Պունտեսթակի որոշումը եւ թրքահայ համայնքը (Բ.)
Թրքահայ համայնքի օրակարգը արտասովոր նիւթով մը զգալիօրէն ծանրաբեռնուեցաւ վերջին օրերուն։ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշումով մը Գերմանիա պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղեսպանութիւնը։ Երկրէն ներս յառաջացած բողոքի ալիքի մթնոլորտին մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։ Այս երեւոյթն ալ համայնքի կարգ մը շրջանակներուն մօտ տեղի տուաւ տարակարծութիւններու։ Նախընթաց օր ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ տեղի ունեցան երկու ժողովներ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան նոյնաժամանակ երկու նիստեր։ Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով, իսկ Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) արտահերթ դռնփակ ժողովը։ Երէկ արդէն մանրամասնօրէն նկարագրած էինք Գումգաբուի մէջ Երկուշաբթի երեկոյեան սկսած եւ կէս գիշերը անց աւարտած աշխատանքներուն ընթացքը։ Այսօր արդէն թէ՛ Կրօնական ժողովին եւ թէ VADİP-ին կողմէ հրապարակուած երկու պաշտօնական զեկոյցները լոյս կը տեսնեն մամուլին մէջ։
Հարկ է նշել, որ Կրօնական ժողովի զեկոյցին բովանդակութիւնը ունի պատշաճ կշիռ մը։ Այնտեղ հրապարակուած է կարեւոր մանրամասնութիւն մը, ըստ որու Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր աշխարհական վարիչներուն կողմէ տրուած խորհուրդներուն հիման վրայ Հանրապետութեան նախագահին ուղարկած է նամակ մը։ Կրօնական ժողովի եւ VADİP-ի զեկոյցները կը բովանդակեն ուշագրաւ հասարակաց կէտ մը։ Արդարեւ, երկուքն ալ յարմար կը դատեն, որ ապագային նման պարագաներու մէջ համայնքի վերաբերմունքը պէտք է արտայայտուի աւելի լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններով։ Լաւ է, որ այդ մօտեցումին կտրուածքով կը համընկնի Կրօնական ժողովին եւ VADİP-ի վերաբերմունքը։ Թէեւ մեր լսումներով՝ Կրօնական ժողովի եւ VADİP-ի կողմէ այդ հասարակաց կէտին վերագրուած իմաստը կամ այնտեղ տողերու արանքին տրուած պատգամը տարբեր է։ Կրօնական ժողովը, ըստ երեւոյթին, կ՚ուզէ ապահովել, որ խնդրայարոյց նման իրավիճակներու մէջ Պատրիարքական Աթոռը քաւութեան նոխած չդառնայ եւ այս պատճառով պատասխանատուութիւնը բաժնելու կը հրաւիրէ համայնքի աշխարհական վարիչները, ինչ որ ունի իր տրամաբանութիւնը։ Իսկ VADİP-ի կողմէ վերագրուած իմաստը աւելի պայմանական, պայմանադրական բնոյթ մը ունի։ VADİP-ի ակնարկութիւնը, ըստ երեւոյթին, այն է՝ որ համայնքի աշխարհական վարիչները կը ձգտին որոշ չափով սահմանափակել կամ հաւասարակշռել Պատրիարքարանի քայլերը՝ համայնքի ընհանուր ներկայացուցչական նիւթերուն շուրջ։ VADİP-ի վերջին դռնփակ ժողովին վերաբերեալ մեր ունեցած լսումները կը հաստատեն այս վարկածը։
Պունտեսթակի որոշման բերումով ստեղծուած աղմուկը մեր համայնքին վրայ անդրադարձած է անմիջականօրէն եւ այդ ազդեցութեան խնդիրը, ըստ երեւոյթին, կ՚ամփոփուի այսօր մեր մամուլին մէջ լոյս տեսած երկու զեկոյցներով։ Սակայն, բուն խնդիրը կը մնայ առկայ։ Ըստ մեր անպաշտօն լսումներուն, VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին կարգ մը համայնքային վարիչներ արդարօրէն հարց տուած են, թէ եթէ ապագային ալ ըլլան նման իրադարձութիւններ, ապա ի՞նչ պիտի ընէ մեր համայնքը։ Անտարակոյս սա արդար հարցադրում մըն է եւ այս կապակցութեամբ անպայման պէտք է մտածել երկարաժամկէտ մօտեցումով։ Համայնքի աշխարհական վարիչները Պատրիարքարանին հետ խորհրդակցաբար պէտք է ճանապարհ մը գտնեն, որպէսզի հաւասարակշռուած ընդհանուր մօտեցում մը որդեգրուի՝ հայկական հարցի արտասահմանի դրսեւորումներուն առընչութեամբ։ Սկզբունքային շրջագիծ մը պէտք է ունենայ մեր համայնքը, որպէսզի ամէն անգամ խուճապի մը չենթարկուի, այդ խուճապին մէջ չապրի նաեւ ներքին տարակարծութիւններ։ Մնաց որ, այդ ներքին տարակարծութիւնները յաճախ արտասահմանի մէջ կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ այս հարցին շուրջ մեր համայնքը լուրջ ճնշումի մը տակ կը գտնուի։ Այսինքն, երկրին կամ պետութեան նկատմամբ հաւատարմութիւն վերահաստատելու ջանքերը այնքան սիրողականութեամբ կը գործադրուին, որ վերջին հաշուով ոչ թէ խնդիրներ կը լուծեն, այլ նոյնիսկ կրնան նոր հարցեր ծնիլ։
Համախումբ եւ իրատես աշխատանքը այս պարագային եւս համայնքի յաջողութեան հիմնական գրաւականն է։ Ոչ թէ վախը, այլ միտքը պէտք է գերադասէ այս որոնումներուն մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024