Դիտարկումներ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղեւորութիւններուն մասին՝ Հռոմէն մինչեւ Մոսկուա

Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն կ՚իրականացնէ շարք մը ուղեւորութիւններ, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին հայութեան առկայ հրատապ օրակարգին տեսակէտէ։ Անցեալ շաբթուան կէսին ան մեկնած էր Հռոմ, իսկ այսօր Մոսկուայի մէջ է արդէն։ Հռոմի եւ Մոսկուայի շփումներուն բնոյթը թէեւ տարբեր է, սակայն, այսքան մօտիկ ժամկէտով երկու այցելութիւն ինքնաբերաբար կը ստեղծէ ամբողջ մը։ Մէկը միւսին շարունակութիւնը դարձած է ձեւով մը՝ մանաւանդ, որ Հռոմի մէջ բարձրաձայնուած սկզբունքներն ու ակնկալութիւնները եթէ տեսական գետնի կը պատկանէին, ապա Մոսկուայի մէջ ահա շատ աւելի գործնական դաշտի վրայ ընթանալու հաւանականութիւնը գոյութիւն ունի։ Կայ նաեւ ուրիշ հետաքրքրական զուգադիպութիւն մը։ Վեհափառ Հայրապետի Հռոմ այցելութեան օրերուն այնտեղ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ դէպի Իտալիա պաշտօնական այցելութեամբ։ Իսկ այսօր, երբ Նորին Սրբութիւնը Մոսկուայի մէջ է, այնտեղ է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ դէպի Ռուսաստան աշխատանքային այցով։

*

Վեհափառ Հայրապետի դէպի Հռոմ ուղեւորութիւնը ժամկէտի տեսակէտէ կարեւոր էր։ Հայկական տեսանկիւնէն ան զուգադիպեցաւ յետպատերազմեան ծանր ժամանակաշրջանին, երբ խնդրոյ առարկայ դարձած են ճակատագրական մարտահրաւէրներ։ Ընդհանրապէս ալ իր ուղեւորութիւնը համընկնեցաւ այն փուլին, երբ քորոնաժահրի համաճարակէն վերջ աշխարհ կամաց-կամաց վերակենդանացման նշաններ կու տայ՝ որքան որ ալ այժմ վերջնականօրէն յաղթահարուած չըլլան բոլոր ռիսքերը։

Հռոմի մէջ կազմակերպուած՝ «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրեալ միջազգային հաւաքը իսկապէս եզակի նախաձեռնութիւն մըն էր իր տեսակին մէջ։ Սա նախորդեց Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքի տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքին։ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ կը գործէ Սուրբ Էճիտիոն, որ աշխարհականներու միջազգային ցանց մըն է։ Այս շարժումի գործունէութեան հիմնական առանցքը կը կազմէ ընկերային ծառայութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ են աղքատներու, հիւանդներու, գաղթականներու եւ կարօտեալներու նկատմամբ զօրակցութիւնը։ Սուրբ Էճիտիօ համայնքի գործունէութեան միւս առանցքը կը բիւրեղանայ խաղաղութեան շուրջ։ Ան կը գործէ 1969 թուականէն ի վեր եւ ուսանելի փորձառութիւն մը ունի հաւատի մղումով կամ եկեղեցակեդրոն ձեւով արդիւնաւէտ աշխատանք յառաջ տանելու առումով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն ալ անանտեսելի փորձառութիւն մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ իր ներառականութեամբ։

Սուրբ Էճիտիոյի այս տարուան խաղաղութեան աղօթքն ու նախորդած միջազգային հաւաքը շատ բարձր մակարդակի վրայ էին։ Այստեղ, ըստ երեւոյթին, կար երկու հիմնական պատճառ։ Առաջինը՝ համավարակէն վերջ ընդհանուր թօթափումի մը գետին պատրաստելն էր։ Երկրորդը՝ միջոցառումը տեղի կ՚ունենար ուղղակիօրէն այս համայնքի կեդրոնին՝ Հռոմի մէջ։ Յատկապէս այս երկրորդ գործօնը էական դեր խաղացած էր, որ միջեկեղեցական մասնակցութիւնը ըլլար ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Արդարեւ, թէ՛ աղօթքը եւ թէ նախորդած հաւաքը թէեւ միջկրօնական ու միջմշակութային ձեւաչափի մէջ նախատեսուած էին, սակայն, Հռոմի մէջ տեղի ունեցածը նաեւ համաքրիստոնէական գագաթաժողով մըն էր միանշանակ։ Քրիստոնեայ աշխարհի գրեթէ բոլոր հիմնական ճիւղերը ներկայացուած էին տուեալ եկեղեցիներու գահակալներուն կողմէ։ Տանտէրը, բնականաբար, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապն էր։ Ուղղափառ ընտանիքին կողմէ ալ մասնակցութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ էր՝ ի դէմս Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին։ Հին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին յառաջատարը աւանդաբար կը համարուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ եւս իր ընդհանրական հայրապետին կողմէ ներկայացուեցաւ։ Բողոքական եկեղեցիներու մասնակցութիւնն ալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ էր եւ թէ կը ցոլացնէր անոնց զանազանութիւնը։ Այսպէս, Հռոմի մէջ էին նաեւ Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի եւ Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետը՝ լուտերական եպիսկոպոս Հենրիխ Պետֆորտ Շթրոմ։

*

Հայութեան վիճակած առկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը ցոյց տուաւ, որ եկեղեցին կրնայ վերականգնման գործօնի մը վերածուիլ ներկայ ծանր պահուն։ Արդարեւ, յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ հայոց պետականութեան գոյութեան լուրջ վտանգ կը սպառնայ։ Հայութիւնը կը զգայ լքուած, առանձին՝ այն աստիճան, որ Մեծ եղեռնի շրջանին հետ համեմատութիւններ կը կատարուին։ Առկայ վտանգներու չէզոքացման համար ժամ առաջ պէտք է սթափիլ եւ մանաւանդ՝ հնարաւորինս ըլլալ միասնական, համախումբ։ Այս բոլորի յաղթահարումը, անշուշտ, առաջին հերթին քաղաքական է, բայց, կան նաեւ այլ գործօններ, որոնց շարքին էական են բարոյականն ու հոգեբանականը։ Ահա այս կէտին վրայ է, որ կը բիւրեղանայ եկեղեցւոյ՝ վերականգնման գործօն ըլլալու հանգամանքը։ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը ապացոյց մըն էր, թէ հայութիւնը տարրական աջակցութիւն մը ունի քրիստոնեայ աշխարհէն։ Սա, հասկնալիօրէն, զուտ բարոյական պարագայ մըն է, բայց պէտք չէ թերագնահատել։ Խաղի կանոնները յարգելու եւ պատկերը իրատես ընկալելով առաջնորդուելու պարագային կարելի կրնայ ըլլալ շօշափելի արդիւնքի վերածել այդ աջակցութիւնը։ Հայութիւնը այժմ պարտաւոր է բոլոր հարթութիւններու վրայ օտարներու հետ յարաբերութիւններուն նոր որակ մը տալու, արտաքին կապերը նոր առաջնահերթութիւններով յառաջ մղելու։

Էքիւմենիք համագործակցութեան գծով այժմու սպասումներուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր պատգամներ տուաւ Հռոմի մէջ եւ անոնք, ըստ երեւոյթին, տրամաբանական շարունակութեան մէջ են ներկայ Մոսկուա այցելութեան օրակարգին հետ։ Նորին Սրբութիւնը Հռոմի մէջ երկու գլխաւոր ուղղութիւնով արտայայտեց իր ուղերձները։ Առաջինը՝ քոյր եկեղեցիներու պետերուն հետ տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումներու ընձեռած առիթն էր։ Երկրորդը՝ աւելի հրապարակային էր։ Այսինքն, խաղաղութեան աղօթքի ժամանակ խօսած քարոզն ու նախորդած միջազգային հաւաքին ունեցած ելոյթը։ Բնականաբար, երկկողմանի հանդիպումներու ատեն ծաւալուած զրոյցներու բովանդակութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները սահմանափակ են։ Բայց եւ այնպէս, հրապարակային ելոյթներու շեշտադրումներէն հետեւցնելով՝ կարելի է, ըստ էութեան, պատկերացնել այն հարցերը, որոնց հանդէպ նախապատուութիւն ցոյց տրուած է։ Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներուն պարտադրած օրակարգը ի յայտ եկած է նաեւ այս կէտին վրայ. գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակում, կրօնամշակութային, պատմաճարտարապետական ժառանգութեան պահպանում, ատելութեան խօսոյթէ եւ թշնամական քարոզութենէ խուսափում։ Ընդհանրապէս մարդասիրական բնոյթով այս հարցերուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը միշտ զգայնութիւն արտայայտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կրօնական երանգ չվերագրուի։ Սա եւս ուղղակի զուգահեռական մը կը համարուի Մոսկուայի այս օրուան՝ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու գագաթաժողովին հետ։ Բացի Նորին Սրբութեան խօսքերէն, այս առումով ուշագրաւ էր իրեն ընկերակից պատուիրակութեան Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի ներգրաւուած ըլլալը։ Ան գլխաւոր դէմքն է, որ յետպատերազմեան ծանր պայմաններով ահազանգ կը հնչեցնէ մարդու իրաւանց ակնյայտ խախտումներուն եւ մարդասիրական խնդիրներուն դէմ։ Ուրեմն, Վեհափառ Հայրատետը ապահոված էր, որ Արման Թաթոյեան կարեւոր հարթակի մը վրայ իր ահազանգը հնչեցնելու համար յաւելեալ հնարաւորութիւն ունենայ։

Պատերազմի հետեւանքները որքան որ ալ ծանր ըլլան, Նորին Սրբութիւնը հանդէս չեկաւ զուտ Հայաստանի հոգեւոր առաջնորդի դիրքերէն։ Որպէս Ամենայն Հայոց Հովուապետ՝ ան մատնանշեց նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան խնդիրները։ Տարածքաշրջանի ապակայուն ու լարուած կացութիւնը պատճառ դարձած է, որ հայերը զանգուածայնաբար գաղթեն այլ երկիրներ։ Անոնցմէ շուրջ 15 հազարն ալ հաստատուած է Հայաստանի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին ընդգծած այս հարցերը ուղղակիօրէն կապ ունէին քրիստոնեայ Արեւելքի խնդրին հետ, ինչ որ համաքրիստոնէական օրակարգի առանցքներէն է։

*

Միջկրօնական եւ միջմշակութային միջավայրի մէջ խաղաղութեան մասին խօսակցութիւններէն միշտ անպակաս է համակեցութեան հարցը։ Նորին Սրբութիւնը Հռոմի պատգամներուն մէջ օրակարգի այս երեսակը մեկնաբանեց խորքային եւ սպառիչ ձեւով։ Ան խաղաղութեան խնդիրները մատուցեց քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ու վարդապետութեան համահունչ ձեւով, համընդգրկուն եւ ընդհանրական սկզբունքներու շրջանակին մէջ։ Այս առումով իր արտայայտած մօտեցումները համաքրիստոնէական ու համամարդկային էին՝ եկեղեցւոյ մը պետին յարիր։ Ան նոյն կէտին վրայ յաջողեցաւ նաեւ հանդէս գալ՝ որպէս ազգային եկեղեցիի մը գլուխը։ Իր բանաձեւումները շատ լաւ հաւասարակշռուած էին, որովհետեւ Վեհափառ Հայրապետը խաղաղութեան մարտահրաւէրներուն մասին միայն տեսական մօտեցումներով չսահմանափակուեցաւ եւ գործնական գետնի վրայ շատ «իսկական» ու «ճշմարիտ» պատկեր մը մատուցեց՝ Արցախի երկրորդ պատերազմով ծնունդ առած միջավայրին եւ հայութեան բաժին վիճակած դաժան հետեւանքներուն բերումով։ Ան խօսեցաւ զոհերու, վիրաւորներու, գերիներու, տեղահանեալներու, անօթեւան մնացած հազարաւորներու, բռնութեան դրսեւորումներու, մշակութային արժէքներու ոչնչացման, խոշտանգումներու, սրբապղծութիւններու մասին։ Ողբերգութիւնը բացատրեց՝ առանց արժանապատուութեան սահմանը հատելու։ Մեծ հաշուով այդ բոլորը կը վերաբերին մարդու իրաւանց ու տարրական այլ իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու։ Իր նկարագրած պատկերը չէր կրնար համաքրիստոնէական առումով անտարբերութեան դէմ յանդիման մնալ ու չէր կրնար նաեւ համամարդկային առումով զգայնութեան առարկայ չդառնալ։ Հայութիւնը այս ծանր շրջանին հնարաւորութիւն ունեցաւ միջազգային գետնի վրայ լայն շրջանակներու խիղճին խօսք ուղղելու՝ այդ ալ Վեհափառ Հայրապետի շուրթերէն։

«Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ Նորին Սրբութեան բանախօսած նիստը կը կրէր «Հորիզոնի ընդլայնում. միւսներու նորովի գիւտը» անուանումը։ Նիստը ընդհանուրին մէջ շատ հետաքրքրական էր։ Բազմահազար մարդոց տարողութեամբ այդ շքեղ կեդրոնը, որ Հռոմի գրեթէ ծայրամասին էր, ուրոյն արդի ճարտարապետութեամբ, առաջին անգամ այս հաւաքին առթիւ օգտագործուեցաւ՝ համավարակի շրջանէն վերջ։ Յամենայնդէպս, սահմանափակումները բոլորովին չանտեսուեցան եւ մեծ դահլիճի տարողութեան միայն կէսը օգտագործուեցաւ, սակայն, այդքանն ալ արդէն հոծ բազմութեան մը համապատասխանեցաւ։

Խաղաղութեան օրակարգէն դուրս, համակեցութեան հարցերուն առումով ալ բոլոր շփումներուն ժամանակ Վեհափառ Հայրապետի նշումները եղան հետաքրքրական։ Արդարեւ, այս առումով հայութեան փորձառութիւնը իսկապէս ամբողջական է թէ՛ հիւրընկալելու եւ թէ հիւրընկալուելու, նաեւ թէ՛ համարկման եւ թէ ինքնութեան պահպանման առումով։ Նորին Սրբութիւնն ալ հայ ժողովուրդի փորձառութիւնը այնպիսի հէնքով մը ներկայացուց, որ բոլորին տեսակէտէ ուսանելի հանգամանքներ ի յայտ եկան ինքնաբերաբար։

Միջազգային հաւաքի ընթացքին ունեցած զեկուցման բովանդակութեան հետ զուգահեռականի մէջ էր նաեւ պատմական «Քոլոսէում»ի համալիրէն ներս կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին ժամանակ Նորին Սրբութեան խօսած քարոզին պարունակութիւնը։ Իր առաջնահերթութիւնները թէեւ նոյնն էին, սակայն, այս փուլը բոլորովին տարբեր էր։ Պատմական յուշարձանի մթնոլորտը տարբեր ազդեցութիւն մը գործեց ներկաներուն կամ հետեւող զանգուածին վրայ։ Գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու պետերուն մասնակցութիւնը պատկառանք ազդեց։ Եւ այս տպաւորիչ համայնապատկերին վրայ քարոզ խօսելու իրաւունքը վերապահուած էր Հայոց Հայրապետին։ Սա ո՛չ միայն մեծ պատիւ մըն էր, այլեւ համաքրիստոնէական զօրակցութեան դրսեւորում՝ տրամադրուած հարթակին եւ ընձեռուած հնարաւորութեան բերումով։ Վեհափառ Հայրապետը մանաւանդ այս փուլին բոլոր տեսակի մեծարանքները կը վերագրէ հայ ժողովուրդին՝ իբրեւ զօրակցութեան նշան, ինչ որ երէկ ըրաւ նաեւ Քիրիլ Ա. Պատրիարքէն Ռուս Ողղափառ Եկեղեցւոյ «Փառքի եւ պատուի» առաջին կարգի շքանշանը ստանալու ժամանակ։ Սա արդէն կու գայ վերահաստատել, որ եկեղեցին վերականգնման գործօն մըն է բարոյական հարթութեան վրայ։

Մոսկուայի այս օրուան՝ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու գագաթաժողովը զուտ բարոյական գործօններով չ՚ընթանար, անտարակոյս։ Սա բանակցային սեղան մըն է ձեւով մը եւ բանակցութիւններու ընթացքին հիմնական գործօնը սեփական հնարաւորութիւնն է, իսկ մղումը՝ շահը։ Բարոյական գործօնը կարեւոր է այնքանով, որ բանակցողները բարձր հեղինակութիւնով կարողանան նստիլ իրարու դիմաց եւ բանակցութիւններու ընթացքին կարողանան ինքնադրսեւորուիլ նպատակասլաց, յարակից գործօններու ազդեցութենէն զերծ ու մանաւանդ՝ սեփական ժողովուրդին առթելով ինքնավստահութիւն։ Դժուար ժամանակներու մէջ չափազանց համարձակութիւնը կրնայ խորացնել վտանգները, իսկ չափազանց ընկճուածութիւնը կրնայ խոչընդոտել ելքի ճանապարհը։ Այդ առումով ինքնավստահութիւնը շատ կարեւոր է իրադրութիւնը առողջ դատելու եւ այդ հաւասարակշռութիւնները գտնելու տեսակէտէ։

*

Թէ ի՞նչ հաշուարկներ կարելի է ընել՝ Հռոմի մէջ կազմակերպուածին նման հաւաքներու լոյսին տակ։ Այդպիսի հարթութիւններու վրայ ներկայութիւնը ի՞նչ կրնայ ապահովել միջազգային բեմահարթակի այժմու հաւասարակշռութիւններու լոյսին տակ։ Ներկայութիւնը միշտ ալ կարեւոր է, հարթակները պէտք չէ բացթողուին, որպէսզի նոր խմորումներու խոհանոցին մէջ ազդեցութեան հնարաւորութիւնները չպակսին։ Միւս կողմէ, ո՛չ պէտք է գերագնահատել եւ ոչ ալ ստորագնահատել նման հարթակները։ Խնդիրը ճի՛շդ դիտարկումներ եւ ճիշդ հաշուարկներ ընելու մէջ է՝ արդիւնքներու տեսակէտէ։

Վեհափառ Հայրապետի զեկուցած նիստի ատենախօսներէն ֆրանսացի պատմաբան ու քաղաքագէտ փրոֆ. Օլիվիէ Ռոյ ուշագրաւ խորհրդածութիւններ ըրաւ այդ հաշուարկներուն կամ կանխատեսումներուն տեսակէտէ։ Իր խօսքով՝ այսօր Եւրոպայէ ներս արժէքներու քոնսենսիւս մը գոյութիւն չունի։ Այս դիտարկումին որպէս ապացոյց՝ ան յիշեցուց Եւրոյանձնաժողովի կողմէ առնուած զանազան որոշումներ։ Ֆրանսացի գիտնականը այս առումով լրջօրէն հարցաքննեց նաեւ քրիստոնեայ Եւրոպայի ինքնութիւնը։ Ան պատասխաններ փնտռեց նաեւ «Ի՞նչ է Եւրոպայի ապրելակերպը» հարցումին։ Իր խօսքով՝ ինքնութիւն կը նշանակէ կրկնել այն ամէն ինչը, որ կը հաւատանք, թէ միշտ գոյութիւն ունեցած է։ Ֆրանսացի գիտնականը այս առումով արտայայտեց նաեւ այն համոզումը, թէ հաւատի վրայ կարելի չէ ինքնութիւն կառուցել՝ որքան որ ալ ըլլան զայն բաժնող մարդիկ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան փորձեց բացատրել, որ ինքնութիւնը կ՚անտեսէ անհատականութիւնն ու զանազանութիւնը։

Այս դիտարկումները, որոնք անշուշտ բացարձակ ճշմարտութիւններ չեն, յամենայնդէպս, հետաքրքրական են հայ իրականութեան տեսակէտէ՝ մանաւանդ քրիստոնեայ աշխարհի հետ յարաբերութիւններու եւ անոր վերաբերեալ ակնկալութիւններու տեսանկիւնէն։ Չէ՞ որ, հայկական ինքնութիւնը յաճախ հաւատով կը պայմանաւորուի՝ մանաւանդ սփիւռքի պայմաններով։ Չէ՞ որ, դարձեալ մանաւանդ սփիւռքի պայմաններով՝ անհատի գործօնը կը բանի թէ՛ ինքնութիւն պահելու եւ թէ զանազանութեան մէջ ինքնադրսեւորուելու ճանապարհին։ Վեհափառ Հայրապետը Հռոմի մէջ հայութեան համար ներկայութիւն ապահովեց հարթակի մը վրայ, ուր ապագայ աշխարհի որոնումներու պայմաններով բանալի գաղափարներ արտայայտուեցան։

ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Վեհափառ Հայրապետի Հռոմ այցելութեան օրերուն ողջունելի պատկեր մը ստեղծուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միութեան տեսակէտէ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մասնակցութիւնը եւ Նորին Սրբութեան կողքին ներկայութիւնը անվիճելիօրէն բարձրացուց Վեհափառ Հայրապետի պատուիրակութեան կշիռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ Վեհափառ Հայրապետի ձեռնասուններէն ու վստահելիներէն է, շատ կարեւոր կամք դրսեւորած է այս ուղղութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գահակալութեան կարճ շրջանին վերջնականօրէն բնականոն հունին վերադարձուցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի դարաւոր ու աւանդաբար ներդաշնակ կապերն ու համագործակցութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հռոմի մէջ յաջողեցաւ ապացուցանել, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութենէն ներս Պոլսոյ Աթոռի ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ չէ հակադրուիլ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Դժբախտաբար, մօտաւոր անցեալին այդպիսի ցաւալի երեւոյթներ խնդրոյ առարկայ դարձած էին եւ այդ բոլորը, խորքին մէջ, Պատրիարքական Աթոռի հանգամանքի ստուերի տակ մնալուն պատճառ դարձած էին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այսօր հասկցած է, որ միութեան ու ներդաշնակութեան արժէքը շատ աւելի բարձր է ու կը բարձրացնէ Պոլսոյ Աթոռի վարկն ու հեղինակութիւնը՝ առանց վնասելու անոր ինքնուրոյնութիւնն ու իրաւունքները։

Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետին առընթեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Սրբազան Պապին հետ ունեցած առանձնազրոյցը եկաւ վերահաստատել Պոլսոյ Աթոռի վարչական ինքնավարութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ ի հոգեւորս կապն ալ ունեցաւ գագաթնային դրսեւորում մը։ Վեհափառ Հայրապետը շփումներու ամէն քայլափոխին իր կողքին ունեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Մինչ այդ, դէպի Հռոմ այցելութիւնը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանի երկրորդ արտասահմանեան ուղեւորութիւնը հանդիսացաւ։ Ան գահ բարձրանալէ անմիջապէս վերջ անդրանիկ այցելութիւնը տուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուրկէ իր վերադարձին վրայ հասած էին համավարակով պայմանաւորուած ծանր սահմանափակումները։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ բոլորէն վերջ երկրորդ արտասահմանեան ուղեւորութիւնը կատարեց դէպի Հռոմ, ուր միջեկեղեցական ու միջկրօնական տեսակէտէ շատ կարեւոր հաւաքի մը մասնակցեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ։

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անփոխարինելի դերակատարութիւն մը ունեցած էր՝ Վեհափառ Հայրապետի դէպի Հռոմ ուղեւորութեան յաջողութեան մէջ։ Ան նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ տարած էր հաշուի առնելով բոլոր մանրամասնութիւնները եւ այդ ենթագետնին վրայ Նորին Սրբութիւնը իրականացուց իր դրական շփումները։ Ընդհանրապէս, պաշտօնավարութեան շուրջ երկու տարիներու աւարտին, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յաջողած է արդարացնել իր առաքելութիւնը։ Անտարակոյս այս ուղղութեամբ լուրջ գործօն մըն է Նիւ Եորքի մէջ որպէս առաջնորդ շուրջ երեսուն տարի պաշտօնավարութեամբ կուտակած փորձառութիւնը, նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ թրծուած ըլլալու հանգամանքը։ Նորին Սրբազնութիւնը յաջողած է Վատիկանի մէջ ամրապնդել ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ, այլ ընդհանրապէս հայութեան ներկայութիւնը։ Զգալի է, որ ան փոխած է Հայ Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւններու որակը՝ գահակալներու կամքին համահունչ։

Երկար տասնամեակներ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի պաշտօնը վստահուած կ՚ըլլար Փարիզի կամ Ֆրանսայի առաջնորդին։ Վեհափառ Հայրապետը վերջին շրջանին տնօրինութիւն մը ըրաւ՝ փոխելով այդ դրուածքը։ Այսօր արդէն կ՚երեւի, որ այդ կարգադրութիւնը եղած է տեղին։ Երկար տասնամեակներ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները հայութեան տեսակէտէ եղած են ֆրանսակեդրոն, Ֆրանսայի առանցքով։ Անշուշտ, այդ ճակատը կը շարունակէ կարեւորութիւն ներկայացնել, սակայն, Ֆրանսայի թեմի ծանրաբեռնուածութիւնը այնպիսի մակարդակի մը վրայ է, որ առաջնորդը յաւելեալ պատասխանատուութենէ ազատելու երեւոյթը վստահաբար ճիշդ եղած է։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր Վատիկանի հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առընթեր, կը ջանայ կազմակերպչական ոստում մը ապահովել Եւրոպայի մէջ, ուր Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը թարմ արիւնի մը կարիքն ունի ակնյայտօրէն։

Ուստի, իսկապէս շնորհաւորելի է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գործունէութիւնը, ինչ որ Վեհափառ Հայրապետին ալ բարձր գնահատանքին արժանացաւ Հռոմ այցելութեան օրերուն։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑ ՈՒ ԼԱՒ ԲԱՐԵԿԱՄ

Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքը Սուրբ Աթոռէ ներս հայոց ներկայութեան տեսակէտէ շատ կարեւոր գործօն մըն է։ Սա միայն լրատուական կամ տեղեկատուական լծակ մը չէ, այլեւ՝ հնարաւորութիւն մը Վատիկանի դիւանակալական ու դիւանագիտական զարկերակը զգալու տեսակէտէ։ Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքը տասնամեակներ շարունակ ծաւալած է կարեւոր գործունէութիւն եւ այսօր անոր գլուխը կը գտնուի համակրելի ու շատ սիրելի բարեկամ մը՝ Ռոպէր Աթթարեան, որու պաշտօնավարութեան շրջանին ապահովուած է նոր աշխուժութիւն մը։ Հռոմի մեր կեցութեան օրերուն հաճելի էր Ռոպէր Աթթարեանի հետ զիրար վերագտնելու հնարաւորութիւնը՝ որպէս երկու պաշտօնակից։

Զրոյցի ընթացքին ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ մօտաւոր անցեալին Ռոպէր Աթթարեան Սրբազան Քահանայապետի ձեռամբ պարգեւատրուած է Վատիկանի կարեւորագոյն շքանշաններէն մէկով։ Այդ պարգեւատրումը Ս. Աթոռի նախընթացներուն տեսակէտէ եզակի երեւոյթ մը եղած է, որովհետեւ Սրբազան Պապը այդ մետայլները սովորաբար կը շնորհէ շատ աւելի յառաջացած տարիքով եւ շատ աւելի երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած դէմքերու։ Բայց եւ այնպէս, Ռոպէր Աթթարեան իր պաշտօնավարած շրջանին այնքան ակնառու արդիւնքներու հասած է, որ արժանի դասուած է այդպիսի մեծ պատուին։

Վատիկանի սրճարաններէն մէկուն մէջ սրճելու ժամանակ, թէեւ կարճ, բայց անմիջական զրոյցի ընթացքին, ինչպէս միշտ, հաճելի էր իրեն հետ զրուցել հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի առկայ խնդիրներուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետի այցելութենէն անմիջապէս վերջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Սրբազան Պապի հետ հանդիպման ժամանակ թարգմանութիւնն ալ կատարուեցաւ Ռոպէր Աթթարեանի կողմէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021