Ցաւալի ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ

Թուր­քիա կ՚ապ­րի ար­տա­սո­վոր ժա­մա­նակ­ներ։ Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, աշ­խար­հի ա­մէն կողմ, փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով կը դառ­նան գերզ­գա­յուն։ Ան­հասկ­նա­լի, ա­րտա­սո­վոր ո­չինչ կայ այս­տեղ։ Թրքա­հա­յու­թիւնն ալ նման հո­գե­վի­ճա­կի մը մէջ է ներ­կա­յիս, ա­պա­հո­վա­բար մեր երկ­րի միւս փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։

Յու­լի­սի 15-ին ապ­րուած սար­սա­փե­լի գի­շե­րէն վերջ բո­լո­րին միակ մխի­թա­րու­թիւ­նը այն է, որ երկ­րի բո­լոր տար­րե­րը հա­մախմ­բուե­լով տէր կանգ­նած են ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան։ Ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը շարժ­ման անց­նե­լով կան­խած է զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման փորձ մը։ Վտան­գը թէեւ յաղ­թա­հա­րուած է, սա­կայն հո­գե­բա­նա­կան ազ­դե­ցու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մը, բնա­կա­նա­բար, կրնայ չըլ­լալ նոյն ա­րա­գու­թեամբ՝ մա­նա­ւանդ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։

Թուր­քիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը այն­քան թանձր յի­շո­ղու­թիւն մը ու­նին, որ իւ­րա­քան­չիւր վե­րի­վայ­րու­մի, ար­տա­սո­վոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պայ­ման­նե­րուն մէջ կը մնան ա­նոր ազ­դե­ցու­թեան տակ։ Հեր­թա­կան ան­գամ քա­ւու­թեան նո­խազ դառ­նա­լու մտա­հո­գու­թիւ­նը կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ՝ ան­կախ այն հան­գա­ման­քէն, որ կա՞ն ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ, թէ ոչ։ Սա զուտ մարդ­կա­յին խնդիր մըն է, որ հա­րիւր տո­կո­սով չի տե­ղա­ւո­րուիր քա­ղա­քա­կան շա­հա­պաշ­տու­թեան կամ նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ։

Դպրե­վան­քի շէն­քի պա­տին վրայ գրուած ցե­ղա­պաշտ լո­զունգ­նե­րը այս ա­ռու­մով ու­նին յատ­կան­շա­կան ժամ­կէտ մը։ Պարզ է, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն՝ ստեղ­ծուած միաս­նա­կա­նու­թեան մթնո­լոր­տին վրայ գուր­գու­րա­լու, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ա­մէն տե­սակ խտրա­կա­նու­թե­նէ զերծ պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ­քան դրա­կան ճի­գե­րու մթնո­լոր­տին մէջ պա­տա­հած է այս ցա­ւա­լի դէպ­քը, որ խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ ո­րա­կուած է իբ­րեւ ա­տե­լու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն։

Այս ցա­ւա­լի դէպ­քը պէտք է վե­րա­ծել հնա­րա­ւո­րու­թեան մը։ Որ­քան ա­րագ բա­ցա­յայ­տուին այս ա­րար­քին մե­ղա­ւոր­նե­րը, այն­քան ա­ւե­լի հա­մո­զիչ եւ անշր­ջա­դար­ձե­լի պի­տի դառ­նան՝ մեր երկ­րի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ միաս­նա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման ճա­նա­պար­հին ի գործ դրուած գեր­մարդ­կա­յին ու վճռա­կան ջան­քե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016