Նուրբ կէտեր
Ընտրութիւններու խնդիրը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքային օրակարգի հիմնական հարցերէն մին։ Մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնը առկախեալ վիճակի մէջ է։ Այս խնդիրը թէեւ միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու պարագային ալ ի զօրու է, սակայն հարցի կիզակէտին կը գտնուի մեր համայնքը։ Այստեղ կայ քանի մը պատճառ։ Թրքահայութիւնը քանակի առումով ամենաբազմանդամ փոքրամասնական համայնքը կը հանդիսանայ, նաեւ հաստատութիւններու թիւն ալ բաւական բարձր է։ Ճիշդ է, որ յոյն համայնքը մեր համայնքին բաղդատմամբ շատ աւելի բարձր թիւով վաքըֆներ ունի, սակայն յոյներուն թիւը այնքան նուազած է, որ շատ աւելի տարբեր կառավարման համակարգ մը գտնելու ստիպողութիւնը կայ։ Հրեայ համայնքի անդամներուն թիւը թէեւ բաւական բարձր է յոյներուն բաղդատմամբ, սակայն այդ պարագային ալ հաստատութիւններու թիւը անբաղդատելիօրէն նուազ է։ Ասորիներու պարագային ալ կացութիւնը գրեթէ նոյնն է, որովհետեւ անոնց ալ վաքըֆներու թիւը բաւական սահմանափակ է։ Այս համայնապատկերին վրայ արդէն ինքնաբերաբար ի յայտ կու գայ թրքահայ համայնքի պարագան։ Արդարեւ, մեր համայնքը մէկ կողմէ ունի քանի մը տասնեակ հազար անդամ եւ զուգահեռաբար քանի մը տասնեակ կարեւոր հաստատութիւն։ Բոլոր անոնք, որոնք փոքրամասնութիւններու առկախեալ ընտրութեան հարցի նրբութիւններուն որոշ չափով տեղեակ են՝ արդէն կը գիտակցին, որ խնդրի կիզակէտին կը գտնուի թրքահայ համայնքը։
Վերջին տարիներուն յաճախ կը խօսուի, որ ընտրութեան հարցին շուրջ մեր համայնքէն ներս ընդհանուր համաձայնութեան մը մթնոլորտը չէ ստեղծուած եւ քոնսենսիւսի այդ պակասը զանազան դրսեւորումներ ունեցած է նաեւ յաչս պետութեան, ուստի, սա լուրջ գործօն մըն է, որ կը խոչընդոտէ ընտրութիւնները։ Այսինքն, պետական պատկան մարմինները պատրաստակամ չեն ըլլար փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան համար նոր կանոնադրութիւն մը ընդունիլ եւ մեր համայնքի ընդհանուր կացութիւնը այս առումով ցոյց կը տրուի որպէս լուրջ պատճառ։
Դիւանակալական կամ ընթացակարգային հանգամանքներէ անկախ, ներքին առումով մեր համայնքէն ներս ի՞նչ է վիճակը։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկուին կամ կ՚ընկալուին ընտրական խնդիրները։ Սա շատ կարեւոր հարց մըն է։ Այսօր գրեթէ բոլորին համար յստակ է, որ մեր համայնքէն ներս ընտրութեան խնդիրը կը դիտարկուի՝ հաւաքական հարստութիւնը բաժնելու տեսանկիւնէն։ Համայնքէն ներս ստեղծուած են բեւեռներ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մտահոգուի, որ համայնքի հաւաքական հարստութենէն իրեն բաւարար բաժին պիտի չհասնի եւ այդ մտահոգութեան հիման վրայ պատկերացումներ կը ձեւաւորուին առկայ ընտրական փակուղիէն ելքի հեռանկարին շուրջ։ Այս հոգեբանութիւնը ունի իր տրամաբանութիւնը, որովհետեւ մեր համայնքի ընդհանուր կառավարումը հետզհետէ կախեալ կը դառնայ անհատներէ, վարչայիններու քմահաճոյքէ ու հետզհետէ կը դադրին՝ որպէս հաստատութիւն կառավարման նախընթացները։ Ուստի, մարդիկ կը նկատեն ընդհանուր երաշխիքներու պակաս մը եւ համապատասխան հոգեբանութիւնը, այդ հոգեբանութեամբ կատարուած միջամտութիւնները, նախաձեռնութիւնները կու գան խորացնել առկայ փակուղին։
Թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններու խնդրին շուրջ մեր համայնքէ ներս ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտի մը հասնելու համար նախապայման մը դարձած է ընդհանուր արդարութեան միջավայրի մը երաշխաւորուիլը։ Այս հարցի կիզակէտին կը գտնուին մեր ունեւոր հաստատութիւնները, մանաւանդ մեր այն հաստատութիւնները, որոնք վերջին շրջանին սկսած են լուրջ նիւթական միջոցներ տնօրինել։ Թէեւ պէտք է խուսափիլ աճապարանքով խորհրդածելէ, սակայն, դժբախտաբար, այժմու օրինակները այդքան ալ դրական չեն եւ յոյս չեն ներշնչեր այդ ընդհանուր արդարութեան մթնոլորտի երաշխաւորման տեսակէտէ։
Տեսնենք, այս առումով նորութիւններու հասնիլ կարելի պիտի ըլլա՞յ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
editor@jamanak.com