Ծանր վիճակ

Մո­լե­ռան­դու­թիւն, այ­լա­տեա­ցու­թիւն, ծայ­րա­յե­ղու­թիւն եւ ա­հա­բեկ­չու­թիւն… Հա­մայն մարդ­կու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը խորհր­դան­շուին, ըստ էու­թեան, այս բա­ռե­րով։ Իս­կա­պէս, մարդ­կու­թիւ­նը կ՚ապ­րի ծանր շրջան մը՝ բռնու­թեան ճի­րան­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քին ներ­քեւ։ Մարդ­կա­յին քա­ղա­քակրթու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու պա­շա­րին ու փոր­ձա­ռու­թեան, կ՚ան­դա­մա­լու­ծուի ա­տեն-ա­տեն։ Թշնա­մու­թիւն­ներն ու ա­տե­լու­թիւ­նը կը խո­րա­նան ան­սան­ձե­լի թա­փով մը եւ մարդ­կա­յին խա­ղաղ կեան­քին, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քը կը խա­թա­րուի ար­հես­տա­կա­նօ­րէն, բռնու­թեամբ, ճնշու­մով, ա­հա­բեկ­չու­թեամբ՝ ա­րիւ­նա­լի հե­տե­ւանք­նե­րով եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան վի­րա­ւո­րու­մով հան­դերձ։

Փա­րի­զի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը ստեղ­ծուած ծանր ի­րա­վի­ճա­կը պատ­կե­րաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ ազ­դան­շան մըն է։ Ֆրան­սա­կան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ պա­տա­հա­ծը խտա­ցեալ պատ­կերն է երկ­րա­գուն­դի վրայ այ­սօր յա­ռա­ջա­ցած ծանր ի­րա­վի­ճա­կին ու մա­նա­ւանդ ա­նոր հա­ւա­նա­կան հե­ռան­կար­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Այ­սօ­րուան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան դա­րուն՝ երկ­րա­գուն­դի բո­լոր կող­մե­րուն մար­դիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին գրե­թէ բո­լոր ազ­գե­րու մշա­կոյ­թին, ժա­ռան­գու­թեան, կեն­ցա­ղին հա­ղորդ դառ­նա­լու։ Թէեւ միշտ ծա­նօ­թու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կը դա­սուի որ­պէս դրա­կան լից­քի գոր­ծօն, բայց ներ­կա­յիս առ­կայ ե­րե­ւոյ­թը կար­ծես ճիշդ հա­կա­ռակն է։ Մար­դիկ որ­քան որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան զի­րար ճանչ­նա­լու, ի­րա­րու ար­ժէք­նե­րուն հա­ղորդ դառ­նա­լու, կար­ծես այն­քան կ՚օ­տա­րա­նան ի­րա­րու, ա­ւե­լի՛ն. կը սկսին թշնա­մա­նալ։ Մարդկային պատմութեան մէջ միշտ եղած են յարաբերաբար աւելի հանդարտ, խաղաղ կամ ընդհակառակն՝ ա-րիւնալի, ցաւոտ ժամա-նակաշրջաններ։ Բոլորի մաղթանքն ու սպասումը այն է, որ փորձառութիւնը այլեւս կանխէ կրկնութիւնները։

Այս հա­կա­սու­թիւ­նը պէտք է յաղ­թա­հա­րուի հա­մա­տեղ կամ­քով ու պե­տու­թիւն­նե­րու վճռա­կա­մու­թեամբ։ Այ­լա­պէս, ա­րիւ­նա­լի հե­տե­ւանք­նե­րը պի­տի չխնա­յուին աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րէն եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015