Փայլուն օրինակ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին տարիներուն համացանցի վրայ ստեղծած է հայկական համալսարան մը՝ www.avc-agbu.org։ Երբ հայոց ամբողջ Սփիւռքը ձուլման լուրջ վտանգի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, այս համացանցային համալսարանը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այդ հոսանքին դէմ պայքարելու եւ հայոց նոր սերունդին համար իր արմատներուն, ազգային ժառանգութեան հետ շփման հնարաւորութիւններ ընձեռելու տեսանկիւնէն։
Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցին գոյութիւնը ներկայիս լուրջ հարցականներու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ կը փակուին հայկական դպրոցներ, իսկ շատ մը տեղերու մէջ ալ՝ մնացեալներուն յաճախող աշակերտութեան թիւը կը նուազի։ Այս հանգամանքը, բնականաբար, կրաւորական դիրքերէ պէտք չէ դիտարկել։ Անկախ պատճառներուն արդարացած ըլլալէն կամ ոչ, հայկական բազմաթիւ հաստատութիւններուն պատասխանատուութիւն կը վիճակի սոյն խնդրին շրջագծով։ Հայ իրականութեան խոշորագոյն կառոյցները, աշխարհատարած կազմակերպութիւնները կը պարտաւորուին կասեցնել իրենց կողմէ հովանաւորուած կրթօճախներու գործունէութիւնը։ Թէեւ Սփիւռքի կարգ մը միջավայրերուն մէջ նոր դպրոցներ բանալու ուղղեալ հոսանք մըն ալ կայ, սակայն չանտեսելով հանդերձ՝ պէտք է խոստովանիլ, որ առայժմ այդ մէկը բաւական հեռու է հայ դպրոցի պարագային առկայ յոռետեսութիւնը յաղթահարելու առումով։ Այսօր նոյնիսկ ՀԲԸՄ քննադատութիւններու կ՚ենթարկուի իր կրթական քաղաքականութեան զանազան երեսակներուն բերումով, մասնաւորապէս վարժարաններ փակելու կտրուածքով։
Խնդրին լուծումը, բնականաբար, մեղաւորներ փնտռելու կամ գտնելու մէջ չէ։ Բուն խնդիրը աւանդական եւ արդի միջոցներու համատեղումով, համադրումով՝ նոր ապագայ մը կերտելն է հայ դպրոցին համար։ Անցեալի մէջ հայոց մօտ կրթական շարժումը գագաթնային նուաճումներու հասած է՝ երբ աշխարհի ընդհանուր հոսանքներուն համահունչ կրթական ծրագրեր որդեգրուած են հայկական կրթօճախներուն կողմէ։ Այսօր ալ անխուսափելի է հաշուի առնել այս իրականութիւնը։
ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած համացանցային համալսարանը փայլուն օրինակ մըն է այս առումով։ Ժամանակակից մտայնութեան եւ մօտեցումներուն համահունչ նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու հիմքին կը գտնուի անհատի կամքը։ Եթէ անձը ունի կամք, պատրաստակամ է հետեւողական ջանք գործադրելու, ապա Հայկական համացանցային համալսարանին միջոցաւ կրնայ ինքզինք զարգացնել՝ հաղորդ դառնալով հայոց լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին եւ ընդհանրապէս արժէքներուն ու երթին։ Սա քիչ բան չէ։ Արդարեւ, հայ իրականութեան մօտ այսօր մէկ կողմէ լուրջ անհանգստութիւն կայ հայոց լեզուին նկատմամբ անտարբերութեան իմաստով, իսկ միւս կողմէ կազմակերպուած գրեթէ որեւէ կանոնաւոր հնարաւորութիւն գոյութիւն չունի այն բացառութիւններու պարագային, երբ սակաւաթիւ մարդիկ կը փափաքին սորվիլ հայերէն։ Համացանցային այս համալսարանը նախ եւ առաջ միջոց մըն է սոյն հակասութիւնը յաղթահարելու ճանապարհին։ Անշուշտ, որ այս կարեւոր նախաձեռնութեան նշանակութիւնը այսքանով սահմանափակուած չէ։ Բազմաթիւ լեզուներով ուսուցում կը կատարուի այնտեղ եւ ան մէկ հարուածով կրնայ լուծել քանի մը հարցեր՝ սկսելով լեզուի իմացութենէն մինչեւ միջմշակութային յարաբերութիւնները։ ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութիւնը ուշադրութիւն կը գրաւէ նաեւ այն տեսանկիւնէն, որ կը փորձէ հասնիլ հայաշխարհի ընդհանուր ներուժին, առանց մասնակի մօտեցումներու։
Աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաբախտորոշ հանգրուաններուն ՀԲԸՄ առած է շատ տեղին քայլեր, որոնք արդարացած են ժամանակներու հոլովոյթին մէջ։ Վստահաբար այս համացանցային համալսարանի ծրագիրն ալ ունենայ նման հեռանկար մը։
Հետեւաբար, աշխարհի ամէն կողմը հայերը պէտք է օգտուին այս եզակի հնարաւորութենէն եւ իրենց ցուցմունքներով ու նոր պահանջներու արտայայտութեամբ նպաստեն այդ համալսարանի զարգացման։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ