ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԿԵԴՐՈՆ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքային ծրագիրը, ճիշդ է, որ բաւական յագեցած էր։ Բայց եւ այնպէս, այդ բոլորէն անդին, այս անգամուան ընդհանուր ժողովը ունէր առանձնայատուկ նշանակութիւն մը։ Արդարեւ, Հայաստանի վերանկախացած վերջին շուրջ տասն տարիներուն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը միշտ հետամուտ եղած է հայաստանակեդրոն գործունէութեան։ Այս սկզբունքին բերումով ան յաճախ ենթարկուած է նաեւ սուր քննադատութիւններու։ Անշուշտ, բոլոր հաստատութիւններու գործունէութեան մէջ կրնան ըլլալ քննադատելի կէտեր, ինչ որ հասկնալի է եւ անպայման պէտք է բարձրաձայնել, որպէսզի տուեալ հաստատութեան գործունէութիւնը կատարելագործման, թարմացման հունի մը մէջ դնել կարելի ըլլայ։ Սա մէկ կողմէ սկզբունքային ճշմարտութիւն մըն է։ Իսկ միւս կողմէ, Արցախեան երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը ձեւով մը եկած է արդարացնել՝ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր ՀԲԸՄ-ի որդեգրած հայաստանակեդրոն մտածելակերպով գործունէութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմին ծանր հետեւանքները հայ իրականութիւնը այնպիսի տագնապի մը մատնած են, որ յառաջացած խնդիրները այլեւս միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան շրջանակին մէջ չեն մնար։ Հայոց պետականութիւնը մէկ կողմէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, իսկ միւս կողմէ վերջին շուրջ երեք տարուան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ մարտահրաւէրները ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կ՚առընչուին նաեւ սփիւռքին։ Արդարեւ, այսօր աւելի քան երբեք ի յայտ եկած է այն ճշմարտութիւնը, թէ առանց ամուր, կայուն, հետեւաբար նաեւ ձգողականութիւնը բարձր պետականութեան մը գոյութեան՝ սփիւռքի լինելութեան, հայապահպանութեան ուղղեալ պայքարը բացարձակապէս յաջողութեան չի կրնար հասնիլ։

*

ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովի լուսաբանման եւ անոր զուգահեռ թերթիս մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարքին մէջ հրատարակուած այս բոլոր լուսանկարներուն համար կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել՝ Երեւանի «Ֆոթոլուր» գործակալութեան՝ մասնաւորապէս յայտնի լուսանկարիչներ՝ Վահրամ Պաղտասարեանի եւ Հայկ Պաղտասարեանի, ինչպէս նաեւ նոյնպէս յայտնի լուսանկարիչներ՝ Դաւիթ Յակոբեանի եւ Գրիգոր Եփրեմեանի, որոնք համագործակցութեան ոգի ցուցաբերեցին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- վերջ -

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022