Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ. համայնքը ելք մը կ՚որոնէ առկայ փակուղին յաղթահարելու համար...

Տա­րես­կիզ­բին, Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սուրբ ծննդեան ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին, հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ այժմ ար­դէն հրա­ժա­րեալ՝ այդ պա­հու դրու­թեամբ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան փո­խա­նա­կե­ցին դրուա­տա­լից խօս­քեր։ Եր­կուքն ալ անդ­րա­դար­ձան պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան յայտ­նեց, որ թէ­կուզ ան­խու­սա­փե­լի ո­րոշ թե­րա­ցում­նե­րով, սա­կայն Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ա­նու­րա­նա­լի ջան­քե­րով շուրջ ութ տա­րիէ ի վեր կ՚ըն­թա­նան Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ հա­մայն­քա­յին գոր­ծե­րը։ Իր կար­գին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մա­սին։ Տա­րե­մու­տին այս ե­րե­ւոյ­թը իս­կա­պէս շատ ող­ջու­նե­լի էր՝ մեր հա­մայն­քի բո­լոր բա­նի­մաց խա­ւե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջին քա­ռոր­դին տե­ղի ու­նե­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րը ի վեր­ջոյ լուծ­ման հո­րի­զոն մը ու­րուագ­ծած էր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ հար­ցին հա­մար։ Այս ձեռք­բե­րու­մը ա­պա­հո­վուած էր՝ շնոր­հիւ քա­ղա­քիս եր­կու սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տին։ Ա­նոնց մի­ջեւ գո­յա­ցած էր հա­մա­խո­հու­թիւն մը, փո­խա­դարձ ըմբռ­նում մը, ինչ որ գլխա­ւոր գրա­ւա­կանն էր նա­խընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար։ Պարզ էր, որ գոր­ծըն­թա­ցին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին հարթ պի­տի չըլ­լար, սա­կայն նա­խընտ­րա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ա­ռողջ հու­նի մը մէջ պա­հե­լու գլխա­ւոր ե­րաշ­խի­քը կը հա­մա­րուէր քա­ղա­քիս եր­կու սրբա­զան­նե­րուն եղ­բայ­րա­կան ու նպա­տա-­կաս­լաց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը հռչա­կուած էր թա­փուր, Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քը վերջ­նա­կա­նօ­րէն կո­չուած էր հանգս­տեան եւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ դի­մում կա­տա­րե­լու փու­լը հա­սած էր։ Ա­ռա­ջին դժուա­րու­թիւն­նե­րը ծա­գած էին՝ դի­մում-նա­մա­կի բո­վան­դա­կու­թեան, պա­րու­նա­կե­լիք ձե­ւա­կեր­պում­նե­րուն շուրջ։ Տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով հան­դերձ կա­րե­լի ե­ղած էր գտնել մի­ջին եզր մը։ Գործ­նա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն այս պա­րա­գան ալ լա­ւա­տե­սու­թեան հիմք դար­ձաւ։ Վերջ ի վեր­ջոյ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կա­րե­լի էր աշ­խա­տիլ միա­սին եւ հաս­նիլ հա­մա­տեղ ար­դիւն­քի մը։ Յաղ­թա­հա­րուած փոր­ձու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տան­քի շա­րու­նա­կու­թեան տե­սան­կիւ­նէն՝ որ­պէս ա­մուր նա­խադ­րեալ ըն­կա­լե­լու հա­կ-ւած էին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը, ո­րոնք կը վստա­հէին ա­նոնց ա­չալր­ջու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեան։

Սուրբ Ծնուն­դէն ի վեր ան­ցաւ շատ կարճ ժա­մա­նակ, հա­զիւ քա­նի մը շա­բաթ։ Եւ այ­սօր մեր հա­մայն­քը շատ հե­ռու է տա­րե­մու­տի այդ լա­ւա­տե­սու­թե­նէն։ Քա­ղա­քիս եր­կու սրբա­զան­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ե­ղած է տակ­նուվ­րայ։ Ա­նոնք կար­ծես ճա­կատ հար­թա­րած ըլ­լա­յին ի­րա­րու դէմ։ Յո­ռե­տե­սու­թիւնն ու յու­սա­հա­տու­թիւ­նը դար­ձեալ գե­րե­վա­րած են մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը։ Փո­թոր­կա­լից օ­րե­րէ կ՚անց­նի թրքա­հա­յու­թիւ­նը. մռայլ է դար­ձեալ մեր եր­կին­քը։ Ան­կան­խա­տե­սե­լի ի­րադ­րու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցած է թրքա­հա­յու­թեան կեան­քէն ներս։ Այ­սօր բո­լո­րի մտքին մէջ կայ հե­տե­ւեալ հար­ցու­մը. ի՞նչ ե­ղաւ, ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ, որ տա­կա­ւին քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ հրա­պա­րա­կաւ գո­վա­սանք­ներ փո­խա­նա­կած քա­ղա­քիս եր­կու սրբա­զան­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւ­նը հու­նէ դուրս ե­կաւ եւ ա­նոնք ի­րե­րա­մերժ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով յայտ­նուե­ցան ան­հաշտ պայ­քա­րի մը մէջ։ Մա­կե­րե­սա­յին պատ­ճառ­նե­րը յայտ­նի են՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ։ Ա­յո՛, ճիշդ, սա­կայն այդ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կա­յին միշտ։ Այդ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, եր­կու սրբա­զան­նե­րը մշա­կե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, բա­ւա­կան ժա­մա­նակ ըն­թա­ցան եղ­բայ­րա­կան սի­րով ու ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ եւ ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ, որ ա­նոնց հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը խա­թա­ր-ւե­ցաւ եւ ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հա­սան խզման կէ­տին։

Թէեւ հար­ցը կրնայ ու­նե­նալ շատ ա­ւե­լի խոր­քա­յին ծալ­քեր եւ սկզբուն­քօ­րէն զերծ պէտք է մնալ մա­կե­րե­սայ­նու­թեան վտան­գէն, սա­կայն ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով մեր տպա­ւո­րու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է։ Այս տագ­նա­պին մէջ ի­րենց ակն­յայտ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նին մեր հա­մայն­քի այն շրջա­նակ­նե­րը, ո­րոնք հա­մակ­րանք կը տա­ծեն ար­տա­սահ­մա­նի պատ­րիար­քա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րուն նկատ­մամբ։ Այ­սինքն, քա­ղա­քիս եր­կու սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցած հա­մա­խո­հու­թիւ­նը, պարզ է, որ հե­ռանկա­րա­յին ա­ռու­մով ար­տա­սահ­մա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րուն պատ­րիար­քա­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը գրե­թէ պի­տի բա­ցա­ռէր։ Հե­տե­ւա­բար, ու­ժե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նը հա­շուի առ­նե­լով, հասկ­նա­լիօ­րէն, ա­նոնց հա­մա­կիր­նե­րը շարժ­ման ան­ցան՝ կան­խե­լու հա­մար այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը։ Ճար­տար քայ­լե­րով այդ շրջա­նակ­նե­րը փոր­ձե­ցին թու­նա­ւո­րել եր­կու սրբա­զան­նե­րուն դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։ Ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւով փոր­ձե­ցին ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նել Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի վրայ։ Ա­ռանց զգաց­նե­լու ճնշման մի­ջոց­ներ գոր­ծադ­րե­ցին եւ ի­րենց մար­տա­վա­րու­թիւ­նը ար­դա­րա­ցաւ։ Թող նե­րուի մե­զի ը­սել, որ մեր դի­տար­կու­մով՝ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան դժբախ­տա­բար ին­կաւ այդ ծու­ղա­կին մէջ։

Այս վար­կա­ծը, բնա­կա­նա­բար, ու­նի նաեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի վե­րա­բե­րեալ ե­րե­սակ­ներ։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի ութ տա­րիէ ի վեր ձա­խող­ման մէջ ան ու­նի իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, մեղ­քի բա­ժի­նը։ Բո­լո­րին ծա­նօթ է, որ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը վա­ղուց ո­րոշ չկա­մու­թիւն կը դրսե­ւո­րէ ընտ­րու­թեան ձառ­նար­կե­լու ճա­նա­պար­հին։ Այս բո­լո­րը ան­վի­ճե­լի են։ Բայց եւ այն­պէս, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի չկա­մու­թիւ­նով հան­դերձ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ տե­ղա­շարժ ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ՝ շնոր­հիւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Ա­րամ Սրբա­զա­նը նո՛յն Ա­րամ Սրբա­զանն էր, սա­կայն կա­րե­լի ե­ղաւ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րով Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը հռչա­կել թա­փուր, Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քը կո­չել հանգս­տեան եւ հաս­նիլ նոր ի­րադ­րու­թեամբ պե­տու­թեան դի­մե­լու փու­լին՝ ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հա­մար։ Սա­հակ Սրբա­զան ան­ցեալ աշ­նան մե­զի տուած եւ այս սիւ­նա­կին մէջ հրա­տա­րա­կուած եր­կա­րա­շունչ հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ար­դէն ինք ը­սած էր, որ ե­պիս­կո­պո­սի մը ա­տե­նա­պետ դառ­նա­լու պա­րա­գան բարձ­րա­ցու­ցած էր Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը եւ Ա­րամ Սրբա­զանն ալ սկսած էր ա­ւե­լի մեծ վստա­հու­թիւն տա­ծել ա­նոր նկատ­մամբ։ Ա­րամ Սրբա­զա­նը նո՛յն Ա­րամ Սրբա­զանն էր, երբ Սա­հակ Սրբա­զա­նի համ­բե­րա­տար ու շի­նիչ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ ա­պա­հո­վուե­ցան այս ձեռք­բե­րում­նե­րը։ Մեղք, որ այս գոր­ծըն­թա­ցը չու­նե­ցաւ տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, վե­րո­յի­շեալ ներ­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան սկսաւ գե­րագ­նա­հա­տել իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, այս­պէ­սով տու­ժեց ա­նոնց մի­ջեւ ստեղ­ծուած փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը եւ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը հու­նէ դուրս ե­կաւ։ Այս­պէ­սով, դժբախ­տա­բար, ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի էա­կան ձեռք­բե­րում­նե­րը կ՚են­թար­կուին վտան­գի եւ ի­րենց խան­գա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւ­նը վերս­տին բախ­տեր կը ծնի ար­տա­սահ­մա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ար­տա­սահ­մա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րուն հա­մա­կիր շրջա­նակ­նե­րը Սա­հակ Սրբա­զա­նին զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լով ձե­ւով մը զին­քը հրահ­րած են։ Ան անդ­րա­դար­ձած է, որ գե­րագ­նա­հա­տե­լով իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ սխալ հա­շուարկ ը­րած է։ Այս­պէ­սով, այդ յու­սա­խա­բու­թեամբ ան ու­նե­ցած է այն պոռթ­կու­մը, ո­րով ներ­կա­յիս հա­մայն­քէն ներս յա­ռա­ջա­ցած է տագ­նապ մը։ Նոյն շրջա­նակ­նե­րը այ­սօր կը ջա­նան հե­րո­սաց­նել Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը։ Այս­պէ­սով ա­նոնք կ՚ամ­րապն­դեն ի­րենց դիր­քը։ Սա­հակ Սրբա­զա­նի մի­ջո­ցաւ կը հա­րուա­ծեն Ա­րամ Սրբա­զա­նը։ Տեղ­ւոյն սրբա­զան­նե­րուն հա­մա­խո­հու­թեան խա­թա­րու­մը, ինք­նա­բե­րա­բար, բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծէ ար­տա­սահ­մա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Առ­կայ ճգնա­ժա­մը ա­նոնց տե­սան­կիւ­նէն ա­պա­հո­ված է նաեւ ու­րիշ նպաս­տա­ւոր ար­դիւնք մը։ Ար­դա­րեւ, գործ­նա­կա­նօ­րէն, պատ­րիար­քի թեկ­նա­ծու սրբա­զան­նե­րու ցու­ցա­կէն պակ­սած է ա­նուն մը։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան յստա­կօ­րէն յայ­տա­րա­րած է, որ պատ­րիար­քի թեկ­նա­ծու պի­տի չըլ­լայ։ Ո­րոշ մար­դիկ այ­սօր թէ­կուզ Սա­հակ Սրբա­զա­նը պաշտ­պա­նել կը ձե­ւաց­նեն, սա­կայն գործ­նա­կան ար­դիւն­քը այն է, որ ար­տա­սահ­մա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ պակ­սած է մրցա­կից մը։ Ոե­ւէ մէ­կը վի­րա­ւո­րել չենք ու­զեր, սա­կայն այ­սօր կո­կոր­դի­լո­սի ար­ցունք­ներ կը հո­սե­ցուին Սա­հակ Սրբա­զա­նին հա­մար։ Դառն ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը զրկուած է այ­լընտ­րան­քէ մը, մեր հա­մայն­քը կորսն­ցու­ցած է կա­րե­ւոր թեկ­նա­ծու մը։ Ա­ւե­լի՛ն, այ­սօր նոյ­նիսկ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ընդ­դի­մա­դիր կարգ մը դէմ­քեր կը մատ­նան­շեն, որ Սա­հակ Սրբա­զան նպա­տա­կա­յար­մար քայլ մը չէ ա­ռած, ո­րով­հե­տեւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը հի­մա ու­նի ա­ռա­ւել եւս ինք­նագ­լուխ գոր­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն։

Մի­ջան­կեալ ձե­ւով նշենք, որ այս հան­գա­ման­քին զուսպ ձե­ւով վեր­ջին օ­րե­րուն ակ­նար­կած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։ Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վի դռնփակ բաժ­նին ըն­թաց­քին ալ ան ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն հետ բաժ­նած է հա­մա­պա­տաս­խան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։

Գա­լով այն հիմ­նա­կան հարց­ման, թէ հի­մա ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ... Հա­մայն­քը ինչ­պէ՞ս պի­տի յաղ­թա­հա­րէ առ­կայ փա­կու­ղին։ Լա­ւա­տես մօ­տե­ցու­մով մը պէտք է ակն­կա­լել, որ այս տագ­նա­պը նոր հնա­րա­ւո­րու­թեան մը վե­րա­ծե­լու ճար­տա­րու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րեն մեր հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը։ Թէ՛ հա­մայն­քա­յին կեան­քը բնա­կա­նոն հու­նի վե­րա­դարձ­նե­լու եւ թէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, որ հաշ­տու­թիւն մը ա­պա­հո­վուի եր­կու սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ սա դիւ­րին գործ մը չէ, մէկ օ­րէն միւ­սը լու­ծուե­լիք հարց մը չէ։ Ճիշդ է, որ յաչս հան­րա­յին կար­ծի­քին Ա­րամ Սրբա­զան կը կրէ ընտ­րու­թիւ­նը ձգձգե­լու, յա­պա­ղեց­նե­լու բե­ռը, սա­կայն Սա­հակ Սրբա­զանն ալ ան­հա­ւա­տա­լի հա­կա­սու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կած է այս վեր­ջերս։ Մա­նա­ւանդ այս վեր­ջին տագ­նա­պի ծա­գե­լուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի ի­րեն։ Ա­րամ Սրբա­զա­նին գոր­ծած սխալ­նե­րը չեն կրնար զին­քը զերծ պա­հել այդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն։ Ան ա­ռած է քա­նի մը սխալ քայ­լեր, ո­րոնք չու­նին ար­դա­րա­ցում։ Մեր նպա­տա­կը չէ սրբա­զան­նե­րը մե­ղադ­րել կամ դա­տել. քաւ լի­ցի։ Բայց ա­նոնց հա­ւա­նա­կան հաշ­տու­թեան հե­ռան­կա­րը քննար­կե­լու ժա­մա­նակ կշիռ­քի վրայ պէտք է դրուին բո­լոր գոր­ծօն­նե­րը եւ ճշմար­տու­թիւն­նե­րը։

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, եր­կու սրբա­զան­նե­րէն պէտք է ակն­կա­լել ո­րոշ քայ­լեր, որ­պէս­զի ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, աս­տի­ճա­նա­բար այս տագ­նա­պը յաղ­թա­հա­րուի։ Ա­նոնք այս խնդրին պէտք չէ մօ­տե­նան թեկ­նա­ծուի ինք­նու­թեամբ, այլ կա­ցու­թիւ­նը պէտք է մեկ­նա­բա­նեն որ­պէս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի միա­բան։ Ի­րենց թեկ­նա­ծուա­կան տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով չեն կրնար շու­քի տակ թո­ղուլ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու միւս ան­դամ­նե­րուն կող­մէ բարձ­րա­ցուած ա­ղա­ղա­կը, թէ ա­նըն­դու­նե­լի է մեր ա­ւան­դա­կան գի­ծէն շե­ղու­մը։ Պա­տաս­խա­նա­տու կամ մե­ղա­ւոր, մա­նա­ւանդ նաեւ քա­ւու­թեան նո­խազ չենք փնտռեր։ Եր­կու սրբա­զան­նե­րը պէտք է զի­րար փոխլ­րաց­նեն։ Բաց խօ­սինք, ըլ­լանք ան­կեղծ ու բա­նանք փա­կա­գի­ծե­րը։

Սկսինք Ա­րամ Սրբա­զա­նէն։ Մեր կար­ծի­քով, ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը պէտք է տե­ւա­կա­նաց­նէ իր որ­դեգ­րած պա­ղա­րիւ­նու­թիւ­նը եւ շա­րու­նա­կէ իր ար­տա­յայ­տած եղ­բայ­րա­կան մօ­տե­ցու­մը բո­լոր հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ան այս փու­լին յա­ջո­ղած է մնալ իր բարձ­րու­թեան վրայ, պէտք է շա­րու­նա­կէ այդ­պէս ու պէտք է ըլ­լայ նե­րո­ղա­միտ, հան­դուր­ժող՝ հե­ռու մնա­լով հա­ւա­նա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու մտադ­րու­թե­նէն։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նած է, որ ցաւ կ՚ապ­րի։ Այդ ցա­ւը որ­քան որ ալ մեծ ըլ­լայ, ան պէտք է յա­ջո­ղի պա­հել կա­ռա­վա­րե­լի սահ­ման­նե­րու մէջ։ Ան­շուշտ տրա­մա­բա­նա­կան սահ­ման­նե­րու մէջ, Ա­րամ Սրբա­զան պէտք չէ բար­դոյթ մը հա­մա­րէ Սա­հակ Սրբա­զա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։ Սա պի­տի չըլ­լայ զի­ջում մը, այլ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գի շա­հուն հա­մար զո­հո­ղու­թիւն մը։

Ու­րեմն, Սա­հակ Սրբա­զա­նի պա­րա­գա­յին... Մեր կար­ծի­քով, ի­րեն վի­ճա­կած բա­ժի­նը ա­ւե­լի մեծ է։ Ան այ­լեւս եր­բեք պէտք չէ կրկնէ հայ­հո­յա­լից ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ Սա­հակ Սրբա­զան այս վար­չա­կան տագ­նա­պը հան­րու­թեան մա­տու­ցե­լու ժա­մա­նակ զերծ պէտք է մնայ իր կեան­քի հա­շուեկ­շիռն ու մարդ­կայ­նօ­րէն հասկ­նա­լի յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րը հար­ցին միա­խառ­նե­լէ։ Ան ան­գամ մըն ալ եր­բեք պէտք չէ կրկնէ, որ «այս ե­կե­ղե­ցիին տուած է իր առ­նա­կա­նու­թիւ­նը, չու­նի ըն­տա­նիք մը, ե­րեք հա­մալ­սա­րան ա­ւար­տած ըլ­լա­լով հան­դերձ կ՚ապ­րի 20 քա­ռա­կու­սի մեթր սե­նեա­կի մը մէջ եւ այլն»։ Ժո­ղո­վուր­դը գի­տէ Սա­հակ Սրբա­զա­նի հա­սու­նու­թիւ­նը, կը գնա­հա­տէ իր ար­ժէ­քը եւ այս ան­գամ ար­դէն հա­կուած է շու­տով մոռ­նալ այդ բո­լո­րը։ Ուս­տի, ան այս բո­լո­րը պէտք է լաւ պատ­կե­րաց­նէ։ Մեր հա­մոզ­մամբ, Սա­հակ Սրբա­զան ժամ ա­ռաջ պէտք է վե­րա­դառ­նայ Պատ­րիար­քա­րա­նի սե­նեա­կը ու պէտք է շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Ան այս շրջա­նին իր ու­նե­ցած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը պէտք չէ ծա­ռա­յեց­նէ հա­մայն­քին հետ նա­խա­պայ­ման­նե­րու լե­զուով խօ­սե­լու հա­մար։ Վերջ­նագ­րա­յին ո­ճով ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը յա­րիր չեն իր մարմ­նա­ւո­րած բա­րի, ազ­նիւ ու դրա­կան կեր­պա­րին։ Ան պէտք չէ փոր­ձէ հա­մայն­քը սուր եր­կընտ­րանք­նե­րու առ­ջեւ թո­ղուլ, պէտք չէ հա­մայն­քը նա­խընտ­րու­թեան մը պար­տադ­րէ ինք­զին­քին եւ Ա­րամ Սրբա­զա­նին մի­ջեւ։ Այ­սօր իր վա­յե­լած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Սա­հակ Սրբա­զան պէտք է ծա­ռա­յեց­նէ՝ իր մէջ ուժ գտնե­լու հա­մար հաշ­տուե­լու այն գա­ղա­փա­րին հետ, որ Ա­րամ Սրբա­զա­նին հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վերս­տին բնա­կա­նո­նա­ցու­մը զի­ջում մը չէ, այլ՝ կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը, ան­խու­սա­փե­լի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գի գե­րա­գոյն շա­հե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Այս «պէտք է»նե­րը, քաւ լի­ցի, որ ըլ­լան ու­սու­ցո­ղա­կան կամ թե­լադ­րա­կան ո­ճի մը ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։ Ա­նոնք բա­նա­ձե­ւումն են մեր հա­մայն­քին ի շահ կա­տա­րե­լա­պաշտ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու, պա­ռակ­տում­նե­րը վա­նե­լու եւ բո­լոր գե­տին­նե­րու վրայ միաս­նա­կա­նու­թեան կամք տես­նե­լու ձգտման։ Սպա­սենք ու տես­նենք, թէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը ի՛նչ նո­րու­թիւն­ներ վե­րա­պա­հած պի­տի ըլ­լան մե­զի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017