Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը ինչպէ՞ս դուրս պիտի գայ առկայ տակնուվրայ կացութենէն
Մթագնած է դարձեալ մեր համայնքի երկինքը։ Երէկուան իրադարձութիւնները թէ՛ մտահոգութիւն եւ թէ անորոշութիւն ստեղծած են մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Թէ ինչպէ՞ս թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը դուրս պիտի գայ առկայ տակնուվրայ կացութենէն։ Սա է ներկայ հրատապ հարցը։
Իսթանպուլի կուսակալութենէն, փոխ-կուսակալ Ազիզ Մերճանի ստորագրութեամբ երէկ Պատրիարքարան ուղարկուած նամակը ռումբի ազդեցութիւն գործեց։ Իրաւական գործերու բաժանմունքէն ուղարկուած հրատապ նամակին մէջ նշուած է, որ տեղապահի ընտրութիւնով գործնականօրէն պիտի սկսէր պատրիարքական ընտրութեան ընթացակարգը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ պաշտօնական մարմինները վերահասու դարձած են այս իրադրութենէն։ Նամակին մէջ նշուած է, որ 16 Փետրուար 2017 թուականին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին պատահած ժխտական դէպքերը նկատի առնելով՝ ենթադրուած է, թէ այս գործընթացը համայնքէն ներս խռովութիւններու տեղի կրնայ տալ եւ պառակտումներ կրնայ յառաջացնել համայնքէն ներս։ Նշուած է նաեւ, որ պատրիարքական փոխանորդը կը գտնուի իր պաշտօնին գլուխը եւ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ հիմքերը, կանոններն ու նախընթացները մօտէն ծանօթ են համայնքին։ Այս ամբողջին մէջ եզրակացութիւնը այն է, որ իրաւականօրէն հնարաւոր չէ սկիզբ տալ ընտրական գործընթացին։
Այս նամակը, հասկնալիօրէն, ինչպէս ըսինք, ռումբի ազդեցութիւն գործած է համայնքային կեանքէն ներս։ Եկեղեցական համագումարի մասնակիցներն ալ երէկ չկրցան վերջնականօրէն կողմնորոշուիլ այս հարցին շուրջ։ Հիմա բոլոր հանգամանքները մանրամասնօրէն պարզաբանելու առաջադրութեամբ յառաջ պիտի տարուին աշխատանքներ։
Թէ՛ սկզբունքային եւ թէ գործնական առումով կշիռքի վրայ պէտք է դնել այս նամակը։ Համայնքէն ներս բնականաբար բազում շրջանակներ բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծած են։ Վէճեր ու մեկնաբանութիւններ կան, թէ այսպիսի միջամտութիւն մը Իսթանպուլի կուսակալութեան իրաւասութեան սահմաններէն դուրս կը մնայ։ Բոլոր տեսակէտները, անշուշտ, պէտք է յարգուին։ Բոլոր մօտեցումները, անշուշտ, պէտք է հաշուի առնուին։ Առաջին անգամ չէ, որ նման իրավիճակներ կը ստեղծուին համայնքային կեանքէն ներս, դիւանակալական մարմիններու կարգադրութիւններուն իրաւական հիմքերը կը հարցաքննուին։ Բայց եւ այնպէս, այս անգամուան հարցը աննախընթացօրէն լուրջ է։ Շատ պաղարիւն, շրջահայեաց պէտք է աշխատանք յառաջ տանիլ՝ հաշուի առնելով մեր համայնքին իրաւունքները։
Առանց սկզբունքներէ շեղելու, նաեւ գործնական բոլոր պատշաճութիւններն ալ յարգելով, այս ուղղութեամբ համադրութեան մը հասնելու նպատակներով պէտք է առաջնորդուիլ առկայ իրավիճակին մէջ։ Եկեղեցականաց համագումար ժողովը Պոլսոյ Պատրիարքութեան գերագոյն մարմինն է, հետեւաբար անկարելի է ոտնակոխ ընել այդ մէկը կամ ստուեր ածել անոր հեղինակութեան վրայ։ Նոյնքան կարեւոր է նաեւ պատկան իշխանութիւններուն հետ ամբողջական ներդաշնակութեան եւ փոխադարձ ըմբռնումի մէջ յառաջ ընթանալը։ Վերջին ինն տարիներու գործընթացին մէջ զանազան առիթներով վերահաստատուած է այս ճշմարտութիւնը, սակայն վերջին հաշուով համայնքը այսօր դարձեալ փակուղիի մը մէջ յայտնուած է։ Տեղապահ մը պաշտօնի կոչելով նոր պատրիարքի մը ընտրութեան գործընթացին ծնունդ տալու հաշուարկը ձախողած է։ Կուսակալութենէն երէկ ուղարկուած գրութիւնը ոչ միայն տեղապահի ընտրութիւնը կ՚առկախէ, այլ նաեւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մեկնարկը իրաւականօրէն անհնար կը նկատէ։
Վիճակը լուրջ է, սակայն անլուծելի հարց չկայ։ Ներկայիս շրջանառութեան մէջ են բազում մեկնաբանութիւններ, որոնցմէ մին ըստ երեւոյթին տրամաբանական է առաւել չափով՝ դրական լուծում մը ապահովելու տեսանկիւնէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ