ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՐՈԳԵԼԻՆԵՐԸ

 Այ­սօր կը շա­րու­նա­կենք մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը՝ ան­ցեա­լի մէջ դա­ւա­նա­փոխ կամ կրօ­նա­փոխ ե­ղած հայ ան­հատ­նե­րու, ըն­տա­նիք­նե­րու մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն հա­յու­թեան «վե­րա­դար­ձի» խնդրին շուրջ, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը զբա­ղեց­նէ հա­յաշ­խար­հի օ­րա­կար­գը։ Այս խնդրին լու­ծու­մը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն կը դժուա­րա­նայ, ե­թէ ա­նոր նկատ­մամբ դիր­քո­րոշ­ման պա­րա­գա­յին շեշ­տը դրուի՝ պատ­մու­թեան, տուեալ պա­րա­գա­յին ե­ղեռ­նի, հե­տե­ւանք­նե­րու դար­ման­ման վրայ։ Այ­սօր հա­մայն հա­յու­թիւ­նը կը դժուա­րա­նայ հաշ­տուիլ այն ի­րա­կա­նու­թեան հետ, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­նե­ցած է շարք մը ան­դառ­նա­լի, ան­վե­րա­դար­ձուե­լի հե­տե­ւանք­ներ։ Մար­դու­ժի կո­րուս­տը գլխա­ւորն է այս ամ­բող­ջին մէջ։ Ա­ւե­լի՛ն, մար­դու­ժի կո­րուս­տը, զան­գուա­ծին ոչն­չա­նա­լը, ժո­ղովր­դագ­րա­կան ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը տրա­մա­բա­նա­կա­նօ­րէն կը պայ­մա­նա­ւո­րեն մնա­ցեալ ա­մէն ինչ՝ հա­մա­հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ե­թէ չհա­շուենք ճար­տա­րա­պե­տա­կան բա­ւա­կան սահ­մա­նա­փակ մնա­ցոր­դա­ցը, ա­պա այ­սօր շօ­շա­փե­լիօ­րէն միակ բան մը փրկուած է 1915-էն. ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը։ Միակ ար­ժէ­քը, որ կ՚ապ­րի ու կա­րե­լի է ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն, շօ­շա­փե­լի բան մը ը­նել զայն կեն­դա­նի պա­հե­լու հա­մար՝ լե­զուն է։

Դժբախ­տա­բար, մի­ջան­կեալ նշենք, որ այ­սօր Սփիւռ­քը որ­քան որ կ­­՚ու­ծա­նայ, որ­քան որ կը կտրուի լե­զուէն՝ ա­պա այն­քան միա­կող­մա­նիօ­րէն կը կառ­չի ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցէն։ Այս­տեղ հար­ցը պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման, խա­ղաղ ա­պա­գա­յի մը կերտ­ման ձգտու­մէն ան­դին, եր­բեմն կը հաս­նի ինք­նան­պա­տակ դառ­նա­լու եզ­րին։ Տու­ժա­ծի հո­գե­բա­նու­թի՞ւնն է հա­յու­թեան հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րը, թէ ոչ՝ ա­պա­գա­յի տե­սիլ­քը։

Ընդ­հան­րա­ցած բա­նա­ձե­ւու­մով՝ ծպտեալ հա­յե­րու վե­րա­դար­ձի հար­ցը ի՞նչ չա­փա­նիշ­նե­րով պէտք է քննար­կուի։ Վար­կած­նե­րը, այ­լընտ­րանք­նե­րը ի՛նչ որ ալ ըլ­լան, հա­յու­թիւ­նը, սկզբուն­քօ­րէն, պէտք է պահ­պա­նէ թէ՛ բազ­մա­կար­ծու­թիւ­նը եւ թէ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Պէտք չէ հե­ռա­նալ հան­դուր­ժո­ղու­թե­նէ եւ լայ­նա­խո­հու­թե­նէ։ Պա­ռակ­տու­մը կրնայ խո­րաց­նել հար­ցը ու կրնան մսխուիլ հե­ռան­կա­րա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ծպտեալ հա­յե­րու հար­ցին ար­ծար­ծու­մը ներ­կա­յիս գե­տին կը պատ­րաս­տէ նաեւ հայ­կա­կան ար­դի ինք­նու­թեան ստո­րո­գե­լի­նե­րու խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ բե­րուե­լուն։ Վերջ ի վեր­ջոյ, կո­րս­­տեալ ազ­գա­կից­նե­րու ո­րո­նու­մը պէտք չէ՞ տա­րան­ջա­տել ցա­ւա­կից­նե­րու փնտռտու­քէն։ Վե­րա­դար­ձի ո­րո­նում­նե­րուն մէջ ա­նոնք հարց կու տան կամ կը ջա­նան հասկ­նալ, թէ ո՛վ է հա­յը։ Սա միեւ­նոյն ժա­մա­նակ փոր­ձա­քար մըն է նաեւ մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին դա­սուող­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Այդ տու­ժա­ծի հո­գե­վի­ճա­կը այ­սօր ար­դէն կը վե­րա­ցա­կա­նաց­նէ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը, կ­­՚ամ­լաց­նէ զայն։ Ճիշդ է, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման մեծ ար­հա­ւիրք­նե­րը, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, լուրջ հետ­քեր կրնան թո­ղուլ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը յի­շո­ղու­թեան կամ դի­մագ­ծին վրայ, բայց այդ բո­լո­րը պէտք չէ հաս­նին ա­նոր ինք­նու­թեան գո­յա­տեւ­ման սպառ­նա­լու աս­տի­ճա­նին։ Հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու գրա­ւոր մշա­կոյ­թի տէր հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան չա­փում­նե­րը կա­րե­լի՞ է սահ­մա­նա­փա­կել միակ ա­ռանց­քի մը շուրջ։ Ծպտեալ հա­յե­րու վե­րա­դար­ձի խնդրին հան­դէպ վե­րա­բեր­մուն­քը ան­կա­րե­լի է կա­խուա­ծու­թեան մէջ դնել՝ կա­նոն­նե­րէ կամ օ­րէնք­նե­րէ։ Էա­կա­նը ըն­թա­ցա­կար­գի մը մշա­կու­մը չէ։ Այդ բո­լո­րը ան­շուշտ, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը ձե­ւա­ւո­րուին. տար­բեր հարց։ Ծպտեալ­նե­րու պա­րա­գա­յին, սա­կայն, հար­ցը պէտք է մա­տու­ցուի ա­ւե­լի խոր­քա­յին եւ ամ­բող­ջա­կան, հա­մա­պար­փակ ձե­ւով։ Մօ­տե­ցու­մը պէտք է այն ըլ­լայ, որ հա­յը շարք մը ար­ժէք­նե­րու, ժա­ռան­գու­թեան մը կրողն է։ Հա­յու­թեան հա­մար­կի­լը ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ է՝ այդ ժա­ռան­գու­թեան հա­ղորդ դառ­նա­լու եւ մնա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան, յանձ­նա­ռու­թեան հետ։ Ճիշդ է, որ կան բա­զում մար­դիկ, ո­րոնք ի ծնէ կը դա­սուին այդ ժա­ռան­գու­թեան յա­ջորդ­նե­րու շար­քին, սա­կայն կ­­՚ապ­րին լրիւ ան­կապ։ Այս ե­րե­ւոյ­թը, սա­կայն, չի կրնար ստուե­րել այն ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ չա­փա­հաս մար­դիկ նման նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին գի­տակ­ցա­կան հար­թու­թեան վրայ իւ­րա­ցու­ցած պէտք է ըլ­լան ճամ­բա­բա­ժա­նի մը պա­հուն կողմ­նո­րոշ­ման զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այդ գի­տակ­ցու­թեան պրիս­մա­կէն կը բիւ­րե­ղա­նան նաեւ վա­րա­դար­ձի նա­խընտ­րու­թեան մղում­ներն ու հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը։ Հար­ցը՝ հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան ա­նա­ղարտ պա­հուիլն է ա­ռա­ջին հեր­թին եւ այս­տեղ մարդ­կա­յին գոր­ծօ­նը ա­ռանց­քա­յին է։

Հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պա­րա­գա­յին միա­ձու­լուած, նոյ­նա­ցած են ազ­գա­յինն ու ե­կե­ղե­ցա­կա­նը։ Այդ ամ­բողջ վիթ­խա­րի ժա­ռան­գու­թեան հիմ­քին կը գտնուին այս եր­կու­քը։ Ա­նոնք են, որ կը պայ­մա­նա­ւո­րեն հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան նկա­րա­գի­րը, ա­նոր կող­մէ կեր­տուած ժա­ռան­գու­թիւ­նով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծուած ար­ժէք­նե­րով հան­դերձ։ Ինք­նու­թեան բա­նա­լի­ներն ալ թաք­նուած են այս­տեղ։ Ի­մաստ չ­­ու­նի ընդվ­զիլ ի­րո­ղու­թեան դէմ։ Ճշմար­տու­թիւն­նե­րը չեն կրնար փո­խուիլ պոռթ­կում­նե­րով։ Չէ՞ որ ճշմար­տու­թիւ­նը կը մարմ­նա­ւո­րէ բա­ցար­ձակ եւ ան­դի­մադ­րե­լի ամ­րու­թիւ­նը, տո­կու­նու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, վե­րա­դար­ձի թեկ­նա­ծու­նե­րը պէտք է բա­րի ըլ­լան՝ խա­ղի կա­նոն­նե­րուն հնա­զան­դիլ կան­խաւ։ Զա­նոնք քա­ջա­լե­րող­ներն ալ պէտք է հասկ­նան, թէ ո­չին­չի կը ծա­ռա­յէ ա­նոնց ար­հես­տա­կան ճկու­նա­ցու­մը։ Այս­տեղ բուն հար­ցը կամքն է, յօ­ժա՛ր կամ­քը։ Ինք­նու­թիւ­նը, ըստ էու­թեան, յա­ջոր­դա­կա­նու­թեա՛ն, շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեա՛ն հարց մըն է։ Ուս­տի, ե­թէ թե­լը փրթի, ա­պա, ու­զես-չու­զես, վե­րա­կան­գու­մը չ՚են­թադ­րեր հարթ գոր­ծըն­թաց մը։

Ծպտեալ հա­յե­րու վե­րա­դար­ձի խնդի­րը կ­­՚ա­ռըն­չուի զա­նա­զան նուրբ նիւ­թե­րու. ինչ­պէս՝ Հա­յաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թեան լծակ­նե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս, Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի-պե­տու­թիւն կա­պե­րը, հայ-թրքա­կան եւ հայ-քրդա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Այս բո­լո­րը թէ՛ ա­ռանձ­նա­պէս եւ թէ ի­րա­րու հետ ա­մե­նայն յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ։

Փոք­րա­ցեալ, կլո­պալ աշ­խար­հին մէջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը ճիւ­ղա­ւո­րուին, ա­կա­մա­յ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015