Եւ հիմա… (6)

Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ նոր աշխուժութիւն մը ստեղծուած է։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը գետի նման վարարած է։ 44-օրեայ պատերազմը յեղաշրջած է տարածաշրջանի համայնապատկերը։ Հրադադարէն շուրջ տարի մը անց, երկու մայրաքաղաքներուն կողմէ յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակուած են՝ բանակցութիւններ վարելու համար։ Գործնականօրէն բանագնացի դեր կը վիճակի անոնց։ Սերտար Քըլըչին եւ Ռուբէն Ռուբինեանին վստահուած առաքելութիւնով, վերջին շուրջ երեք տասնամեակի կտրուածքով, սա արդէն հայ-թրքական յարաբերութիւնները միջպետական մակարդակի վրայ կարգաւորելու ուղղեալ չորրորդ փորձն է։ Ըստ էութեան, անկախութեան տարիներու իւրաքանչիւր ղեկավարի իշխանութեան ժամանակաշրջանին կատարուած է նման փորձ մը. նա՛խ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, յետոյ Ռոպերթ Քոչարեան, ապա Սերժ Սարգսեան եւ հիմա ալ Նիկոլ Փաշինեան… Չէ պատահած, որ այդ փորձերէն որեւէ մէկուն ժամանակ հայկական կողմի խաղաքարտերը աւելի ամուր, դիրքերը աւելի պինդ եղած ըլլան՝ նախորդին բաղդատմամբ։ Իմաստ չունի համեմատութիւններու մէջ խորանալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ղեկավար քննադատուած է չարաչար, պարսաւանքներու ենթարկուած ու ամէն անգամ մեղադրուած՝ հայոց դատը ծախելով, անոր դաւաճանելով։ Խնդիրները բոլոր երեսակներով մատուցուած են, սակայն, միշտ ստուերի տակ մնացած է պետական շահու մտայնութիւնը։ Կայացած պետութիւններու մէջ վաստակեալ առաջին դէմքերու կերպարը հրապարակաւ որոշ չափով կը խնայուի, հնարաւորութեան սահմաններէ ներս։ Հայաստանի պարագային ընդհակառակն… Ուստի, կարելի չէ եղած մէկ փուլէ միւսը անցնելու ատեն առարկայական, պաղարիւն արժեւորումներ ընել՝ յաջորդ քայլափոխին ինքնակատարելագործուելու եւ առաւել նպատակասլաց դիրքաւորուելու համար։ Քաղաքական հարթութեան վրայ յառաջացած տկարութիւնները խոցելի վիճակ ստեղծած են նաեւ հայկական դիւանագիտութեան տեսակէտէ։ Ճիշդ ժամկէտով քայլեր առնելու անընդունակութիւնը պատճառ դարձած է, որ ժամանակի ընթացքին հալին ու կորսուին հայկական կողմի՝ սուղ գնով ձեռք բերուած առաւելութիւնները։ Այս համայնապատկերին վրայ Փաշինեան կ՚առանձնանայ՝ որպէս ամենածայրայեղ դէմքը։ Կարծես պատմութեան հեգնանքը ըլլար, որ իր պաշտօնավարութեան օրով Հայաստան անհամեմատօրէն, նոյնիսկ աներեւակայելիօրէն ծանր, ծանրածանր պայմաններով բանակցելու դատապարտուած է Թուրքիոյ հետ՝ գրեթէ չունենալով որեւէ լուրջ խաղաքարտ, որ կրնայ սակարկունակ դարձնել երկիրը։

Յետպատերազմեան Հայաստանը ունի ինքիշխանութիւնը ապահովագրելու, տարածքային ամբողջականութիւնը երաշխաւորելու եւ պետականութեան յարատեւութիւնը ապահովելու խնդիր։ Ան պարտաւոր է նոր որակի յարաբերութիւններ կառուցել հարեւաններուն հետ, իր շուրջ ձեւաւորել անվտանգային տարբեր միջավայր, վերստին գործօն դառնալ տարածաշրջանէն ներս եւ համարկիլ տարբեր ձեւաչափերով միջազգային համագործակցութեան։ Թէ ինչպէ՞ս այս բոլորը գլուխ պիտի հանէ երկիր մը, որ ներկայիս ի վիճակի չէ իր սահմանները վերահսկելու եւ որու տարածքը կը պաշտպանուի (եթէ կարելի է պաշտպանուած համարել) ուրիշ երկրի մը բանակին կողմէ, ամիսներէ ի վեր ոտնձգութեան առարկայ է իր ինքնիշխան տարածքը, սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները տեւական սպառնալիքի ենթակայ են, կ՚առեւանգուին եւ այլն… Պայմանները, որոնք գրաւի տակ կը պահեն երկրի ու պետութեան ապագան, ծանօթ են բոլորին։ Եւ ահա այդ պայմաններուն ծնած կացութեան մէջ կ՚ընթանայ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման այս նոր փորձը։

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգի այս նոր մեկնարկը խոշորացոյցի տակ առնուած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասէ ներս տոմինան դարձած է Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմը։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն առաջ եթէ Պաքու Անգարայի քաղաքականութեան վրայ ազդելու մեծ լծակներ ունէր իր ելմտական ներուժով, ապա պատերազմէն վերջ դերերը հիմնովին փոխուած են։ Այժմ Անգարա ի վիճակի է ամբողջութեամբ թելադրել Պաքուի քաղաքականութիւնը։ Հրադադարի հաստատումէն վերջ յաղթականներու շարքին կը դասուէր Մոսկուա, որու խաղաղապահ զօրքը տեղակայուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Իրադարձութիւններու շարունակութեան, սակայն, աստիճանաբար յստակացաւ, որ առ երեւոյթ տարուած յաղթանակը Ռուսաստանի տեսակէտէ բացարձակ յաղթաթուղթեր չէ ապահոված։ Թուրքիա անցեալ դարասկիզբէն ի վեր առաջին անգամ արդէն ռազմական ներկայութիւն ունի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Այս տարածաշրջանը թէեւ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտին կը համարուի, սակայն, ան այլեւս պարտաւորուած է այնտեղ հանդուրժել Թուրքիոյ ներկայութեան եւ հաշտուիլ այդ իրողութեան հետ։ Երկուքով են դաշտի վրայ։ Բացի Թուրքիայէն եւ Ռուսաստանէն, Արեւմուտքը սեփական ակնոցով կը դիտէ այս համայնապատկերը, որու նկատմամբ ուրոյն վերաբերմունք ունին Իրան եւ Իսրայէլ։ Տարածաշրջանի պարագային հաշուարկներ ունին նաեւ Չինաստանի կամ Հնդկաստանի նման միջազգային դերակատարներ։ Ու տակաւին այստեղ կրնան ներգրաւուիլ երկիրներ Թուրքիոյ ձգողականութեամբ՝ մանաւանդ տնտեսական նախագիծերու պարագային։ Վերջապէս, այս խճուղիին վրայ ամենանուրբ կացութեան մատնուած երկիրը, միանշանակ, Հայաստանն է։ Ուղղակի կամ անուղղակի ուրիշ որեւէ խաղացող չի դիմագրաւեր այնպիսի ճակատագրական մարտահրաւէրներ, որոնք բաժին վիճակած են Երեւանին։ Սա մահ ու կենաց պայքար է, առանց չափազանցութեան։ Պատասխանը որքան որ ալ բարդ ըլլայ՝ հարցումը շատ պարզ է։ Ի՞նչ պէտք է ընէ Հայաստանը կայուն անվտանգութեան եւ ապահովութեան հասնելու համար։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ուղղակի, չմիջնորդաւորուած յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկար մը կրնայ ըլլալ։

*

Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր մտայնութիւնով մը պէտք է վերակառուցէ իր անվտանգութեան համակարգը։ Ոեւէ մէկը կախարդական դեղագիր չի կրնար ունենալ այս հարցին շուրջ՝ մանաւանդ, որ հարցը նաեւ յոյժ մասնագիտական է։ Յամենայնդէպս, պէտք է ընել այնպիսի բաներ, որոնք ցայսօր չեն կատարուած կամ չեն փորձուած։ Բնականաբար, միշտ ալ դիւրին է յետադարձ հայեացքով խօսիլ, սակայն, այժմ ճի՛շդ ապագայի մը ճանապարհը բռնելու համար այդ ալ պէտք է որոշ չափով։

Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան քաղաքականութիւնը երեք տասնամեակէ ի վեր կառուցուած էր՝ ցեղասպանութիւնով պայմանաւորուած տուժածի հոգեբանութեան համապատասխան ձեւով, անշուշտ, տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ տարբեր շեշտադրումներով։ Բոլոր նախընտրութիւնները, առնուած բոլոր քայլերը, անշուշտ, ունէին իրենց հիմնաւորումը, կը համապատասխանէին որոշ կարիքներու դիմագրաւման, բայց այսօր վէճէ դուրս է, որ չեն արդարացած երկարաժամկէտ ու կենսունակ չեն եղած յարափոփոխ հաւասարակշռութիւններու մէջ։ Մեծ հաշուով, պատկերաւոր խօսքով, հետեւեալ վիճակն էր. Հայաստան երկիրը իր տարածքի անվտանգութեան երաշխաւորումը «անվտանգութեան ընկերութեան» մը նման պատուիրած էր Ռուսաստանի Դաշնակցութեան, իսկ գանձատրումը (ֆինանսաւորումը)՝ սփիւռքին։ Սա, անշուշտ, չափազանցուած բանաձեւում մըն է, սակայն, անցեալ երեք տասնամեակի իրողութիւնը որոշ չափով կը ցոլացնէ։

Թէ ի՞նչ պէտք է ընել այժմ, անշուշտ, միանշանակ դժուար է պատասխանել։ Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, միջպետական յարաբերութիւններու մէջ, քաղաքականութեան մէջ կան բաներ, որոնք կ՚ըլլան քու կամքէդ կախեալ, կան նաեւ բաներ, որոնք կրնան քու կամքէդ անկախ ընթանալ։ Պարզ է, որ Հայաստան նոր իմաստ մը պէտք է տայ, նոր արժեւորում մը պէտք է հաղորդէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Խօսքը բացարձակապէս ցնցումի ազդեցութեամբ Մոսկուայի դէմ դրօշ պարզելու մասին պէտք չէ ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, Հարաւային Կովկասէ ներս Ռուսաստանի գլխաւոր դաշնակիցը եթէ Հայաստանն է, ապա այս վերջնոյն մատնուած կացութիւնը անոր տեսակէտէ ալ խնդիրներ կը յառաջացնէ։ Հայաստանի կրած պարտութիւնը Ռուսաստանի դիրքերն ալ տկարացուցած է տարածաշրջանէն ներս։ Աւելի՛ն, արար աշխարհի աչքին առջեւ Մոսկուա անպաշտպան թողած է իր դաշնակիցը եւ կամ անոր ուժն ու հնարաւորութիւնները բաւարար չեն եղած խնայելու համար զայն։ Դժուար է մէկ շունչով ըսել, թէ ո՛ր մէկը ճիշդ է, բայց, ակնյայտ է՝ վարկածները այնքան ալ նախանձելի տպաւորութիւն մը չեն ստեղծեր ռուսական կողմին տեսակէտէ։ Եւ այս բոլորը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Մոսկուա առաւելագոյն յաւակնութիւններով հանդէս կու գայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Մետայլի միւս երեսակին սա նաեւ Երեւանի համար պատուհան մը կը բանայ՝ աւելի առարկայական պատկերացնելու համար Մոսկուայի հնարաւորութիւնները։ Հայկական պետական-քաղաքական ընկալումներուն մէջ, կարծես, աշխարհ մէկ կողմ կը դասուի, իսկ Ռուսաստանը ուրիշ կողմ։ Եթէ Հայաստան ցայսօր սեփական ներուժով հիմնաւորուած նպատակներէ աւելիին ձգտած է՝ ապաւինելով Ռուսաստանի հետ ռազմավարական դաշնակից ըլլալու հանգամանքին, ապա այսօր պարզ է, որ այդ հաշուարկներու վերանայումը անյետաձգելի է։ Ձեւով մը, սա նաեւ պատասխանատուութիւն է դաշնակիցի նկատմամբ։

Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին հնչեցուած կարգ մը յայտարարութիւններ լրիւ բաւարար են՝ պատկերացնելու համար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հարցաքննուի Հայաստանի ցարդ որդեգրած ընթացքը եւ ի՛նչ ուղղութիւնով պէտք է փնտռել ապագան։ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակում կը նշանակէ Ռուսաստանի վրայ կատարուած յարձակում։ Պարզ է, որ դաշնակից երկու պետութիւններու մասին է խօսքը, անոնք ունին առանձնայատուկ յարաբերութիւններ, ռազմավարական գործընկերներ են, սակայն իրենց ստեղծած համակարգը բաւարար չէ եղած կողմերէն մին ճակատագրական պահուն խնայելու։ Այժմ թէկուզ պէտք է հասկնալ, որ «Հայաստանի վրայ գործուած յարձակում կը նշանակէ Ռուսաստանի վրայ գործուած յարձակում» բանաձեւումը կենսունակ կրնայ ըլլալ, եթէ որոշ չափով ի զօրու ըլլայ նաեւ հակառակը։ Վերջին տասնամեակներուն՝ որպէս ռազմավարական դաշնակից, Հայաստան Ռուսաստանին կարողացած է առաջարկել կամ տալ գրեթէ միայն ու միայն իր հաւատարմութիւնը։ Իսկ տարածաշրջանային կշիռը հետզհետէ կորսնցուցած երկրի մը հաւատարմութիւնը ի՞նչ կրնայ արժել Ռուսաստանի նման հսկայի մը համար՝ չէ յստակացուած։ Սա մութ կէտ մըն եղած է միշտ, չէ քննարկուած լիարժէք։ Հայկական կողմը խուսափած է այս տարրական հարցումին հետ առերեսուելէ։ Հայաստան երկիր մըն է, որ շատ հաշտ է իր Խորհրդային անցեալով։ Սա նաեւ հոգեբանական գործօնի մը վերածուած է՝ այսօրուան Ռուսաստանը ամենազօր կարծելու համար։ Մակերեսայնութի՞ւն. ո՛չ միայն։ Սեփական ճակատագրի պատասխանատուութիւնը ուրիշի մը հետ բաժնելու, ուրիշի մը վստահած ըլլալու թեթեւութեան զգացումը յարիր չէ պետական մտածելակերպի, որ ամենօրեայ անհանգստութիւն, յարատեւ տագնապ կ՚ենթադրէ հաշուարկելու եւ չէզոքացնելու համար վերանորոգ սպառնալիքներ, նոյնիսկ տեսական։

Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դիւանագիտական պատշաճութիւն մը կը համարուի ըսել, որ այս ինչ երկիրը միւսին հետ յարաբերութիւնները չի կառուցեր երրորդի մը դէմ։ Իսկ այս պարագային, Հայաստան ձգտած է ակնյայտօրէն Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ դէմ։ Պարզ է, որ ցանկացած պետութիւն հաւանական բոլոր սպառնալիքները չէզոքացնելու ձգտումը պէտք է ունենայ, սակայն, այդ բանը կարելի չէ ապահովել առանց ինքզինքը կեդրոնին դնելու։ Հայաստան տարածաշրջանի ընդհանուր դրուածքը, ըստ էութեան, պատկերացուցած է Ռուսաստան-Թուրքիա մրցակցութիւնով, հակադրութիւնով։ Հակառակը գրեթէ չէ հաշուարկուած, զարմանալիօրէն, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր երկու երկիրները հետեւողական ազդանշաններ տուած են, թէ չեն պատրաստուիր իրարու դէմ առճակատման երթալ։ Ու տակաւին, վերջին քանի մը տարիներուն անոնք փոխկապակցուածութեան այնպիսի մակարդակի մը հասած են, որ թէժ պահերու մէջ չեն վարանած երբեմն նոյնիսկ անսպասելիօրէն արմատական շրջադարձեր ընել իրենց դիրքորոշումներուն եւ մարտավարութեան մէջ։ Հայաստան թերացած է այդ ընթացքի դիտարկման ու վերլուծման առումով։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին ա՛լ աւելի իրատես հիմքերու վրայ պէտք է դնել Երեւան-Մոսկուա գործակցութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեանի յատկանշական միւս յայտարարութիւնը այն էր, որ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ուղիղ արձագանգն էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմին։ Թէեւ վարչապետը բոլորովին այլ նկրտումներով կը բարձրաձայնէր այս խօսքերը, սակայն, մետայլի միւս երեսակին այդ յայտարարութիւնները կը մերկացնէին վերջին երեք տասնամեակի գլխաւոր հակասութիւնները եւ պետական շահու գերադաս առանցքէն շեղումները։ Այսօր Հայաստան ի շարունակութիւն Փաշինեանի վերոյիշեալ յայտարարութեան՝ պէտք է անկեղծօրէն գտնէ հետեւեալ հարցումին պատասխանը։ Աւելի լա՞ւ չէր, որ Հայաստան եւ Արցախ պահէին 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իրենց ունեցած դիրքը, կացութիւնը եւ ԱՄՆ ճանչցած չըլլար ցեղասպանութիւնը, թէ ոչ աւելի լաւ է հիմա, երբ պատերազմի ծանր ձախողումէն եւ պետական ինքնիշխանութեան վտանգումէն վերջ՝ ԱՄՆ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ո՞րն է նախընտրելին, ո՞րն է նպաստաւորը. պէտք է բոլոր կշիռքի վրայ դնել։

Վէճէ դուրս է, որ Հայաստան պէտք է ուղղակի յարաբերուելու եզրեր, միջոցներ գտնէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ Նոյնպէս վէճէ դուրս է, որ այս բանը կատարեալ յաջողութեամբ պսակել ներկայ՝ վերարտադրուած այս իշխանութեան հետ, որու բանակցելու ընդունակութիւնները նոյնիսկ կասկածի առարկայ չեն։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան պէտք է իր կամքը զգալի դարձնէ թէ՛ Անգարայի եւ թէ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ։ Այդ կամքին զգալի դառնալը կրնայ Հայաստանին ապահովել որոշ ժամանակ, որ անհրաժեշտ է ներկայիս թուլացած դիրքերը մասամբ բարելաւելու եւ հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ժամանակ տարրականին, նուազագոյնին ձգտելու համար։

Անցեալ երեք տասնամեակի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ Հայաստան կայացած պետութիւն մը պիտի չկարողանայ դառնալ՝ առանց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու։ Ճիշդ է, որ սա կրնայ ունենալ ռիսքեր, նոյնիսկ մեծ ռիսքեր։ Բայց այսօր ո՞վ կրնայ պնդել, որ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը այդ ռիսքերէն զերծ պահած է Հայաստանը։ Այսօր ո՞վ կրնայ պնդել, որ Ռուսաստանի ետեւ թաքնուելով կարելի է խուսափիլ Թուրքիոյ վերագրուած վտանգներէն կամ սպառնալիքներէն։ Անցեալ դարասկիզբին ալ հայութիւնը թրքական կողմին դիմաց ճակատագրական ձախողումներ դիմագրաւած էր եւ ռուսական կողմը բաւարար երաշխիք մը չէր եղած։ Այսօր դար մը անց նոյն երեւոյթն է։ Անշուշտ, մեղաւորը ռուսական կողմը չէ։ Դաշնակիցները պէտք է նաեւ լաւ պատկերացնեն իրարու շահերը։ Առանց Թուրքիոյ հետ խօսելու համարձակութիւն դրսեւորելու, առանց երկու պետութիւններու ուժային յարաբերակցութեան տրամաբանութեան յարիր ձեւով դրական յարաբերուելու ճանապարհ մը գտնելու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի չկարողանայ կայացած պետութիւն մը ըլլալ։ Այս բանը պէտք է փորձել։ Այս բանը ինքնաբերաբար խաղի կանոնները պիտի բնորոշէ նաեւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ։ Ցայսօր այդ կամքը չցուցաբերելով Հայաստան այսօր հասաւ կործանման, ինքնիշխանութիւնը կորսնցնելու եզրին։ Նոյն ընթացքով շարունակելը քայլ մը վերջ պիտի նշանակէ ամէն ինչի կորուստը։ Չ՚արժե՞ր փորձել այլընտրանքը։ Այդ վարկածը յաչս Ռուսաստանի ալ աւելի տանելի դաշնակից մը կրնայ դարձնել Հայաստանը։

Երեսուն տարիէ ի վեր Թուրքիա նախապայմաններ կը դնէ Հայաստանի առջեւ։ Երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստան կը յայտարարէ, որ պատրաստ է առանց նախապայմանի յարաբերութիւնները կարգաւորել Թուրքիոյ հետ։ Իրողութիւնը այն է, որ պատերազմի հետեւանքներով Հայաստան ենթարկուած, ակամայ յօժարած է այդ նախապայմաններէն նոյնիսկ աւելիին։ Հայկական կողմը այսօր զուրկ է 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ունեցած խաղաքարտերէն։ Այդ ժամանակ պետական իրատեսութիւնով նախապայմաններուն հետ հաշուի նստիլը՞ աւելի նուաստացուցիչ պիտի ըլլար, թէ ոչ առկայ վիճակն է աւելի նուաստացուցիչ։ Հարցը ողբերգութիւն մը բնութագրելու, զգացականութիւն հրահրելու կամ արժանապատուութիւն բորբոքելու մասին չէ։ Իրերը պէտք է կոչուին իրենց անունով, երբ Հայաստան զրկուած է սեփական կարմիր գիծերը քաշելու եւ պաշտպանելու կարողութենէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022