ԽՕՍՔ ՀՐԱԺԵՇՏԻ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻՆ, ԱՄԵՆԱԽՈՐԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԲԻ՜ՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ
Հայաշխարհը այսօր հրաժեշտ կու տայ մեծ պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանին, որու մահը վերջին օրերուն համատարած ցաւ ստեղծեց։ Հայ ժողովուրդի ծնունդ տուած վիթխարի գիտնականներէն մին էր ան։ Յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ Անահիտ Տէր-Մինասեան, որ իր ետին կը թողու ահաւոր ժառանգութիւն մը, աննկարագրելի աւանդ մը, որոնց առջեւ բոլորը կը խոնարհին անսահման երախտագիտութեամբ եւ բիւր յարգանքով. զգացումներ որոնք ներկայ տխուր փուլին կը բնորոշեն նաեւ մեր հոգեբանութիւնը։
Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ հեղինակաւոր պատմաբան, ֆրանսահայ ականաւոր մտաւորական Անահիտ Տէր-Մինասեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ֆրանսահայ համայնքը վերջին ամիսներուն տուաւ ծանր կորուստներ՝ Շարլ Ազնաւուր, Արսէն Չաքարեան, Միշել Լըկրան եւ հիմա ալ Անահիտ Տէր-Մինասեան։ Իր ամենայն համեստութիւնով հանդերձ, ան պարզ ակադեմական մը, շարքային պատմաբան մը չէր, որովհետեւ այն ինչ, որ կ՚ընէր՝ չէր ըներ որպէս գործ, այլեւ իր ըրածը կ՚ընկալէր իբրեւ իր լինելութեան պատճառը։ Բառին բուն իմաստով նուիրեալ մըն էր եւ այդ նուիրումին շնորհիւ նուաճած՝ անգերազանցելի գագաթ մը։
Անահիտ Տէր-Մինասեան պատմութեան սեփականութիւնը դարձած անձնաւորութիւն մըն է, կենդանութեան իսկ օրօք դասականացած գիտնական մը։ Սա, իրականութեան մէջ, կը պարտադրէ, որ հրաժեշտի փուլին իր տարած աշխատանքը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուի, սակայն Անահիտ Տէր-Մինասեանին հետ այնքան քաղցր յուշեր ունինք, որ կարծես կարելի չ՚ըլլար ձերբազատուիլ անոնցմէ։ Իր ապրած կեանքին եւ ծաւալած գիտական աշխատանքին մասնագիտական արժեւորման արդիւնքը, անշուշտ, շատ բարձր է եւ այդ կէտին վրայ ալ դեր ունեցած են իր մարդկային առաքինութիւնները։
Անահիտ Տէր-Մինասեան շառաւիղն էր ընտանիքի մը, որուն առատօրէն բաժին վիճակած էր եղեռնի ծանր հետեւանքներէն։ Աւելի՛ն, կարծեմ նախախնամական տնօրինութեամբ, ան իր կեանքը միացուցած էր նման ճակատագիր ունեցած ընտանիքի մը զաւկին հետ։ Հանգուցեալ իր ամուսնոյն գերդաստանին անունը անմիջականօրէն առընչակից է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հետ։ Երկուքն ալ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը Ֆրանսայի մէջ ապրեցան անհայրենիք մարդու, հայ գաղթականի կարգավիճակով։ Անահիտ Տէր-Մինասեան այդ բոլորը ժառանգեց՝ որպէս յիշողութիւն, որով գծեց իր կեանքի ուղին։ Երբեք քէն դուրս չբերաւ այդ յիշողութենէն, երբեք չարտօնեց, որ քինախնդրութեան նման զգացումներ ճնշեն այդ յիշողութեան վրայ, որ պայմանաւորեց իր կեանքի ընթացքը։ Ան հպարտօրէն կրեց իր ճակատագիրը եւ իր յիշողութիւնը երբեք չլքեց՝ այն աստիճան, որ անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը դարձաւ իր առաքելութիւնը։ Այդ յիշողութեան հետքերուն մէջ խորանալով՝ ան դարձաւ պատմաբան։ Բազմակողմանի գիտնական մը եղաւ՝ իր յիշողութեան բազում ծալքերու ցոլացումով։ Պայքարի, դատի կերպար մը եղաւ, սակայն երբեք գիտութիւնը չօգտագործեց՝ որպէս քարոզչամիջոց։ Իր յիշողութեան նկատմամբ այնքան նախանձախնդիր էր, որ անոր մղումով ներգրաւուած գիտական ոլորտին մէջ ալ միշտ եղաւ բծախնդիր, խորքային եւ յարակից ազդեցութիւններէ զերծ։ Սա եւս իր արժանապատուութեան սահմանումներէն մին էր։ Միշտ իր բարձրութեան վրայ էր, հեռու ամբոխավարական ձգտումներէ։ Բայց եւ այնպէս, փղոսկրեայ աշտարակի մէջ ալ չէր ապրեր, միշտ ժողովուրդին հետ էր, ֆրանսահայ կեանքի ձեռնարկներուն կը բերէր մասնակցութիւն ու ներդրում։ Հարցաքննող էր, երկխօսութեան բաց էր եւ հեռու՝ կանխակալ կարծիքներէ։
Անահիտ Տէր-Մինասեան դպրոց մը կը մարմնաւորէր ինքնին։ Ան ֆրանսահայ արդի պատմաբաններու փաղանգի վառ դէմքերէն մին էր։ Իր ժամանակակիցներու շարքին են Քլոտ Արմէն Մութաֆեան, Ռայմոն Յարութիւն Գէորգեան, Քլէր Մուրատեան, եւ այլք։ Երիցագոյններէն էր այդ փաղանգին, որ հայոց պատմութեան վրայ լոյս կը սփռէ տասնամեակներու վաստակով։
Փարիզի այսօրուան յուղարկաւորութենէն վերջ, Անահիտ Տէր-Մինասեանի մարմինը կը փոխադրուի Պրէօթայն, ուր ամփոփուած է իր հանգուցեալ ամուսնոյն մարմինը եւ իր ալ կտակը եղած է յաւերժ ննջել անոր մօտ։ Ան վաղուց պատմութեան մէջ ապահոված է իր պատուոյ դիրքը եւ վստահաբար գիտութեան վերելքով, գիտական մտահորիզոնի յարատեւ ընդլայնումով իր կերպարը կը վերարտադրուի ժամանակներու մէջ ու տակաւ կը բիւրեղանայ իր տեսած մեծ գործին արժէքը։
Հողը թեթեւ գայ մեծ հայուն, մեծ մտաւորականին՝ Անահիտ Տէր-Մինասեանի վրայ։ Թող ննջէ լոյսերու մէջ։ Խոնարհում իր անթառամ յիշատակին առջեւ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ