին յամառօրէն հետամուտ երիտասարդ։ Յաջորդած է իրաւաբանը, որով պայմանաւորուած խորութիւնը եզակի իմաստ կը վերագրէ իր պաշարին։ Վրայ հասած է հայրը, ինչ որ ապահոված է՝ իր որդեգրած կեանքի փիլիսոփայութեան յարափոփոխ ժամանակներու մէջ արդարանալը։ Ի վերջոյ ալ քահանան, որու սքեմը հասունութեան պատմուճանի մը վերածուած է իր վրայ՝ վերաօծուելով ու վերկոչուելով հայ դպրութեան մեծանուն հիմնադիր սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անունով։ Պատահականութի՞ւն… Հեղինակի անձին մէջ միահիւսուած կերպարները ուղղակիօրէն տարբեր կշիռ մը կու տան «Կեանքը որ կ՚ապրինք»ին, որուն կը թափանցենք այս գիրքով։
Արժանապատիւ տ. Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեանի հրապարակագրական գործունէութիւնը այս հատորով առաջին անգամ ընթերցասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ կը դրուի գրքի մը ձեւաչափին մէջ։ Սա պարզ յօդուածներու ժողովածու մը չէ, որովհետեւ անով ծնունդ առած համայնապատկերին վրայ կ՚ուրուագծուին հեղինակի ապրած եւ ստեղծագործած ամբողջ ժամանակաշրջանի մը առանցքները։ Բանալիներ կը մատուցուին՝ հասկնալի դարձնելով, որ ի՛նչ գին ու ի՛նչ փոխարժէք ունեցած է թրքահայ տուեալ սերունդներուն տեսակէտէ հայկական ինքնութեան հաւատարիմ մնալը, հայկական դիմագիծ պահելը եւ լայն հասարակութեան որպէս այդպիսին ներգրաւուիլը՝ ըլլալով մարդ, քաղաքացի, անհատ ու մասնագէտ։ Այստեղ արտայայտուած կամ ներկայացուած փորձառութիւնը նաեւ լոյս կը սփռէ այս առումով տեղատուութիւններու եւ մակընթացութիւններու ընդհանուր հաշուեկշիռի մը վրայ, անշուշտ, հեղինակի կեանքի վերաբերեալ ձգտումներու եւ որոնումներու յարաբերակցութեան պրիսմակէն։ Սա հայելի մըն է՝ դիտարկելու համար այն խաչմերուկը, որու վրայ կը հատուին թրքահայութեան անցեալն ու ապագան։ Հետեւաբար, այս գիրքը լոկ երախտագիտական հատուցում մը չէ հեղինակին նկատմամբ, այլ պատասխանատուութեան պարտք մը սերունդներու առջեւ՝ ապացուցանելու համար, որ հայ դպրութեան յարատեւութեան հիմնական մղումը հարազատ ժողովուրդին ուղղելիք ազնիւ խօսք մը ունենալը, անոր հետ բարի կամեցողութեամբ, համեստօրէն ու հաւաքական գիտակցութիւնով մտքի արգասիքներ բաժնելն է՝ դաշտը զերծ պահելով կուռքանալու ձգտումով ապականացնողներէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան համար մեծագոյն հաճոյքը եղած է ընդառաջել Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի պատուարժան վարչութեան առաջարկին, որ կը վերաբերէր այս գրքի պատրաստութեան։ Այս համատեղ հրատարակչական ծրագրին կեանքի կոչուիլը մեծ նշանակութիւն ունի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ կը համարուի կարեւոր ներդրում մը պոլսահայ՝ վաղուց, ափսոս, գունատած մտաւորական կեանքին։ Այս համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի պատուարժան վարչութեան՝ գլխաւորութեամբ ժրաջան ատենապետ տիար Սարգիս Քիւլէկէչի, որ ամուր կամք ցուցաբերած է լծակից ընկերներուն մտայղացումը իրագործելու ճանապարհին։
Անկեղծօրէն երախտապարտ ենք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ օրհնութեան գիր մը շնորհած է այս գրքին համար։ Նոյնպէս շնորհապարտ ենք Թաթարեաններու ազնուաշուք ընտանիքին, որ այս հատորին մեկենաս եղած է՝ ի ոգեկոչումն իր բարեյիշատակ ծնողաց, որոնց բարոյական ներկայութեան առջեւ մեր խոնարհումը կը բերենք։ Երանութեամբ ու ջերմութեամբ կը վերյիշենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անմոռանալի աշխատակիցներէն հոգելոյս Գրիգոր Գալփաքճեանը՝ հեղինակի բարեյիշատակ հայրը, որու շիրիմին խորհրդանշական խնկարկութիւն մըն է այս հատորը։
Անսահման շնորհակալութեան եւ բարձր գնահատանքի բաժին մը ունինք՝ վերապահուած մեր սիրելի գործընկեր Վարանդ Քորթմոսեանին՝ որ մանրակրկիտ ու համբերատար աշխատանքով, մասնագիտական հմուտ հայեացքով կազմած է այս գիրքը։ Եթէ չըլլար իր վաստակը, եթէ ան յանձն առած չըլլար այս պատասխանատուութիւնը ու մանաւանդ՝ եթէ պակսէր իր նախանձախնդրութիւնը, ապա դժուար թէ հրատարակուէր այս գիրքը։
Հուսկ, վարձքը կատար մեր արժանապատիւ ու սիրեցեալ տ. Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեանին, որու աչքին լոյսը տասնամեակներ շարունակ շողաց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն, բայց, կայ նաեւ տակաւին շա՜տ աւելին՝ քանի իր հանապազօրեայ աղօթքը կենսական գործօն մը եղած է այս օրաթերթի, իր արտադրական բնօրրանի կայունութեան համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ