ՓՐԿՈՒԻԼ ՓԱԿՈՒՂԻԷՆ…

Թրքա­հայ սա­նուց միու­թիւն­նե­րու, ա­կումբ­նե­րու եւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը ներ­կա­յիս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նուած են հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Վեր­ջերս Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու ժո­ղով­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին մեր հա­մայն­քին ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ի­րա­կա­նու­թիւ­նը բնու­թագ­րուե­ցաւ՝ բազ­մա­կող­մա­նի դի­տար­կում­նե­րու լոյ­սին ներ­քեւ։ Կան­խաւ ընդգ­ծենք, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի առ­կայ ան­ցու­մա­յին եր­կա­րա­տեւ գոր­ծըն­թա­ցը բազ­մա­թիւ ո­լորտ­նե­րու մէջ հա­մա­կարգ­ման պա­կա­սի մը տե­ղի կու տայ, իսկ այս վեր­ջին ժո­ղով­նե­րը ներ­կայ պայ­ման­նե­րո­վ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ վե­րա­բեր­մուն­քի մը ակն­յայտ դրսե­ւո­րու­մը կը հա­մա­րուին։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ նա­խա­գա­հեց այդ եր­կու խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն, եր­կար ժա­մեր յատ­կա­ցուց՝ ունկնդ­րե­լու հա­մար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կու­տա­կուած խնդիր­նե­րուն։ Հար­ցե­րը պար­զուե­ցան ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ ինք­նա­բե­րա­բար յայտ­նի դար­ձաւ, որ ինչ հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք պէտք է տա­նիլ ներ­կայ ան­բա­րեն­պաստ ըն­թաց­քը կա­սեց­նե­լու հա­մար։ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ժո­ղով­նե­րը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան մա­րա­թո­նա­յին քննար­կում­նե­րու, ո­րոնք զօ­րա­շար­ժի մթնո­լորտ մը կրնան ստեղ­ծել թրքա­հայ սա­նուց միու­թիւն­նե­րուն, ա­կումբ­նե­րուն եւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Հա­մայն­քա­յին կեան­քի միւս բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն նման, այս գետ­նին վրայ եւս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պա­կա­սը, ներ­դաշ­նա­կու­թեան բա­ցը զգա­լի է միան­շա­նակ։ Մա­շած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, լա­րուա­ծու­թիւն­ներ եւ յու­սա­խա­բու­թիւն­ներ մեր աչ­քին առ­ջեւ կը պար­զեն մոխ­րա­գոյն հա­մայ­նա­պատ­կեր մը։ Կարճ խօս­քով, պէտք է շեշ­տել, որ թէեւ ան­բա­ւա­րար, սա­կայն անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­մա­նը այս­տեղ եւս կամք ցու­ցա­բե­րելն է՝ որ­պէս­զի սի­ներ­ժի մը ստեղ­ծուի, մար­դիկ զի­րար վե­րա­վար­կա­ւո­րեն ու վե­րա­կանգ­նեն հա­ւա­տը թէ՛ ի­րա­րու եւ թէ ի­րենց միաս­նա­կան ու­ժին նկատ­մամբ։

Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ ե­րի­տա­սար­դու­թեան բնա­գա­ւա­ռը լրջօ­րէն ան­տե­սուած է մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Մեր հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռոյց­նե­րուն ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը էա­պէս նուա­զած է նոր սե­րուն­դի տե­սան­կիւ­նէն։ Այդ ցան­ցը քայլ չէ կրցած յար­մարց­նել ժա­մա­նա­կին։ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար յատ­կա­ցուած մի­ջոց­նե­րը, կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րը շատ սահ­մա­նա­փակ են։ Ճիշդ է, որ մեր հա­մայն­քը գեր­մարդ­կա­յին զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով բաց կը պա­հէ մեր վար­ժա­րան­նե­րը, սա­կայն դժբախ­տա­բար այդ­քա­նը բա­ւա­րար չըլ­լար մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­մայն­քա­յին կեան­քին ներգ­րա­ւե­լու հա­մար։ Մեր սա­նուց միու­թիւն­նե­րը գրե­թէ օ­տա­րա­ցած են տուեալ վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար։ Հա­մա­տա­րած ան­տար­բե­րու­թե­նէն ան­մասն չեն մնար նաեւ մար­զա­կումբ­նե­րը եւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րը։ Երգ­չա­խում­բերն ու պա­րա­խում­բե­րը ո­րոշ չա­փով կը պա­հեն ի­րենց հրա­պոյ­րը, ո­րով­հե­տեւ լե­զուի հար­ցէն զերծ են ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը, սա­կայն ա­նոնց ներգ­րա­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւնն ալ կ­­՚ըլ­լայ բա­ւա­կան հա­մեստ։ Մտայ­նու­թեան ե­ղա­փո­խու­թե­նէ սկսեալ, մին­չեւ ֆի­զի­քա­կան ան­բա­ւա­րար պայ­ման­ներ, յա­րա­փո­փոխ ճա­շակ­նե­րէ կամ նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րէ սկսեալ, մին­չեւ ձու­լու­մը՝ բարդ մար­տահ­րա­ւէր­ներ կան հա­մայն­քի օ­րա­կար­գին վրայ, ե­րի­տա­սար­դա­կան ո­լոր­տին կտրուած­քով։

Ի­րե­րան­ման ա­ռա­քե­լու­թեամբ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւ­նա­ւէտ ու նպա­տա­կաս­լաց հա­մա­կար­գու­մը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ան­յաղ­թա­հա­րե­լի խնդիր մըն է թրքա­հայ հա­մայն­քէն ներս։ Միու­թիւն­նե­րու եւ ա­կումբ­նե­րու պա­րա­գա­յին եւս այդ գերխն­դի­րը կ՚ու­նե­նայ ծան­րակ­շիռ հե­տե­ւանք­ներ։ Այս­տեղ եւս իւ­րա­քան­չիւ­րը չեն կրնար զուտ ի­րենց նե­րու­ժով հաս­նիլ լու­ծում­նե­րու։ Իս­թան­պու­լի մէջ մեր հա­մայն­քի մար­դու­ժի խտու­թեան շրջան­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով՝ մեր միու­թիւն­ներն ու ա­կումբ­նե­րը կրնան կազ­մա­կեր­պել ձեռ­նարկ­ներ։ Փոքր քայ­լե­րով յու­սադ­րիչ ար­դիւնք­ներ ա­պա­հո­վե­լը՝ ա­նոնց տե­սա­կէ­տէ քա­ջա­լե­րա­կան կրնայ ըլ­լալ ա­ւե­լի մեծ շար­ժու­մի մը ծնունդ տա­լու ճա­նա­պար­հին։ Պատ­րիար­քա­րա­նի ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւնն ալ պէտք է լաւ ար­ժե­ւո­րուի։ Պատ­րիար­քա­րա­նը այ­սու­հե­տեւ պէտք է գոր­ծի մղէ զա­նոնք՝ ա­ռա­ջար­կե­լով զա­նա­զան ծրագ­րեր։ Հա­մա­տեղ ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը կրնայ ա­պա­հո­վել աշ­խու­ժու­թիւն մը, որ հնա­րա­ւո­րու­թեան մը կրնայ վե­րա­ծուիլ մեր առ­կայ լճա­ցու­մէն դուրս գա­լու հա­մար։

Մեր ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քը պէտք է ձե­ւով մը փրկել՝ ան­ցեա­լը կա­րօտ­նա­լու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մե­ղադ­րե­լու ան­հե­ռան­կար փա­կու­ղիէ­ն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016