Երաշխիք
Ժողովրդավարութիւնը վարչաձեւ մըն է, որ անընդհատ կը վերանորոգուի, կը թարմանայ։ Մարդկային մտքին մէջ որքան որ տարածուին, ընդլայնուին ազատութեան սահմանները՝ այնքան նաեւ ժողովրդավարութիւնը կը հասուննայ զուգահեռաբար։ Ժողովրդավարութիւնը կը հասուննայ նաեւ այնպիսի իրավիճակներու մէջ, երբ իր բարիքները վայելող հասարակութիւնները պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն անոր տէր կանգնելու համար։ Վերջին հաշուով, մարդկային մտքին հնարած լաւագոյն համակարգն է ժողովրդավարութիւնը։ Արդարեւ, ան միակն է, որ տեսականօրէն կը հանդուրժէ իր իսկ մերժումով։ Այդ տեսական հնարաւորութիւնը այսօրուան աշխարհին մէջ բազում հարցականներու պատճառ կը դառնայ՝ քաղաքական զանազան խնդիրներու, ընկերային անարդարութիւններու եւ շարք մը խտրականութիւններու, իրերամերժ երեւոյթներու հետեւանքով։
Երբեմն հրատապ իրավիճակներու մէջ յառաջացած պարտադրանքները կը վերածուին անկրկնելի փորձաքարերու, որոնց արժէքն ու նշանակութիւնը կը բիւրեղանան ժամանակի ընթացքին եւ երկարաժամկէտ բարիքներ կ՚ապահովեն բոլորին։
Այս բոլորին առումով Թուրքիոյ մէջ երէկ գիշեր ապրուածները շատ յատկանշական էին։ Այս առաւօտեան դրութեամբ միանշանակ կարելի է արձանագրել, որ երկրին ժողովրդավարութիւնը հասունցած է՝ գերազանց քննութիւնով մը։ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը այլեւս նոր մակարդակի մը վրայ է։ Ժողովրդավարութեան այդ նոր որակը մեծագոյն գրաւականն է երկրի երթը երաշխաւորելու տեսանկիւնէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ