Թարգմանչաց տօնը եւ հայ դպրոցի դիմագրաւած մարտահրաւէրները...
Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է այսօր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով կը նշէ այս մէկը։ Թէեւ կրօնական տօն մըն է, բայց սա տարբեր է, որովհետեւ ունի ազգային երեսակ, տարբեր է համաքրիստոնէական միւս տօներէն։ Զատիկ մը չէ, ծնունդ մը չէ այս մէկը։ Թարգմանչացն ու Վարդանանցը, նաեւ այլ այսպիսիներ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին վրայ ունին առանձնայատուկ տեղ։ Այդ առանձնայատկութիւններն են, որ մեր եկեղեցւոյ ազգային դիմագիծը կը պայմանաւորեն, կը բնորոշեն։ Դարձեալ տարբեր հարց, որ Հայ Եկեղեցւոյ վկայութիւնն ու ժառանգութիւնը մեծ նշանակութիւն ունին համաքրիստոնէական առումով։ Ուրեմն, այսօր հայերը կ՚ոգեկոչեն իրենց սուրբ թարգմանիչները...
Առ երեւոյթ շատ ընթացիկ են Թարգմանչաց տօնակատարութիւնները։ Տարին երկու անգամ կը նշուին եւ շատ սովորական կ՚ընկալուին։ Այդքան մարսուած ըլլալով հանդերձ, մեր ժամանակներուն Թարգմանչաց տօնի պատգամը այժմէական է աւելի քան երբեւէ։ Այս տօնը հայոց ինքնութեան առանցքային արժէքներուն, բնորոշիչ ծալքերուն հետ առընչուած է ուղղակիօրէն։ Աւելի յստակ՝ այս տօնին պատգամը կը վերաբերի իւրաքանչիւր սերունդի կողմէ հայկական ժառանգութեան վերաբերեալ արժէքներու ստանձնման, փոխանցման, կենսունակ պահպանման եւ անշուշտ զարգացման։ Զարգացումը այս ամբողջի տրամաբանական եւ անբաժանելի մասն է։ Որովհետեւ անկարելի է պահպանել՝ առանց զարգացնելու։ Այդ պարագային անմիջապէս կը ծագի լճացման վտանգը։ Թարգմանչացը հայոց լեզուի, հայկական դպրութեան եւ մշակոյթի տօնն է. ազդակներ, որոնք կ՚երաշխաւորեն սերունդներու հայկական դիմագիծը։ Եւ այսօր Թարգմանչաց տօնին կ՚արժէ հարց տալ ու նոյնիսկ հարցաքննել, թէ ո՞ւր ենք այս բոլորի առումով։
Սովորաբար, տօնական օրերը բարձր տրամադրութիւն առթելու փուլեր կը համարուին, սակայն հայ իրականութեան ներկայ վիճակը շատ հեռու է այդ տօնականութենէն։ Մարդիկ նոյնիսկ այդ տօնի գոյութենէն անտեղեակ են, ուստի տրամադրութիւն խանգարելէ խուսափելու մտահոգութիւնները կարծես անիմաստ կը դառնան։
Հայկական ինքնութիւն ժառանգելու հիմնական միջոցը՝ մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններով, հայ դպրոցն է։ Առանց հայ վարժարանի շեմէն անցնելու մարդիկ չեն կրնար լեզուն իւրացնել, իսկ լեզուէն կտրուիլը կը նշանակէ նահանջին սկիզբը, անվերադա՛րձ սկիզբը։ Լեզուն հայկական ինքնութեան հիմնական ստորոգելին է, ազգի բոլոր զաւակներու հասարակաց արժէքը։ Եւ կիզակէտի հանգամանքը այն է, որ այդ արժէքի բաժնէն անմասն մնացածները յաջորդ քայլափոխին կը սկսին դժուարանալ սեփական ազգին հետ միաձուլուելու։
Երբ հայ դպրոցը այսքան մեծ նահանջի մը մէջ կը գտնուի, ապա դժուար թէ կարելի ըլլայ խօսիլ մանաւանդ սփիւռքի հայութեան ապագայի երաշխաւորուած ըլլալուն մասին։ Հայ դպրոցը հիմնական, գլխաւոր կռուանն է՝ լեզուն սերունդներուն ջամբելու եւ ազգի ապագան ապահովելու համար։ Եւ այսօր հայ դպրոցի վիճակը հասած է ահազանգային համեմատութեան։ Համատարած նահանջ, անկասեցնելի տկարացում, տեւական արիւնահոսութիւն... Միայն Պոլսոյ մէջ չէ, ամէն տեղ հայ վարժարանները կը դիմագրաւեն ահաւոր մարտահրաւէրներ։ Ամէն տեղ կը խօսուի անոնց փակուելուն մասին, իսկ փակուած դպրոցներու օրինակները տակաւ կը բազմանան։ Գրեթէ չկայ նոր դպրոց մը բանալու ծրագիր, եթէ կայ, ապա քանի մը հատ միայն, նոյնիսկ բացառութիւն դասել կարելի չէ զանոնք։ Եւ այս վիճակին մէջ իսկապէս անկարելի է Թարգմանչաց տօնել, անկարելի է եւ աներեւակայելի, նոյնիսկ ծիծաղելի։
Պոլսահայ կեանքի օրինակը ուսանելի է այսօր ընդհանուրին տեսակէտէ։ Մէկ կողմէ հաւաքական հարստութեան բարձրացում, իսկ միւս կողմէ կրթական կեանքի փակուղի։ Դպրոց փակելու խօսակցութիւնները, գործնական որոշումներու վերածուելու պարագային այս համայնքի մահավճիռները պիտի դառնան՝ եթէ կարելի չըլլայ իրատես ապագայ մը ծրագրաւորել եւ կրթական համակարգը բարեփոխումէ մը անցընել։ Պէտք է հասկնալ, որ շատ ժամանակ վատնուած է այս ուղղութեամբ։ Անյետաձգելի քայլեր պէտք է առնել՝ կրթական համակարգը այսօրուան կարիքներուն եւ չափանիշներուն համապատասխանեցնելու համար՝ առանց հաստատութիւններ մսխելու եւ առանց շէնքեր կուռքացնելու։
Այլ առիթով մըն ալ գրած էինք, որ պոլսահայ վարժարանները այսօր հասարակաց արժէք դասուելէ դադրած են՝ լեզուի նահանջի հետեւանքով։ Լեզուն որքան որ կը տկարանայ, յաչս մարդկանց այդքան պղտոր կը դառնայ հայ դպրոցին առաքելութիւնը։ Լեզուի տկարացումը իր հետ կը բերէ անխուսափելի բազում հարցեր։ Մարդիկ կը սկսին հայ դպրոցը իր ամբողջութեան մէջ չընկալել եւ իւրաքանչիւր հաստատութիւն կը դառնայ ինքնագլուխ։ Պոլսահայ վարժարաններու միջեւ համագործակցութիւնը նուազագոյն մակարդակի վրայ է, որովհետեւ անոնց գործունէութեան հասարակաց երեսակը կ՚անհետանայ թափով։ Հետզհետէ կը դժուարանայ զանոնք պատկերացնել՝ որպէս ցանց մը, որ կը բաղկանայ նոյնանման առաքելութեամբ հաստատութիւններէ։ Քանզի այդ առաքելութեան նոյնանման երեսակն է հայերէնի ուսուցումը եւ այդ մէկուն կաղացումը կը վերացնէ դպրոցներու նմանութեան, հասարակաց նպատակի ծառայելու հանգամանքները։ Այսպէսով կառոյցները իրարու կ՚օտարանան, իրարմէ կը հեռանան։ Հայկական վարժարանները հայանուն վարժարաններու կը վերածուին եւ սա մեր բոլորի աչքին առջեւ է՝ որպէս լճացման անհերքելի փաստ։ Լուռ են վարչայինները եւ առհասարակ լուռ է մեր համայնքը, երբ հայ դպրոցի աշակերտի ծնողը սկսած է պահանջել՝ հայերէնի պարտադիր չըլլալը եւ ընտրովի առարկայի մը վերածուիլը։ Երբ այդ պահանջը բարձրացնողին դուռը ցոյց տալիք մէկը չկայ, սա կը նշանակէ, որ անտէր է այսօր հայ դպրոցը, լքուած՝ ճակատագրի ճիրաններուն։
Հարցերուն հարցը հետեւեալն է. կարելի պիտի ըլլա՞յ կասեցնել այս ընթացքը։ Կարելի պիտի ըլլա՞յ այս անիւը ետ շրջել։ Այլապէս խօսելու շատ բան պիտի չմնայ։ Ու մինչ այդ ալ տարին երկու անգամ պիտի նշուին Թարգմանչաց տօները, որոնք աճպարարութեան մը դրուագներուն վերածուելու վրայ են։
Եւ այսօր Թարգմանչաց տօնն է, շնորհաւոր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ