Կենսունակ դառնալու աւիշ
Կրթական բնագաւառը թրքահայ իրականութեան մօտ երկար տասնամեակներէ ի վեր նոյնացած է քարացած խնդիրներով։ Վէրք մը, որ կը կոտտայ շատ երկար ժամանակէ ի վեր ու չի սպիանար դժբախտաբար։
Երեւոյթին մտահոգիչ բնոյթը կը շեշտուի այն հանգամանքի լոյսին տակ, թէ մեծ զոհողութիւններ կը կատարուին, վիթխարի միջոցներ կը ներդրուին մեր վարժարաններուն համար։ Սկզբունքօրէն, այդ յանձնառութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է եւ ունի մեր հաւաքական կեանքէն ներս, սակայն շատ երկար ժամանակէ ի վեր այս համայնքին քաղած արդիւնքը այնքան տկար է, որ կարծես, թէ այդ սկզբունքէն ակամայ կամ գործնականօրէն շեղելու պարագայ մը յառաջացած է։
Դառն ախտաճանաչումը այն է, որ մեր վարժարաններու ցանցը տկարացած է, նուազած՝ մեր դպրոցներուն ձգողականութիւնը, մեր կրթական դրութիւնը փտած է, անդամալուծուած՝ համակարգը։ Այլանդակ վիճակ մը կայ ընդհանուր առմամբ։ Բնականաբար, կարելի է անսահմանօրէն երկարել այս տխուր իրադրութեան նկարագրումը, բայց ի՛նչ օգուտ։
Զանազան առիթներով նշած ենք, թէ կայ պարզ հաշուարկ մը։ Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ այսօր ուսում կը ստանայ շուրջ երեք հազար աշակերտ։ Սա կը նշանակէ, որ վերջին տասը տար-ւան ընթացքին միջին հաշուով շուրջ երեսուն հազար աշակերտ անցած է մեր վարժարաններու նստարաններէն։ Իսկ մենք այս վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, այդ երեսուն հազար աշակերտներու շարքին ունեցա՞ծ ենք գոնէ երեք շրջանաւարտ, որ կատարել կամ անոր մօտ մակարդակով տիրապետէ հայոց լեզուին եւ նոյն մակարդակով ծանօթութիւն մը ունենայ մեր հաւատքին մասին։ Ախտաճանաչումներու համար մասնագէտներէն առաջ իյնալը կամ զանոնք կանխելը, անտարակոյս, կ՚ըլլայ մակերեսայնութիւն, բայց եւ այնպէս երեւոյթը բոլորի աչքին առջեւ է՝ ամենայն յստակութեամբ, անվիճելի բնոյթով։
Այլ խօսքով, մեր վարժարանները այսօր շեղած են իրենց բուն առաքելութեան ճանապարհէն։ Անոնք դադրած են ծառայելէ իրենց գոյութեան նպատակին, որովհետեւ պատշաճ ձեւով չեն ջամբեր լեզուի եւ կրօնի ուսում։ Սա չի՛ նշանակեր, որ անոնք միայն լեզու եւ կրօն պիտի դասաւանդեն, սա չի՛ նշանակեր, որ մնացեալները երկրորդական պիտի դասուին։ Մեր վարժարաններուն մէջ պիտի կերտուին կատարեալ մարդիկ ու կատարեալ հայեր։ Միթէ կրնա՞յ ըլլալ մէկը միւսի հաշւոյն։ Հարցումն անգամ ծիծաղելի է։
Իւրաքանչիւր հաստատութեան գործունէութեան յաջողութիւնը չափելու ժամանակ առաջին հերթին հաշուի կ՚առնուին այն հանգամանքները, որոնք տուեալ կառոյցի առանձնայատկութիւններուն հետ առընչուած են։ Աւելի վերջ է, որ նկատի կ՚առնուին ընդհանուր հանգամանքները։ Երկար տարիներէ ի վեր պոլսահայ վարժարաններէն ներս անտեսուած է հայերէնը։ Բոլորը, առ երեւոյթ, մայրենիի նկատմամբ սէր փառաբանելով, տխուր խաբկանքի մը տարրերը դարձած են դժբախտաբար։ Այո՛, անտեսուած է հայերէնը։ Այլասերած, այլանդակած մեր վարժարանները այսօրուան կացութեան հասած են ամբոխավարութեան եւ անսկզբունքայնութեան ճիրաններուն մէջ։ Մսխուած են այս ժողովուրդին միջոցները, անխնաօրէ՛ն։ Ի՛նչ բարեփոխում, ի՛նչ նորութիւն որ կատարուած է կէս ու կիսկատար, երբեք խորքային ձեւով չէ ընդգրկած հայերէնը։ Անխղճօրէն այս համայնքի աչքին առջեւ դրուած են վիճակագրական տուեալներ, ըստ որոնց մեր վարժարանները յաճախող աշակերտներու ծնողներուն պատկառելի տոկոսը կարեւորութիւն չ՚ընծայեր հայոց լեզուի ուսուցման։ Եւս առաւե՛լ, ո՛չ մէկը համարձակութիւն ունեցած է ուրիշ վարժարանի մը դուռը ցոյց տալու այդպիսիներուն։ Առկայ վիճակը, ուղղակիօրէն, ամօթալի է, իսկ այդ ամօթը ընդգծելու պատճառը կամ մղումը չէ ոեւէ մէկը վիրաւորել կամ փնտռել մեղաւորներ, քաւութեան նոխազներ։ Հաւաքական ամօթները կը շեշտուին միայն ու միայն դաս քաղելու համար։ Հաւաքական ամօթները կրնան յաղթահարուիլ միայն ու միայն հաւաքական ճիգերով, որպէսզի միասնաբար նոր ճանապարհ մը գտնելը դառնայ հնարաւոր։
Մեր վարժարաններու այսօր մատնուած փակուղին ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուի, առանց այլեւս երկարելու առկայ յուսալքութիւնը։ Մեր կրթական համակարգի ձախողման երկար ժամանակահատուածի փորձառութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ մեզի։ Սա պէտք է ընել ապագայն երաշխաւորելու համար, ապա գոնէ պէտք է հասկնալ, թէ այլեւս ի՛նչ բան պէտք չէ ընել։
Ներկայիս գաղտնիք չէ, որ մեր լիսէներուն մէջ հայերէնի դասաժամերուն, հայոց լեզուի ուսուցիչը կրնայ յանդգնիլ տղոց ըսելու, թէ մէկ կողմ թողուի հայերէնը եւ խօսք ծաւալուի ընդհանուր օրակարգային հարցերու շուրջ։ Առանց հայկականութեան ակունքներուն հասնելու բանալին աշակերտներուն յանձնելու, առանց տարրական գիտելիքը փոխանցելու՝ ենթակայական առաջնահերթութիւններով ինքնութիւն կերտելու ջանքերը որեւէ առողջ արդիւնքի գետին չեն կրնար պատրաստել։ Անհատի սորվելու, գիտնալու ազատութիւնը, ներթափանցելու հնարաւորութիւնը կամայ թէ ակամայ կաշկանդելը ո՞ւր կրնայ տանիլ հայ դպրոցը։ Մեր վարժարանները ոմանց համար ուղեղ լուալու փորձեր ընելու միջավայրեր պէտք չէ ըլլան, որքան որ ալ օրինակները ըլլան շատ սակաւ, անոնք պէտք չէ թունաւորեն կրթական գործին մթնոլորտը։
Հայերէնի ուսուցիչներուն խորհրդանշած կերպարը ներկայիս մեղք, որ ստացած է ահազանգային բնոյթ։ Հայերէնի ուսուցիչները այսօր հայերէն գործեր կը թարգմանեն այլ լեզուներու, մինչդեռ իրենցմէ առաջին հերթին կ՚ակնկալուի ճիշդ հակառակը։
Այսինքն, տասնամեակներու ձախողման փորձը այսօր անհերքելիօրէն կ՚ապացուցանէ, որ մեր վարժարաններու պարագային վերելք մը ապահովել կարելի պիտի ըլլայ՝ հայոց լեզուի եւ կրօնի ուսուցման պարագային արմատական փոփոխութիւններ ընելէ, նաեւ շօշափելի արդիւնքներ քաղելէ վերջ։ Սա է նախապայմանը։ Այսօր այլեւս պարզ է, որ եթէ մեր կրթական հաստատութիւնները չընդգծեն իրենց առանձնայատկութիւնը, չշեշտադրեն իրենց տարբերութիւնը եւ եթէ շարունակեն ուրիշներու հետ նոյնանալու, ուրիշներուն նմանելու ճանապարհով, ապա պիտի շարունակուի առկայ արիւնահոսութիւնը, պիտի նուազի անոնց ձգողականութիւնը, դպրոցները տակաւ պիտի դառնան անմրցունակ եւ աստիճանաբար պիտի իմաստազրկուի անոնց գոյութիւնը։
Առկայ փակուղին յաղթահարելու անհրաժեշտ նախապայմաններէն մին է վարչական կամքը։ Մեր վարժարաններու այս մեծ ձախողման պատմութիւնը, ըստ էութեան, ծնունդ առած է այն փուլէն սկսեալ, երբ իւրաքանչիւրը սկսած են ղեկավարուիլ առանձին, ինքնագլուխ։ Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ այսօր մեր վարժարանները կը համարուին լիարժէք ցանց մը։ Ուրեմն, վարչական կամքը անհրաժեշտ է միասնական ջանքերով, թարմ եռանդով ու նոր տեսլականով մը շարժման անցընելու համար։
Հուսկ, Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի երէկ պաշտօնապէս հրապարակուած ամբողջականացման ծրագիրն ալ ողջունելի եւ յուսադրիչ է այս ծիրին մէջ։ Մաղթենք ամէն ինչ ընթանայ բարեյաջող եւ այս դրական օրինակը ներշնչանքի աղբիւր մը ըլլայ մեր կրթական համակարգին նոր կենսունակութիւն մը ապահովելու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ