ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովը իսկապէս ծաւալուն աշխատանքի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Այդ հսկայական աշխատանքի լոյսին տակ կարելի է խորհրդածութիւններ ընել, թէ հայաշխարհը ինչպէս կ՚ընկալէ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ այսօր դիմագրաւուած գոյաբանական մարտահրաւէրները։ Այսօր այդ մարտահրաւէրները արդէն այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծած են, որ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան իմաստն ու դրուածքն ալ փոփոխութեան ենթարկուած են՝ հրատապ առաջնահերթութիւններով հանդերձ։ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը, անշուշտ, առանձինն չէր կրնար ըլլալ այնպիսի հարթակ մը, ուր պիտի քննարկուէին Հայաստանի առկայ խնդիրները եւ մանաւանդ՝ անոնց լուծման համար որոշումներ պիտի տրուէին։ Բայց եւ այնպէս, ընդհանուր ժողովի ծրագրին վրայ այդ մարտահրաւէրներուն յատկացուած տեղը ինքնին ապացոյց մըն էր, թէ հայ իրականութիւնը այսօր որքան տագնապած է այդ մարտահրաւէրներով եւ գոյացած է ընդհանուր ըմբռնում մը, ըստ որու այժմ համահայկական հարթութեան վրայ նախապատուութիւն պէտք է ընծայուի այդ խնդիրներու յաղթահարման։ ՀԲԸՄ՝ որպէս հայաշխարհի մեծագոյն բարենպատակ կառոյցը, աշխարհատարած իր ցանցով կը փորձէ նպաստ մը բերել այդ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն։

92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն ծիրէն ներս իսկապէս առանձնացաւ «ԱՊՐԻ-Հայաստան» կիրառական քաղաքական հետազօտութեան ապակուսակցական կեդրոնի հաւաքը։ Այս կեդրոնի գործունէութիւնը ուղղուած է տարածաշրջանային կայունութեան, Հայաստանի կայուն բարեկեցութեան եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան։ Կեդրոնի ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները ուղղուած են յստակ խնդիրներու լուծման եւ առաջին հերթին կը հասցէագրեն կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով Հայաստանի ներուժի իրագործման ճանապարհին ինկած մարտահրաւէրները։ Այս կեդրոնը ստեղծուած է ի պատասխան խորքային գիտելիքի եւ քաղաքականութեան ոլորտէ ներս աշխոյժ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան ու ներկայ աշխարհաքաղաքականութեան համատեսքէն ներս Հայաստանի դերակատարութեան յստակ պատկերացման հրամայականին։ Իր բնոյթով կեդրոնը կոչուած է նախ եւ առաջ գործելու՝ համատեղելով երկարաժամկէտ նախաձեռնութիւններն ու կարողութիւններու զարգացման ուղղեալ կարճաժամկէտ ծրագիրները։

ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովին վրայ աշխատանքային ամբողջ օր մը յատկացուած էր «ԱՊՐԻ-Հայաստան» կեդրոնի քննարկումներուն։ Այս կեդրոնը ՀԲԸՄ-ի ջանքերով ստեղծուած է եւ անոր հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ։ ՀԲԸՄ-ի ամբողջ վերնախաւը լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցաւ «ԱՊՐԻ-Հայաստան»ի շուրջօրեայ քննարկումներուն, որոնց ընդմէջէն ի յայտ կու գար նոր սկիզբ մը ապահովելու գաղափարը։ Արդարեւ, մէկ կողմէ քանիցս ընդգծուեցաւ, որ այս համագումարի Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ըլլալու հանգամանքը ունի իր առանձնայատուկ պատգամը եւ, անշուշտ, այդ պատգամը առաջին հերթին զօրակցութեան նշանակութիւն ունի։ Բայց եւ այնպէս, այս խորհրդանշական հանգամանքին բովանդակութիւն տալու, խորքային իմաստ վերագրելու տեսակէտէ, «ԱՊՐԻ-Հայաստան»ի քննարկումները չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունէին։ Ատենախօսները նոր պատումի մը որոնումը յստակօրէն ի յայտ բերին եւ շեշտուեցաւ, որ առկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց ի յայտ եկած է անհրաժեշտութիւնը ազգակերտումի նոր որոնումի մը՝ այժմու ժամանակներուն յարիր թարմ մօտեցումով մը։

«ԱՊՐԻ-Հայաստան»ի քննարկումներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ ջանքերու համախմբման գաղափարը, սակայն, զեկուցումներու ընդմէջէն ի յայտ եկաւ նաեւ այդ դրական նպատակի կենսագործման հիմնական առանցքները։ Այսպէս, ջանքերը համախմբելը միայն սկզբունքային հարթութեան վրայ պէտք չէ մնայ եւ պէտք է կեանքի կոչուի՝ ներուժի, մտաւորական պաշարի, փորձառութեան եւ համատեղ աշխատանքի նպատակասլաց համակարգման միջոցաւ։ Մասնագէտներ ընդգծեցին, որ պէտք է ջանքերու միջեւ ներդաշնակութիւն ապահովել՝ հերթական անգամ չսխալելու նը-պատակով։ Թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաստատութիւններու մակարդակին վրայ եղափոխութիւններու կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ։ Այս ամբողջին մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններու ճանապարհին ընդգծուեցաւ անհատներու յանձնառութեան կարեւորութիւնը։ Զեկուցողներ մատնանշեցին նաեւ թէ՛ պետական եւ թէ՛ մասնաւոր կառոյցներու պարագային նորարարութեան տարողութեան բարձրացման կենսական նշանակութիւնը։ Այս բոլորի լոյսին տակ ի յայտ եկաւ, որ Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներու ճանապարհին անհրաժեշտ են նոր մարտավարութիւն, նոր մեթոտոլոժի եւ նոր կառավարում։

Այժմ, երբ հայ իրականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուի համախմբումը, «ԱՊՐԻ-Հայաստան»ի քննարկումներուն ժամանակ ընդգծուեցաւ, որ այդ համախմբումը ապահովելու նախապայմաններէն է գործադրուած բոլոր ջանքերուն մէջ զանազանութեան չանտեսուիլը։ Արդարեւ, նոր հայեացքով մը պէտք է դիտարկուին առկայ բոլոր հարցերը, որպէսզի այդ նոր հայեացքով նաեւ յաղթահարման նոր եղանակներ ի յայտ գան։ Այս բոլորի ճանապարհին անհրաժեշտ է զանազանութեան հետամուտ ըլլալը, ինչ որ լայնախարիսխ հասարակական համախմբման եւ համահայկական հարթութեան վրայ ալ համապարփակ միասնականութեան մը ճանապարհը կրնայ հարթել։

Աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ կատարուած շուրջօրեայ քննարկումները արդէն «ԱՊՐԻ-Հայաստան»ի աշնանային հաւաքը բնորոշեցին։ Այդ հաւաքը ձեւով մը ընդգրկուած էր ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովի մեծ ծրագրին մէջ։ Բոլոր ատենախօսները ընդգծեցին նաեւ ապագայի պատրաստութեան ճանապարհին Հայաստանի տեսակէտէ ուժանիւթի անվտանգութեան նշանակութիւնը։ Այժմ, առաջին հայեացքով թէեւ այժմու բոլոր մարտահրաւէրները ուղղակիօրէն քաղաքական կամ անվտանգութեան ոլորտներուն կը վերաբերին, սակայն, իրերու դրուածքը այնպէս մըն է, որ անկարելի է առանձնացնել ուժանիւթի անվտանգութեան, այս պարագային, անշուշտ, ուժանիւթի արտադրութեան միջոցներու տեսակաւորման խնդիրները։

Ապագայատեսիլ այս որոնումներու միջավայրին մէջ, «ԱՊՐԻ-Հայաստան»ի քննարկումներուն ժամանակ կրկնուեցաւ նաեւ այն աւանդական բանաձեւումը, որով կ՚ըսուի՝ «Բարձրացիր եւ բարձրացուր»։ Սա արդէն դասականացուած արտայայտութիւն մըն է, սակայն, անոր ցոլացուցած ոգին եւ տրամաբանութիւնը կը համարուին անժամանցելի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2022