Ապագայի համար նշաններ

Ներքին ու արտաքին գործօններով պայմանաւորուած բազմաթիւ ազդեցութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ մէջ նոր շրջան մը կը ձեւաւորուի։ Քաղաքական իրադրութիւնը էապէս կը տարբերի մօտաւոր անցեալէն։ Հաշուի առնելով երկրի առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մօտաւոր անցեալին յաղթահարուած փորձութիւնները՝ հանրային կարծիքին մօտ զգալի է ընդհանուր վերապահութիւն մը։ Տնտեսական կեանքի դժուարութիւններն ալ որոշ չափով յոռետեսութիւն մը կը ստեղծեն։ Բայց եւ այնպէս, վերջին խմորումներու լոյսին տակ ձեւաւորուած նոր մթնոլորտն ալ, վերջին հաշուով, բնականաբար, ունի թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական կողմեր։ Ամէն շրջան կ՚ունենայ իր առանձնայատկութիւնները։ Երկրի ներկայ կացութիւնը, ընդհանրապէս, կը դիտարկուի այս տեսանկիւնէն։ Պարզ է, որ նոր իրադրութիւնը երկրի փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ ալ նոր իրավիճակի մը ծնունդ կրնայ տալ։ Փոքրամասնական համայնքներու, ներառեալ թրքահայութեան, իրաւունքներուն եւ սպասումներուն տեսակէտէ ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուին բազում հարցականներ։ Այդ հարցականները որքան որ ալ զանազան առաջնահերթ խնդիրներու վերաբերեալ պետութեան վերաբերմունքին հետ առընչուած ըլլան՝ խորքին մէջ մեր համայնքի ապագային տեսակէտէ կրնան ըլլալ բնորոշիչ։

Պետրոս Շիրինօղլուի Անգարա կատարած այցելութիւնը այս տեսանկիւնէն կարեւոր է։ Ան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ուղղակիօրէն շփուելու իշխանութիւններուն հետ եւ պետական շրջանակներէն կը քաղէ տեղեկութիւններ։ Մեր զանազան խնդիրներուն վերաբերեալ կարելիութիւն կ՚ունենայ ուղղակի շօշափելու կառավարական շրջանակներու բազկերակը։

Պետրոս Շիրինօղլուի ստացած տեղեկութիւններն ու փոխանցած պատգամները մեր հաւաքական կեանքէն ներս պէտք է ընկալուին եւ արժեւորուին առարկայականօրէն, այդ տուեալները կրնան նպաստաւոր ըլլալ՝ որպէսզի մեր համայնքը կարենայ աւելի ամբողջական պատկերացում մը կազմել՝ փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն վերաբերեալ պետական շրջանակներու մօտեցման շուրջ։

Պետրոս Շիրինօղլուի փոխանցածներուն մէջ կրնան գտնուիլ ապագայի համար նշաններ, որոնք անուշադրութեան պէտք չէ մատնուին՝ մեր համայնքի շահերուն տեսակէտէ։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017