Պէյրութեան օրերու վկայութիւններ, տպաւորութիւններ եւ բաղդատութիւններ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական յոբելենական հանդիսութիւն մը։ Մօտաւոր անցեալի դարադարձի շրջանին սփիւռքի զանազան առանցքային կեդրոններուն մէջ նշուած էր թերթիս յոբելեանը։ Այդ ամբողջին մէջ, սակայն, բաց թողուած էր Մերձաւոր Արեւելքը. տարածքաշրջան, որ ծայր աստիճան կարեւոր է հայկական աշխարհի տեսակէտէ։ Ուրեմն, տասը տարուան յապաղումով, արդէն թերթիս 110-ամեակի շրջանին այդ բացը ձեւով մը ամբողջացաւ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով։ Յոբելենական հանդիսութիւններու շարքին մէջ այսպէսով աշխարհագրական համալրում մը տեղի ունեցաւ։
Տարեդարձի հաւաքոյթը մեր տեսանկիւնէն ալ աննախընթաց առիթ մը եղաւ, որովհետեւ առաջին անգամ Պէյրութ այցելեցինք։ Սա եզակի կարելիութիւն մըն էր։ Կեցութիւնը թէեւ կարճ էր, սակայն մեր հազիւ քանի մը օրերը լիուլի արժեւորուեցան՝ շնորհիւ Անդրանիկ Տագէսեանին։ Մտաւորական ուղեցոյց մը ունենալէ անդին՝ ճոխութիւն մըն էր անոր հետ շրջագայութիւն կատարելը։ Անդրանիկ Տագէսեան այնքան ազնիւ բնաւորութիւն մը ունի, որ ձեզ կը պատէ հարազատութեան զգացումով եւ անկարելի է Պէյրութէն լաւ չտպաւորուիլ՝ իր ուղեկցութեամբ քաղաքը պտըտելով։
Հայոց սփիւռքի առանցքային կեդրոններէն մին է Պէյրութը, ինչու չէ, նաեւ, ընդհանրապէս, Լիբանանը։ Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Լիբանանի համայնքները հայաշխարհի հիմնական կռուանները կը համարուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ Երուսաղէմը, որու նշանակութիւնը կը պայմանաւորուի պատրիարքութիւնով։ Մնացեալները մարդուժի առանցքներ էին կամ են առաւել չափով։ Նոյն տարածքաշրջանին մէջ գտնուելով հանդերձ թրքահայութեան կացութիւնը աւելի տարբեր է։ Նա՛խ, ըստ էութեան, միւսները ծագում առած են թրքահայութենէն, յետո՛յ, հայոց բնօրրաններուն ժառանգութիւնը մեծաւ մասամբ կը գտնուի անոր ապրած մերօրեայ սահմաններուն մէջ։ Յամենայնդէպս, այս ամբողջ աշխարհագրութեան վրայ կայ երկու բացառիկ կէտ, որ կ՚առանձնանայ միւսներէն այսօր եւս։ Անոնցմէ մին է արեւմտահայութեան պատմական խորհրդանշական մայրաքաղաքը՝ Պոլիս, իսկ միւսն է՝ Պէյրութ, որ հայոց սփիւռքացումէն վերջ երկար տասնամեակներ կը համարուէր «սփիւռքի մայրաքաղաք»ը։ Հայկական բնակչութեան անհամեմատ նօսրացումով հանդերձ, այս երկու կարեւոր օրրանները հայ իրականութենէն ներս կը շարունակեն պահել իրենց կշիռը։ Մեր խորին համոզմամբ՝ պատճառը անվիճելիօրէն հետեւեալն է. թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ Պէյրութի մէջ տակաւին լիարժէք ձեւով կը շարունակէ գործել հայ մամուլը, ինչ որ ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ երկու համայնքներու կշիռը՝ համահայկական հարթութեան վրայ։
Ինչպէս ըսինք՝ չափազանց բախտաւոր էինք Պէյրութը սիրելի Անդրանիկ Տագէսեանի ուղեկցութեամբ շրջելով։ Ան քաջատեղեակ է երկրի կառուցուածքին, հասարակութեան դրուածքին, սակայն այդ բոլորին առընթեր՝ սուր դիտարկող մըն է բոլոր առումներով։ Տագէսեան գիտնականի հայեացքով կը դիտարկէ աշխարհի ընթացքը, Լիբանանի կեանքին հոլովոյթը եւ անոնց խաչաձեւման կէտին վրայ հետաքրքրական դիտարկումներով ձեզի կը մատուցէ բանալիներ։ Անկարելի է իր մատուցածը ընկալել զուտ ենթակայական բնոյթով, որովհետեւ ան համակողմանիօրէն կը ներկայացնէ ամէն ինչ։
Առ երեւոյթ բաւական բարդ ըլլալ կը թուի Լիբանանի համայնքներու համակարգը։ Տագէսեան այնքան լաւ կը բացատրէ թէ՛ տեսական երեսակը եւ թէ գործնական դրսեւորումները։ Կը բացատրէ ընդհանուր գործելաոճը եւ քաղաքական հաւասարակշռութիւններու ամբողջին մէջ միշտ կը մատնանշէ այն թերութիւնները կամ փակուղիները, որոնք կ՚ազդեն ժողովուրդի կենցաղին, անոր մատուցուած ծառայութիւններուն վրայ։ Լիբանանի համայնքներու դրութեան մէջ հայ համայնքին տեսակէտէ կան քաղաքական կարեւոր առաւելութիւններ, որոնք կ՚ապահովեն ձեռքբերումներ։ Հայութիւնը կ՚ընդունուի ու կը ճանչցուի՝ որպէս պաշտօնական համայնք։ Այդ կարգավիճակին հիման վրայ հարերէնը կը դասուի երկրի պաշտօնական լեզուներու շարքին։ Խորհրդարանէ ներս երեսփոխանական, կառավարութենէն ներս ալ նախարարական աթոռներ վերապահուած են հայոց համար։ Հայապահպանութեան տեսակէտէ կարեւոր գործօններէն մին է ազգային կամ համայնքային հաստատութիւններու մեծ ցանցը՝ մանաւանդ, կրթական կառոյցներու ցանցը։ Այդ ամբողին մէջ ալ, իր հերթին, կոթողային կրթօճախ մըն է Հայկազեան համալսարանը։ Սա հայկական սփիւռքի միակ համալսարանն է։ Բարձրագոյն ուսման հեղինակաւոր հաստատութիւն մը՝ հաւասարապէս թէ՛ հայկական եւ թէ լիբանանեան։ Հայկազեանի վարկը բարձր է Լիբանանի մէջ, շատ բարձր։ Ան կոթողային ըլլալու առընթեր, նաեւ խորհրդանշական է, որովհետեւՊէյրութի կեդրոնին մնացած գրեթէ միակ հայկական կառոյցն է ներկայիս։ Ունի ընդարձակ համալիր մը Լիբանանի մայրաքաղաքի սիրտին վրայ։ Տեղացի փայլուն երիտասարդներու տեսակէտէ նախընտրելի համալսարան մըն է։
Միջանկեալ խոստովանութիւն մը. թէեւ շատ լսած ու կարդացած էինք Հայկազեանի մասին, սակայն տեղւոյն վրայ մթնոլորտը շնչելով մեզի համար աւելի բիւրեղացան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանին Պէյրութի մէջ այս համալսարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ըլլալու նշանակութիւնը։
Որքան որ ալ առ երեւոյթ երկար տարիներ անցած ըլլան՝ պատերազմի յիշողութիւնն ու հետքերը տակաւին թարմ են Լիբանանի մէջ։ Ժողովուրդի հոգեբանութեան ու մտածելակերպին վրայ ազդեցութիւնը կը շարունակուի։ Որքան որ մենք տեսանք՝ լարուած մթնոլորտ մը չունի երկիրը, սակայն ահաւոր ժխորը ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ երկրի ընդհանուր ծաւալին հետ։ Առանց չափազանցութեան, ատեն-ատեն Նիւ Եորքի հետ համեմատելի սահմաններու կը հասնէր ժխորը, որ այս պարագային կարծես կը սկսի թողուլ լարուածութեան տպաւորութիւն։ Ու տակաւին, հայութեան առումով պատերազմով պայմանաւորուած ժողովրդագրական պատկեր մըն ալ ստեղծուած է Պէյրութի մէջ։ Ո՛չ միայն բնակարանները, այլեւ՝ դպրոցները հեռացած են մայրաքաղաքի կեդրոնէն։ Ոմանք այս երեւոյթը այդքան ալ ողջունելի չեն համարեր՝ մայրաքաղաքի կեդրոնէն ներս հայոց ներկայութեան տկարացման առումով։ Սակայն, դուրսէն այցելու մը, մանաւանդ մեծ քաղաքի բնակիչ այցելու մը, առաջին հայեացքով կրնայ անմիջապէս չնշմարել այս խնդիրը, որովհետեւ տարածութիւնները, հեռաւորութիւնները այդքան ալ մեծ չեն այնտեղ։ Ի վերջոյ, սփիւռքեան այլ կարեւոր կեդրոններու նման, Պէյրութի պարագային ալ կարեւոր է որոշ թաղամասերու կամ շրջաններու մէջ հայոց խտացեալ ձեւով բնակութիւն հաստատած ըլլալը։ Կարճատեւ կեցութեան ընթացքին վկայեցինք, թէ նման խնդիրներու լուծման առումով Պուրճ-Համուտը կրնայ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը։
Քանի որ մեր Պէյրութ այցելութենէն շատ կարճ ժամանակ առաջ Անդրանիկ Տագէսեան եկած էր Պոլիս՝ շրջագայութեան ընթացքին ակամայ սկսանք բաղդատութիւններ ընել երկու քաղաքներու հայութեան, հայկական կեանքին մասին։ Մեր ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ լիբանանահայութիւնը քաղաքական առումով ունի որոշ առաւելութիւններ, սակայն թրքահայութիւնն ալ հասարակական գետնի վրայ յարաբերաբար աւելի լաւ դիրք մը ունի։ Քաղաքական առաւելութիւնները թէեւ կ՚ենթադրեն հասարակական հարթութեան վրայ եւս նպաստաւոր պայմաններ, սակայն Լիբանանի հասարակութեան կառուցուածքը տարբեր է Թուրքիոյ բաղդատմամբ։ Այնտեղ կարծես թէ հասարակութեան բոլոր տարրերը, բոլոր խաւերը հարիւր տոկոս ընդելուզուած չեն իրարու հետ։ Ըստ երեւոյթին, պատճառը այն է, որ Լիբանանի հասարակութիւնը կառուցուած է տարբերութիւններու հիման վրայ, ինչ որ իր հետ տեղւոյն հայութեան համար երաշխիքներ կը բերէ։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ հասարակութիւնը կառուցուած է շատ աւելի նմանութիւններու հասարակաց յայտարարին վրայ, ինչ որ թրքահայութեան տեսակէտէ աւելի ուրոյն վիճակ մը կը ստեղծէ։ Թրքահայութեան պարագային անհատը թէկուզ շատ աւելի ազատ կը շնչէ հասարակութեան մէջ, ինչ որ կախում ունի զանազան գործօններէ՝ վաղեմի ներկայութեան բերումով համարկումէ սկսեալ, մինչեւ երկիրներու ժողովրդավարութեան եւ հարստութեան բաշխման եղանակները։ Մետայլի միւս երեսակին, սակայն, մենք չենք կրնար երեւակայել մեր դպրոցներէն մին այլ թաղ մը տեղափոխելը։ Շատ յատկանշական համեմատական օրինակներ կրնան թուարկուիլ անշուշտ։ Ի վերջոյ, Պէյրութ-Պոլիս առանցքին վրայ մեր տեսած հիմնական վիճակը եղաւ հետեւեալը.
Պէյրութի մէջ կը գործէ հայկական սփիւռքի միակ համալսարանը, իսկ Պոլսոյ մէջ՝ հայկական սփիւռքի միակ հիւանդանոցը։ Համալսարան մը, անշուշտ, որ առաջին հերթին գիտակրթական կառոյց մըն է, սակայն իր հէնքին մէջ քաղաքականութիւնը միշտ կ՚ըլլայ անպակաս։ Հիւանդանոցի մը խորհրդանշածը մարդասիրական եւ այլ առումներով անբաղդատելի է միանշանակ։
Ուրեմն այսպէս, սիրելի Անդրանիկ Տագէսեանէն հրաժեշտ առինք՝ մաղթելով, որ միշտ լաւ լուրեր ունենանք իրարու մասին թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական առումով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ