ՃՊՈ՞Տ, ՍԼԱ՞Ք, ԹԷ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑ…

Այս կէտէն սկսեալ մաէսթրոն դարձեալ հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի միջազգային թէժ օրակարգը։ Ան թէեւ կը խօսի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին մասին, սակայն, իր կիզակէտին կան այլ նիւթեր։ Պատերազմէն ի վեր ռուսական արուեստի եւ երաժշտութեան դէմ հոսանքներ սկսած են. մարդիկ կը վանեն։ Նոյնիսկ Չայքովսքի նուագել անկարելի դարձած է Լեհաստանի, Ուքրայնայի եւ Պալթեան երկիրներու մէջ։ Այսօր վերահաստատուած են տեղափոխութեան սահմանափակումները։ Ան մտահոգ է, որ լեզուի եւ արուեստի ճիւղերու վրայ ցոլացած նման ժխտական ազդեցութիւններու յաղթահարումը երկար ժամանակ կը պահանջէ։ Այսինքն, իր կանխատեսմամբ՝ Ռուսաստան այժմ ըրածներով վնաս կը կրէ, իսկ երկարաժամկէտ առումով Արեւմուտքը կը շահի։

Այս կէտէն սկսեալ հայեացքը դարձեալ կ՚ուղղէ դէպի հայկական ներքին օրակարգը։ Օրբելեան հայաշխարհի ներքին կապերուն եւ համահայկական համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ ձեռնտու չի նկատեր՝ համաշխարհային ալեկոծումներն ու միջազգային բեւեռացումները։ Մանաւանդ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու տեսակէտէ հեռանկարը կրնայ գունատիլ՝ առկայ ընթացքի խորացման պարագային։ Իսկ այդ հեռանկարէն անկախ՝ Օրբելեան քննադատական ակնոցով մը կը դիտէ կացութիւնը՝ յատկապէս Հայաստանի կապակցութեամբ։

«Հայաստանեան ներքինը շատ տխուր է։ Այնտեղ առաւել չափով հետաքրքրուած են «ռապիզ»ով։ Սփիւռքը եթէ չըլլար, Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն մշակութային կամ կրթական որեւէ ներդրում պիտի չըլլար։ Սփիւռքահայերը միշտ վարդագոյն կը տեսնեն Հայաստանը։ Մարդիկ կ՚ուզեն իրենց ակնկալածին պատկերը ցոլացնել Հայաստանի վրայ, բայց, այդպէս չէ։ Չմոռնանք, որ ամբողջ Արցախը կառուցուած էր սփիւռքի կողմէ, իսկ այժմ փլած է։ Վերադառնալով արուեստի, մշակոյթի, մանաւանդ՝ երաժշտութեան դաշտին՝ երբ մտածենք, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, ապա պատկերաւոր պատասխանը հետեւեալն է. եթէ «Անուշ»ը ներկայացնենք Նիւ Եորքի մէջ, բայց, անշուշտ, որպէս արհեստավարժ փրոտիւքսիոն՝ արդէն կը յաջողինք։ Սա եւս նոնյպէս սփիւռքը պիտի ընէ, եթէ օր մը ըլլայ», կ՚ըսէ մաէսթրոն։

Այս պատկերաւոր պատասխանին զուգահեռ՝ Օրբելեան չ՚անտեսեր նաեւ, որ աշխարհի վրայ ծայրայեղութիւնը կ՚աճի զգայացունց դրսեւորումներով։ Շատ շահեկան է իր հետ զրոյցը։ Հրապոյրը միայն հաճելի զրուցակից մը ունենալու մէջ չէ, արդարեւ, մաէսթրոն շատ ուրոյն ոճ մը ունի՝ համաշխարհայինը եւ հայկականը զուգահեռականի մէջ, սահուն անցումներով մատուցելու առումով։ Մեր տեսակցութեան եզրափակիչ փուլի արտայայտութիւնները բանալիներ կը մատուցեն իր փորձառութեան եւ դիտարկումներու համադրութեան մասին։ «Երբ Երեւան աշխատիլ սկսայ, տակաւին ամենասկիզբին, օփերայի արուեստագէտները ինձմէ կը պահանջէին յանկարծ չթողուլ-չերթալ։ Ես ալ կ՚ըսէի՝ տակաւին նոր սկսած էի աշխատանքի, ի՞նչ երթալու կամ թողելու մասին կրնար ըլլալ խօսքը։ Բայց, ի վերջոյ, ես չթողեցի, այլ դուրս դրին զիս»։

Յո՞ւշ, եզրակացութի՞ւն, թէ ի՞նչ…

Մաէսթրոն եւ Շողակ Յովհաննէսեանը պահ մը զիրար կը նային, ապա հայեացքը կ՚ուղղեն դէպի ինձ։ Հրաժեշտի պահն է… Թէեւ այդ փուլին ալ կը խօսինք, սակայն, բոլորս ալ կարծես կը նախընտրէինք լռութիւնը։ Բարեբախտաբար «Սենթրըլ փարք»ի աշնանային տեսարանը ի զօրու է ամէն ինչ կլանելու…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

•շար. 5 եւ վերջ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024