ՃՇԴԵԼ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովը բառին բուն իմաստով գաղափարներու, տեսակէտներու արտայայտման տարափի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Մշակուած ծաւալուն ծրագիրը գործադրուեցաւ խտացեալ աշխատանքի մը միջավայրին մէջ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, մէկ կողմէ նժարի վրայ դրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրները, իսկ միւս կողմէ արժեւորուեցան հայ իրականութեան այս մեծագոյն բարենպատակ կառոյցի աշխարհատարած ցանցի գործունէութեան ուղղութիւնները։ Այս բոլորի հատման կէտին վրայ ընդգծուեցաւ նոր առաջնահերթութիւնները ճշդելու կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, ՀԲԸՄ ներկայիս կ՚առաջնորդուի մեծ պատկերին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու ռազմավարութեամբ՝ թէ՛ մօտաւոր եւ թէ հեռահար ապագայի պարագային։ Այս ամբողջին մէջ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամները միշտ ընդգծեցին նոր յանձնառութիւններով հանդէս գալու կարեւորութիւնը՝ միշտ առողջ ուժերու համախմբման ենթահողին վրայ։

Ընդհանուր ժողովի գումարուած օրուան գրեթէ շուրջօրեայ աշխատանքին մէջ բոլոր ատենախօսներու արտայայտութիւններէն ի յայտ եկաւ հիմնական հանգամանք մը։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքը կը գիտակցի, որ այսօր հրատապ առաջնահերթութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ճանապարհին զօրակցութիւն ցուցաբերելը, որպէսզի կարելի դառնայ խնայել երկրին ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Մետայլի միւս երեսակին, այդ զօրակցութիւնը ՀԲԸՄ-ի կողմէ կարելի է առաւելագոյն մակարդակի հասցնել՝ այնքան ատեն, որ այս կառոյցը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան, կը ծառայէ բուն նպատակներուն, կ՚արդարացնէ լինելութիւնը եւ մանաւանդ՝ սփիւռքի կենսունակութեան ուղղեալ ջանքերը չեն անտեսուիր։ Արդարեւ, այսօր սփիւռքի կենսունակութիւնն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան վիճակած մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ճանապարհին դարձած է նախապայման մը։

ՀԲԸՄ-ի համագումարին ընթացքին այս բոլորի լոյսին տակ միշտ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ ժառանգութեան փոխանցման խնդիրը։ Արդարեւ, ժառանգութեան փոխանցում ըսուածը կ՚ենթադրէ այնպիսի յաջորդականութիւն մը, որու տկարացման կամ կորուստի պարագային արդէն ինքնաբերաբար յառաջ կու գայ նաեւ զօրակցութեան թուլացման վտանգը։

Համագումարի ընթացքին արտայայտուած տեսակէտներուն եւ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին ՀԲԸՄ-ին վիճակած անկանխատեսելի արշաւներուն տեսանկիւնէն կարեւոր բանաձեւումներ ալ հնչեցին՝ զանազան ատենախօսներու բերնով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեանի ելոյթին մէջ նշուածը։ Արդարեւ, իր խօսքով, արդիականացուած ենթակառուցուածքներ ունենալը մեծ ճկունութիւն մը կ՚ապահովէ՝ պահու տակ հրատապ կարիքներուն արձագանգելու համար։ Սա իսկապէս կարեւոր դիտարկում մըն էր եւ մասնաւորապէս անոր նշանակութիւնը բիւրեղացաւ՝ երբ յիշեցուեցաւ, որ ՀԲԸՄ որքան ազդու ձեւով շարժման անցած էր, երբ պատահած էին Պէյրութի նաւահանգիստի սաստիկ պայթումը եւ աւելի վերջ ալ ծագած էր 44-օրեայ պատերազմը։ ՀԲԸՄ-ի կամաւորներուն տեսած գործը իսկապէս անփոխարինելի նշանակութիւն ունեցած էր Լիբանանի հայութեան տեսակէտէ։ Իսկ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ եւ աւելի վերջ ՀԲԸՄ-ին կողմէ կատարուած աշխատանքը բնորոշուեցաւ այս կառոյցի պատմութեան ամբողջին մէջ ամենամեծ փորձութիւններէն մին։ Արդարեւ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, 44-օրեայ պատերազմին, նաեւ քորոնաժահրի համավարակի ժամանակաշրջանին մօտաւորապէս 20 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ միջոցներ յատկացուցած էր՝ այսպէսով տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներու կեանքին դպելով։

Այս բոլորը բացատրելու, արժեւորելու, այս բոլորի լոյսին տակ քննարկումներ ընելով արդիւնքները ապագային ցոլացնելու որոնումներուն մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան մեծ ընտանիքը միշտ ժամանակակից, նորարարական ոգիով նախաձեռնութիւններ ընելու հակուած է, ինչ որ բիւրեղացաւ նաեւ ընդհանուր ժողովի օրերուն։ Այդ որոնումներուն մէջ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի բանբերները միշտ իրենց ուշադրութիւնը թէեւ կեդրոնացուցած էին ապագայի վրայ, սակայն նաեւ նոյնպէս միշտ կ՚ընդգծէին իրենց աւանդական կարգախօսը. «Միութիւնը զօրութիւն է»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022