Ասուլիս​ - Գ -

Ան­թի­լիա­սի կող­մէ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին վե­րա­բե­րեալ մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն շար­քը այ­սօր կը հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Սի­սի եր­բեմ­նի Մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կին ուղ­ղեալ այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան շրջագծով, դժբախ­տա­բար, ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն կա­րե­լի չէ ե­ղած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լորտ մը ձե­ւա­ւո­րել Ան­թի­լիա­սի եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին մի­ջեւ։ Ըստ մեր ստա­ցած ան­պաշ­տօն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, այս ե­րե­ւոյ­թը շա­րու­նա­կուած է նաեւ Իս­թան­պու­լի այս վեր­ջին մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին, ո­րուն ան­հասկ­նա­լիօ­րէն չէ ներգրա­ւուած հայ մա­մու­լը։ Այս ա­սու­լի­սին հա­մար Իս­թան­պու­լ ժա­մա­նած Ան­թի­լիա­սի միա­բան­նե­րը հա­ւա­քոյ­թէն կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ այ­ցե­լած են Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուած՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Ո՛չ Ան­թի­լիա­սի, ոչ ալ Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րը բան մը հա­ղոր­դած են այս մա­սին։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ան­թի­լիա­սի միա­բան­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նած է իր վե­րա­պա­հու­թիւն­ներն ու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը, սա­կայն չէ փա­փա­քած չա­փա­զանց խո­րա­նա­լու նիւ­թին մէջ՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ իր երկ­խօս­նե­րը չեն ե­ղած ի­րա­ւա­սու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, այլ պար­զա­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կամ սահ­մա­նա­փակ լիա­զօ­րու­թեամբ գոր­ծա­կա­տար­ներ։

Պարզ է, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քէն ներս հայ­կա­կան ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժա­ռան­գու­թեան գլխա­ւոր ի­րա­ւա­յա­ջորդն է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը։ Բա­րո­յա­կան ա­ռու­մով ալ թրքա­հա­յու­թիւնն է այդ ժա­ռան­գու­թեան այ­սօ­ր-ւան յա­ջոր­դը։ Հե­տե­ւա­բար, Ան­թի­լիա­սի գոր­ծե­լաո­ճը օ­րէն ի վեր չէ ցո­լա­ցու­ցած ա­ռողջ մտայ­նու­թիւն մը։ Թէ՛ Պատ­րիար­քա­րա­նի հետ  ստեղ­ծուած փրթա­ծու­թիւ­նը եւ թէ Իս­թան­պու­լի մէջ իսկ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին հայ մա­մու­լին չներգ­րա­ւուի­լը այս ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր օ­րի­նակ­ներ են։

Ե­թէ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րէն մէ­կուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ միա­բան­նե­րը Իս­թան­պու­լի մէջ պի­տի սար­քեն մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ա­պա այդ մէ­կուն ան­վի­ճե­լիօ­րէն թիւ մէկ հաս­ցէն պէտք է ըլ­լար Պատ­րիար­քա­րա­նը, ո­րու եր­դի­քը ան­տա­րա­կոյս յար­մա­րա­գոյն վայ­րը պի­տի հա­մա­րուէր։ Այդ նա­խընտ­րու­թիւ­նը նաեւ պի­տի ամ­րապն­դէր Ան­թի­լիա­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեան հնչո­ղու­թիւ­նը, ինչ որ այժմ կը պակ­սի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015