Վտանգաւոր փոթորիկ

Վտան­գա­ւոր նոր փո­թո­րիկ մը ստեղ­ծուած է հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը, ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ կու գայ խո­րաց­նել առ­կայ յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ։ Բաց պէտք է խօ­սիլ։ Մեր հա­մեստ հա­մո­զու­մով, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան լա­ւա­գոյն ո­րո­շու­մը չէ տուած, յար­մա­րա­գոյն քայ­լը չէ ա­ռած։ Վեր­ջին շրջա­նին ան ե­ղաւ նա­խա­ձեռ­նող, չվա­րա­նե­ցաւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նե­լէ եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ յանձ­նա­ռու ո­գիով ըն­թա­ցաւ։ Զո­հո­ղու­թիւն­ներ յանձն ա­ռաւ եւ իր աշ­խա­տան­քին հե­ռան­կար­նե­րը յոյս կը ներշն­չէին բո­լո­րին։

Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քի հանգս­տեան կո­չուե­լէն վերջ այս սիւ­նա­կին մէջ ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը ը­րած էինք ի­րեն հետ։ Շի­նիչ ո­գիով, դրա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցած էր։ Ան կը ջա­նար հա­ւա­սար հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ մնալ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի մաս­նա­կից բո­լոր ան­ձե­րուն եւ լծակ­նե­րուն։ Իր մէջ ող­ջու­նած էինք հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան գոր­ծօն մը։ Ինք  ընտ­րած էր դժուար ճա­նա­պար­հը։ Եւ իր ընտ­րու­թիւ­նը իբր այդ ար­ժա­նի էր բարձր գնա­հա­տան­քի։ Այս­քան ար­մա­տա­կան տրա­մադ­րու­թեան, այս­քան ծայ­րա­յե­ղու­թեան մէջ շատ յատ­կան­շա­կան էր իր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան, ա­նա­չա­ռու­թեան ձգտու­մը։ Մեր դի­տար­կած չա­փով, որ­քան որ ալ դժուար ըլ­լար, ան ըն­դու­նակ էր իր ընտ­րած ու­ղիին, որ­դեգ­րած սկզբուն­քին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լը։ Այ­սօ­րուան կա­ցու­թիւ­նը ան­յա­րիր է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նին եւ մեր հա­մայն­քէն ներս իր մարմ­նա­ւո­րած կեր­պա­րին։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան պէտք է ան­գամ մը եւս մտա­ծէ, պէտք է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր մօ­տե­ցում­նե­րը։ Այ­սօր հա­մայն­քը ա­ւե­լի քան եր­բեք ու­շադ­րու­թեամբ կ՚ունկնդ­րէ իր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն եւ այդ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւոր­ման հա­մար Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան պէտք է ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւն մըն ալ ը­նէ՝ գո­նէ այս կտրուած­քով։

Հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան գոր­ծօն­նե­րը շատ սա­կաւ են մեր հա­մայն­քէն ներս։ Ան­կա­րե­լի է հան­դուր­ժել ա­նոնց պակ­սե­լուն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017