Ծափահարելի յաջողութիւն
«Շան» սինեմայի հրդեհին յաջորդած տասնամեակներուն Իսթանպուլի սրտին վրայ մնաց մեծ պարապութիւն մը, որ խորհրդանշական էր՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ որդեգրուած քաղաքականութեան մտայնութիւնը ցոլացնելու առումով։ Հսկայական տարածք մը կը թողուէր անարդիւնաւէտ եւ այդ երեւոյթին մէջ կը տեսնուէր «օգուտ» մը, զոր դժուար թէ ընկալելի կամ ըմբռնելի ըլլար ընդհանրացած իմաստով։
Փոխուեցան ժամանակները։ Այսօր այդ նոյն տարածքին վրայ կը կառուցուի «Շանսիթի»ն։ Նոյն համալիրէն ներս երկինք պիտի խոյանայ նաեւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի նոր շէնքը։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցած հիմնարկէքի արարողութիւնը իսկապէս տպաւորիչ էր։ Հոգաբարձութիւնը ապահոված է ծափահարելի յաջողութեան մը ամուր նախադրեալները։ Սա արդիւնքն է լուրջ տեսլականի մը, որուն պտուղները կրնան փոխել թրքահայութեան հաւաքական կեանքին ընթացքը։ Հիւանդանոցի նոր շէնքը պիտի ունենայ յիսուն հիւանդասենեակ, ներառեալ ութ մանկանց խնամքի բաժին եւ տասներկու բարձրակարգ դարմանման բաժանմունք։ Յամենայնդէպս, սա միայն հիւանդանոցի մը շինութեան ծրագիրը չէ, այլ ապագայ կառուցելու ուղղեալ նախագիծ մը։ Սա կրնայ բնորոշել ողջունելի անկիւնադարձի մը պատմական հանգրուանը՝ մեր հաւաքական կեանքէն ներս, ուր զգալի է լուրջ ձեռքբերումներու կարիքը։
Ուրեմն, բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Պեռնար Սարըպայի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ