ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ամպամած էր քանի օրէ ի վեր քաղաքամայր Երեւանի երկինքը՝ ինչպէս մեր ներաշխարհը։ Ձմրան օրով բռնած ենք Թոխմախի գերեզմանատան ճանապարհը՝ թէեւ այսօր բացած է օդը։ Մեքենաները մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի լուսահոգի Բաբգէն Արարքցեանի շիրիմը. մահուան առաջին տարելիցն է։ Ամէն ինչ տարբեր կ՚երեւի աչքիս։ Ըստ էութեան, կը յիշեմ մեր վերջին շփումը... Երեւանի մէջ էի, ինք հիւանդանոցէն նոր դուրս եկած էր ու տկար՝ թէեւ տունը, բայց, մարդու հետ առանց շփուելու, իսկ ես վիրահատութեամբ պայմանաւորուած խառն հոգեվիճակի մէջ։ Ինչպէս միշտ, չէր նախընտրած իր մասին շատ պատմել, բայց, մանրամասն հարցուցած էր իմ մասին։ Համարձակած էի քիչ մը յամառիլ իր մասին հասկնալու համար։ Նուազագոյնը ըսած էր, մասամբ շնչասպառ, զգալի էր ձայնէն։ «Լաւ, Արա, կապ պահէ...» ու այդ շփումէն վերջ խզուեցաւ մեր կապը՝ վերածուելով միակողմանի հաղորդակցութեան մը, որ կ՚ուղղորդուի անսահման կարօտով...

*

Տարի մը առաջ, երբ բօթը հասած էր, Փարիզի մէջ էի. քաղաք, որու երբեմնի հայերէն օրաթերթին լուրերը անձամբ հասցուցած էր տարիներ շարունակ։ Հեռաձայնիս պաստառին վրայ յայտնուածը ի՞նչ էր. «Կեանքից հեռացել է Բաբգէն Արարքցեանը»։ Բաբգէն Արարքցեա՞նը, կեանքէ հեռացած էր, թէ կեանքը իրմէ։ Քարացած ու փշաթափուած էի այն աստիճան, որ միայն տարի մը անց կը կարողանամ քանի մը նախադասութիւն մրոտել թուղթի վրայ իր մասին։

Դժուար է՝ քանի անգամ մը, որ Բաբգէն Արարքցեանը ճանչցած ըլլաս, վերջ, չես կրնար կեանքէդ հեռացնել։ Հետք կը թողէ էութեանդ վրայ՝ այն աստիճան, որ քեզ կը կլանէ մտաւորական խորութեամբ ու մարդկային ազնուութեամբ, նկարագրի առաքինութեամբ, նաեւ իրատեսութեամբ։ Իր մարմնաւորած կերպարի հէնքը՝ կեանքի փիլիսոփայութիւն ըսուածէն շատ աւելին ու անդին բան մըն էր կարծես։

*

Ու մենք կ՚ընթանանք դէպի իր շիրիմը։ «Լաւ, Արա, կապ պահէ...», լաւ, բայց, ինչպէ՞ս։ Առաջին անգամ, կարծես, իրեն վերաբերեալ նիւթի մը շուրջ այսքան թանձր վերացականութիւն մը կայ։ Կը մտաբերեմ իր սաստումները, երբ խօսքը կը հասնէր զգացականութեան սահմանին. «Լաւ, լաւ, էլի մի սկսիք...», բայց, այսօր ինչպէ՞ս չսկսինք. չէինք ալ վերջացուցած, որ սկսինք կամ չսկսինք։ Լոկ անգամ մը փորձենք չհնազանդիլ։

*

Վաղ 90-ականներուն ճանչցած էի Բաբգէն Արարքցեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ։ Պոլսոյ մէջ ճանչցած էինք զիրար, այսինքն բախտ վիճակած էր խորհրդարանի առաջին նախագահին ծանօթանալ՝ նախքան առաջին անգամ Հայաստան այցելելը։ Յետոյ, առաջին անգամ, որ Երեւան այցելեցի, զինքը վերագտած էի պաշտօնական ընդունարանին մէջ։ Բազկաթոռի ետեւի եռագոյնին վսեմութիւնը կարծես կը համալրուէր իր առթած պատկառանքին հետ։ Ի՜նչ երկիւղ ապրած էի դիմացը, սիրալիր հայեացքով, ժպտուն դէմքով կը հարցնէր տպաւորութիւններս. զրոյց, որու ընթացքին այդ պահու դրութեամբ նոյնիսկ տեղեակ չէի Թոխմախի գերեզմանատան գոյութեան։

«Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ, անկախ Հայաստանի Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Բաբգէն Արարքցեան... 26 սեպտեմբեր 1996 թուականի դէպքերէն վերջ, կէս գիշերն անց, հեռուստացոյցի պաստառին վրայ տեսած էի զինքը։ Չեմ գիտեր, ա՞յդ պահուն աւելի ճարահատ կը զգայի ու ցնցուած, թէ հիմա։ 1998-ին իշխանութիւն փոխուեցաւ։ Խորհրդարանի փոխարէն սկսած էի այցելել բնակարանը։ Ինքը նո՛յնն էր։ Իր կերպարը դիրքէն կախում չունէր։ Անշուշտ, կուռք մը չէր, բայց, գաղափարի եւ արժէքի մարդ էր եւ թէ գերագոյն աստիճանի։ Յետոյ հիմնեց «Արմատ» կեդրոնը, որու առաջին հրատարակած գիրքի սկիզբին տեղ տրուած էր իմ կողմէ իր հետ կատարուած հարցազրոյցին։ Անբացատրելի զգացում մըն էր նուաստիս համար, կարծես Փուլիցերի մրցանակ ստացած ըլլայի։

Իշխանափոխութենէն վերջ ընտանեօք այցելած էր Պոլիս, նաեւ որդւոյն հետ Վան, ուր կը հասնէր իր ընտանիքին արմատները, Արարքց գիւղէն էին։ Լիարժէք անհատի մարմնաւորման յարիր էր՝ արմատական մարզաձեւերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։ Չեմ գիտեր, քանի՞ թենիսի խաղ դիտած ենք իրարու հետ, բայց, ընթացքին զրոյցի խորքայնութիւնը երբեք չէր ազդուեր։

Պետական մտքի, պետականակեդրոն մտածելակերպի բացարձակ ջատագով մըն էր։ Ամէն անգամ, որ տուեալ պահու իրադրութեան մասին նիւթի մը շուրջ կարծիքը կը հարցնէի, պատասխանը կը սկսէր իր անշեղ առանցքով. «Արա ճան, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օրէնք կայ, որ...»։

*

Ինքնաշարժին մէջ, երկինքին նայելով կը հարցնեմ ես ինծի, թէ մեր կեանքէն Բաբգէն Արարքցեան մը եկաւ-անցա՞ւ, բայց, անցա՞ւ իսկապէս. դժուար...

Իր գաղափարներու եւ համոզումներու ներգործութենէն անդին, յիշողութիւնս կարծես կ՚ողողուի իրեն վերաբերեալ դրուագներով։ Անկախ Հայաստանի առաջին նամականիշները նուիրած էր ու զանոնք կը մնան իմ հաւաքածոյին մէջ։ Մասունքի վերածուած են այդ դրոշմաթուղթերը։ Ու տակաւին իր նուիրած «Նայիրի» քոնեաքը։ Կնոջս հետ մեր ամենալուրջ վէճերէն մին ունեցած էինք, երբ ակամայ բացած էր Արարքցեանի նուիրած շիշը, որու պարունակութեան կէսը տակաւին կայ ու կը մնա՜յ։

Իշխանափոխութենէն վերջ պիտի գար Պոլիս։ Կազմակերպչական բոլոր մանրամասնութիւնները լրջօրէն քննարկած էինք նախօրօք։ «Արա ճան, երկու օր ալ Վան պիտի երթամ Գուրգէնին հետ, այդ ընթացքին Կարինէն ու Վանանէն քու վրայ...»։ Հիմա չեմ կրնար կողմնորոշուիլ, թէ ո՞րն էր աւելի կարեւոր. այդ արտատպուած հարցազրո՞յցս, թէ այդ վստահութիւնը։

Տիկին Կարինէ Աւագեանը, Արարքցեան Գուրգէնը, Աստղիկը, Վանանէն, նոյնքան սիրելի Մարիաննա Վասիլեանն ու Մարթին Գալստեանը ու տակաւին ովքե՜ր։ Ահա՛, միշտ միասին ենք, ծաղիկներ կը խոնարհինք իր շիրմին, կ՚աղօթենք, խունկ կը ծխենք։ Իր անթառամ յիշատակը կու գայ բազմապատկել իրարու նկատմամբ մեր սէրը։ Իր վերյիշումը կը թարմացնէ մեր հաւատարմութիւնը իրարու նկատմամբ՝ մեր հարազատութեան ճանապարհին։ Իր պատկերին առջեւ, իրեն նկատմամբ սիրոյ, յարգանքի ու կարօտի հասարակաց յայտարարին վրայ բոլորս կը զգանք, թէ «իրարու վրայ ենք...», անբեկանելի հաստատակամութեամբ։

Նուիրական է Բաբգէն Արարքցեանի յիշատակը, որ կը պատգամէ ամէն ինչէ վեր դասել հայոց ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեան յարատեւութիւնը։ Կ՚ոգեկոչենք հեղինակաւոր պետական գործիչ մը, վառ գիտնական մը, երախտաշատ ընտանիքի մարդ մը։ Ի՜նչ հարստութիւն, ի՜նչ բախտաւորութիւն եւ ի՜նչ անփոխարինելի զգացում է՝ անոր մտերմութեան առարկայ դարձած ըլլալը։ Սեղանի գլուխ, երբ բան մը պիտի բացատրէր, ձեռքը ակամայ կ՚երթար թուղթին, գրիչը կ՚առնէր կա՛մ կը գծէր եւ կամ տուեալներ կ՚արձանագրէր։ Ձեռագիրը... տառերը կը նմանէին թուանշանի, իսկ թուանշանները՝ տառի։ Ուրոյն էր ամէն ինչով ու անզուգական։ Իւրաքանչիւր ուղղութեամբ բոլոր ածականները կ՚արդարացնէր։ Յամենայնդէպս, այն աստիճան ազատամիտ ու ազատատենչ էր, որ նոյնիսկ կ՚ուզէր ազատուիլ ածականներու կամ դրուատական որակումներու կաշկանդումէն։

Եւ այսօր, երբ իր 80-ամեակն ու մահուան առաջին տարելիցը համընկնած են, մենք ժամանակի այդ խորհուրդին մէջ մխիթարութիւն կը փնտռենք՝ մեր մատնուած անբացատրելի զրկանքի զգացումը յաղթահարելու կամ մեղմացնելու համար։

Կեանքի ոդիսականին բերած փորձութիւնները ժամանակներու մէջ գիտցած էր վերագրել իր կեանքի փիլիսոփայութեան ամբողջին։ Օր մը կը զրուցէինք օրակարգային հարցի մը շուրջ։ Անձ մը կար բանտարկուած եւ ինք կը համարէր անարդար։ Ես ալ պահու տակ օգտագործած էի արտայայտութիւն մը, որ թերագնահատման տպաւորութիւն ստեղծած էր իր մօտ։ Հակադարձած էր սուր. «Դուն գիտե՞ս ի՛նչ է բանտը...»։ Սա այն բազում «բան»երէն մին էր, որ ես չէի գիտեր, բայց ինք գիտէր։ Խօսակցութեան մէջ ոճը երբեք ուսուցողական չէր, բայց իր հետ զրոյցը, շփումը դասի համազօր էր։

Լաւ, պարոն Արարքցեան, կապ պահեցէ՛ք…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2024