Մտերմիկ զրոյց տեղապահ սրբազան հօր հետ
Պատրիարքարանի երէկուան ժողովէն վերջ առիթն ունեցանք զրուցելու Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Անմիջական ձեւաչափի մը մէջ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ այս սիւնակին մէջ անցեալ Ուրբաթ՝ 8 Սեպտեմբեր 2017 թուականին մեր կողմէ ստորագրուած յօդուածին։ Նորին սրբազնութիւնը բարի եղաւ արձագանգել այդ յօդուածին մէջ մատնանշուած խնդիրներուն եւ հայրաբար փոխանցեց իր մօտեցումները, որպէսզի ամէն ինչ ըլլայ յստակ։
Տեղապահ սրբազան հայրը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ համայնքի առկայ խնդիրները թէեւ պէտք է բաց ձեւով ներկայացուին, սակայն պէտք է կանխել քաոսի մը տպաւորութեան ստեղծումը։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազաններու յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքերով՝ թէեւ ճիշդ է, որ այս առումով կան որոշ հարցեր, սակայն երեք սրբազաններուն յարաբերութիւնները այնքան վատ չեն՝ որքան ներկայացուած էր մեր յօդուածին մէջ։ Վերջին հաշուով, սրբազանները կը փորձեն հաւատարիմ մնալ եղբայրութեան ոգիին եւ ըստ այդմ համագործակցիլ Պատրիարքական Աթոռի շահերով առաջնորդուելով։
Պատասխանելով մեր հարցման՝ տեղապահ սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ մօտաւոր անցեալի իր կամքէն անկախ Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակ-ւած զեկոյցի հարցին։ Ան վերահաստատեց, որ հակառակ իր փափաքին թողարկուած էր զեկոյց մը, սակայն ինք այդ պարագան կը բացատրէ այն տրամաբանութիւնով, որ որոշ անհատներու համար անձնական ծանր վիրաւորանքի պարագաներ խնդրոյ առարկայ դարձած էին եւ սոյն հարցերը ստեղծեցին այդ կացութիւնը։
Մեր զրոյցի աւարտին տեղապահ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ նոյնիսկ ամենակենսական, ճակատագրային հարցերու շուրջ համայնքային կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ կը մտնեն շշուկներ, բամբասանքներ եւ ըսի ըսաւներ։ Այս բոլորը լաւ չեն մեր համայնքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, այնպիսի մթնոլորտ մը կը ստեղծեն, որ ամենակարեւոր հարցերու շուրջ հանրային կարծիքի միտքը կը պղտորի եւ կ՚արգիլէ բուն նպատակին վրայ կեդրոնացումը։
Նորին սրբազնութիւնը երկար ու յոգնեցուցիչ ժողովէ մը վերջ յանձն առաւ մեզի հետ զրուցել եւ մենք ալ իրեն որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեցինք՝ մեր հրատարակութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ իր կողմէ հայրական նախանձախնդրութեամբ կատարուած լուսաբանութիւններուն համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ