Այսօր պէտք է գումարուէր Ազգային պատգամաւորական ժողովը՝ ընտրելու համար Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը. մեր համայնքին առջեւ դրժուած խոստում
Ըստ 17 Օգոստոս 2017 թուականին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին, Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը ընտրելու համար այսօր իսկ պէտք է գումարուէր Ազգային պատգամաւորական ժողովը։
Աւելի՛ն, տակաւին անցեալ շաբթուան մէջ ընտրուած պէտք է ըլլային եկեղեցական պատգամաւորները, իսկ անցեալ Կիրակի մեր համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ փութացած պէտք է ըլլային՝ ընտրելու համար աշխարհական պատգամաւորները։ Այս բոլորը նախատեսուած էին՝ Պատրիարքարանի զինանշանով մամուլին տրուած պաշտօնակա՛ն զեկոյցով հրապարակուած ժամանակացոյցին մէջ։ Եւ այդ բոլորը չեղան՝ հակառակ Պատրիարքարանի կողմէ կատարուած պաշտօնակա՛ն հրապարակման։ Հետաքրքրական է, որ Գումգաբուէն ձայն մը չ՚ելլեր։ Կ՚երեւի, կ՚ուզեն այնպէս ձեւացնել, որ ամէն ինչ բնականոն հունին մէջ է։
Պատրիարքական ընտրութեան շուրջ տասը տարուան տագնապը նոր հարթութիւն կը թեւակոխէ այսօրուան դրութեամբ։ Սա սնանկութեան մը ապացոյցը, խայտառակութեան մը ցաւալի դրսեւորումն է։ Շուրջ 550 տարուան հաստատութիւն մը, կրօնավարչական կեդրոն մը չի կատարեր հանրութեան առջեւ տուած խոստումը, կը դրժէ իր ստորագրութիւնը եւ ցաւալի է ըսել, որ կը խաբէ իր ժողովուրդը՝ չյարգելով իր խոստումը։ Եւս առաւե՛լ, մարդիկ նոյնիսկ չեն զիջանիր թէկուզ ձեւականօրէն պաշտօնապէս բացատրութիւն մը, լուսաբանութիւն մը տալ ստեղծուած այս կացութեան կապակցութեամբ։ Այսօր անհերքելի եւ անշրջադարձալիօրէն յաչս մեր համայնքին կը վերահաստատուի, որ մեր դարաւոր Պատրիարքարանին մէջ միանշանակօրէն կը տիրէ քաոս մը։ Ո՛վ ուզէ թող սրտնեղի, ո՛վ ուզէ թող դառնանայ, սակայն սա ակնյայտ ճշմարտութիւն է։ Մեր համայնքի աչքին առջեւ այսօր ծանր ձախողումով մը կ՚արձանագրուի, որ Պատրիարքական Աթոռին մօտ կը տիրէ անիշխանականութիւն։ Իշխանութեան պարապութիւնը մեր Պատրիարքութիւնը կը տանի դէպի անգլուխ կառոյցի մը կացութեան եւ ղեկավարութիւնը հեռու է լիարժէք ընկալուելէ, մարդիկ պարզապէս կը ջանան խորհրդանշանի մը հետ վերաբերուիլ տարրական քաղաքավարութեան սահմաններուն մէջ։ Վստահաբար չափազանցութիւն չ՚ըլլար, եթէ ըսենք, որ այս Աթոռը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամենածանր փորձութիւնները, գոնէ արդի տարեգրութեանց կտրուածքով։
Ո՞վ, ինչպէ՞ս պիտի մաքրէ այս հաշիւը։ Ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ վերջ պիտի տայ այս ամօթալի խայտառակութեան։ Ո՞ւր են ընտրութեան պահանջով փողոց դուրս եկածները, եկեղեցիներու մէջ բողոքներ կազմակերպածները, Պատրիարքարանին առջեւ սեւ ծաղկեպսակ թողածները։ Եւ տակաւին ո՞ւր են անոնք, որոնք այս բոլորը ընողներուն դէմ ունէին վերապահութիւններ եւ հետամուտ պաղարիւնութեան, յանուն չափաւորութեան՝ կը նախընտրէին սպասել։ Մեծ յաւակնութիւններով, լորձնաշուրթն խոստումներով իշխանութիւն ձեռք անցուցածները ո՞ւր են հիմա եւ ինչո՞ւ լուռ են արդեօք։
Ամենացաւալին, իրականութեան մէջ, ուրիշ կէտի մը վրայ է։ Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կը հետեւին այս գործընթացին, գիտէին՝ որ այդ ընտրական ժամանակացոյցը անվաւեր ու կեղծ էր տակաւին «պաշտօնապէ՛ս» հրապարակուած իսկ պահուն։ Պատրիարքական ընտրութիւն կազմակերպելու կեղծ ձգտումով, ցուցադրական կամքով գործի լծուած խումբ մը մարդիկ մեր Աթոռի անունով, զինանշանով եւ ստորագրութեամբ խաբեցին այս համայնքը։ Պատրիարքական ընտրութիւն կազմակերպել ձեւացուցին, թատրոն մը ներկայացուցին այս ժողովուրդին առջեւ։ Եւ իրենց սիրողական թատրոնի զաւեշտալի հետեւանքներով այսօր ուրախ ըլլալ կը թուին. դոյզն իսկ մտահոգ չըլլալով Պատրիարքական Աթոռի վարկին ու հեղինակութեան տեսակէտէ։ Աթոռ, որու վրայ անցնող աւելի քան հինգ դարերու հոլովոյթին մէջ արժանաւորապէս բազմած են տիրական անուններ, գահակալած են հեղինակութիւններ եւ տակաւի՛ն Աթոռ, որ արեւմտահայ մեր ամբողջ ժառանգութեան իրաւայաջորդը կը համարուի ներկայ պայմաններով։ Ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի փրկէ մեր Պատրիարքական սուրբ Աթոռը միջակութիւններու լուծէն եւ անոնց տխուր եսակեդրոն քաշ-քըշուքներու ծանրածանր հետեւանքներէն պիտի ազատէ մեր նուիրական հոգեւոր կեդրոնը։ Սա միթէ ճակատագի՞ր է այս համայնքին եւ այս Աթոռին համար։
Մեր իրականութեան մէջ եղան մարդիկ, որոնք ահազանգ հնչեցուցին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած անելին մասին, ջանացին մատնանշել սխալ ընթացքը, փորձեցին զգուշացնել փակուղիին դէմ։ Արդի՞ւնք... Պատրիարքարանի գործող ղեկավարութիւնը օրը փրկելու հաշուարկներով ջանաց այդպիսիները թիրախ դարձնել։ Արդի՞ւնք... Այդ վտանգներուն անդրադարձած լրագրողները փորձեցին կողմնակալութեամբ մեղադրել։ Երբ ամիսներ առաջ հարց կու տայինք այսօրուան անխուսափելի վտանգներուն մասին՝ ցաւ կ՚ապրէինք, որ պատասխանները կը հասնէին անհեթեթութեան սահմանին՝ դէմքի վրայ անհանդուրժելի քմծիծաղով մը զուգորդուած։ Եւ այսօր ահա՛ բոլորին համար անզէն աչքով տեսանելի է առարկայական ու պարզ ճշմարտութիւնը։ Պատրիարքարանը, աւելի ճիշդը՝ անոր գործող ղեկավարութիւնը ի վիճակի չէ յարգելու այս համայնքին առջեւ տրուած խոստումը։ Այսօր յստակ է նաեւ, որ մարդիկ ի՛նչ որ ըրած են՝ ըրած են դիտումնաւոր, գիտակցաբար եւ իրենց անձին վերաբերեալ առաջնահերթութիւններով։
Պահանջը կամ սպասումը կ՚երեւի առաւելապաշտ չէ։ Տրամաբանական կամ սկզբունքային նուազագոյն նախանձախնդրութիւնով մը կարելի է հարց տալ պարզապէս։ Եթէ Պատրիարքարանի կողմէ ընտրութեան ժամանակացոյց մը հրապարակուած է, ապա այդ մէկը պէտք չէ՞ որ անպայման գործադրուի։ Իսկ եթէ այդ ժամանակացոյցի գործադրութիւնը երաշխաւորուած չէր, ինչո՞ւ հրապարակուեցաւ։ Եթէ երաշխաւորուած էր եւ անակնկալներ կամ անկանխատեսելի հանգամանքներ ծագեցան, ապա ինչո՞ւ համայնքին տեղեկութիւն մը, բացատրութիւն մը չտրուեցաւ։ Այսքան աժա՞ն է Պատրիարքարանի հրապարակած զեկոյցին արժէքը։ Ինչպէ՞ս որակել այս գործելաոճը։ Ամբոխավարութի՞ւն, անլրջութի՞ւն, անհեռատեսութի՞ւն, թէ՞ համբակութիւն...
Մեր համայնքէն ներս Պատրիարքարանի հանդէպ համատարած անվստահութիւն մը եւ թերահաւատութիւն մը ծնունդ առած է դժբախտաբար։ Պատրիարքարանի գործող ղեկավարութիւնը զբաղած է միայն այդ երեւոյթի պատասխանատուութիւնը ուրիշներու վրայ բեռցնել ջանալով, որովհետեւ արդէն պայքարելու կամ նոյնիսկ լիարժէք գործելու լծակ գրեթէ չունի։ Պատրիարքարանի գործող ղեկավարութիւնը աննախընթաց գայթակղութիւններով խորացուցած է ընտրութեան փակուղին եւ մեղք, որ այս խնդիրը բարդոյթի մը վերածած է մեր համայնքին տեսակէտէ։ Մեր հաստատութիւններու տեսանկիւնէն ալ կը խորանայ այն անընդունելի հոսանքը, որով բոլորը կը ջանան իրենց գլխուն ճարը նայիլ առանձին՝ Պատրիարքարանի բարոյական հովանիէն հեռանալով։
Տեսնենք՝ Պատրիարքարանը տակաւին որքա՞ն պիտի մնայ առկայ քաոսի ճիրաններուն մէջ, տակաւին որքա՞ն պիտի մօտենայ կազմալուծման եզրին, իսկ մեր համայնքը տակաւին որքա՞ն պիտի տոկայ այս բոլորին։ Ի վերջոյ պիտի գայ այն օրը, երբ այս խայտառակութեան պատասխանատուները հաշիւ պիտի տան արդար դատաստանով՝ մեր ժողովուրդի խղճին առջեւ։ Սպասենք այդ օրուան՝ համբերելով ուս ուսի, միտք մտքի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ