Դէմ դիմաց

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջին երեք տասնամեակներու իրադարձութիւնները պատմականօրէն շատ յատկանշական ժամանակաշրջաններու մէջ խմորուած են։ Այդ պատմական նշանակութիւնը սահմանափակուած չէ միայն հակամարտ կողմերով, այլ՝ ի զօրու է նաեւ միջազգային առումով։ Թէեւ հարցը շատ աւելի խոր անցեալ մը ունի, սակայն հակամարտութեան նորագոյն փուլի սկիզբը կը բնորոշուի 1988 թուականի տխուր դէպքերով։ Այդ շրջանի պայմաններով աշխարհ երկբեւեռ էր, կար հիմնական երկու գերտէրութիւն՝ ԱՄՆ եւ Սովետական Միութիւն, որքան որ ալ այս վերջինը մօտենար փլուզման եզրին։ Շուտով աշխարհ դարձաւ միաբեւեռ ու բաւական երկար ժամանակ ԱՄՆ մնաց միջազգային բեմահարթակի հիմնական դերակատարը։ Ուաշինկթընի կշիռը թէեւ միշտ մեծ է, սակայն այսօր աշխարհ դարձած է բազմաբեւեռ։ Աւելի քան երեք տասնամեակի տեւողութեան յարատեւ փոփոխութեան ենթարկուած են այն գործօնները, որոնք կրնան ուղղակիօրէն ազդել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վրայ։ Ըստ երեւոյթին, միակ բարեբախտութիւնն է, որ ուժային կեդրոններու տեսակէտէ այդքան ալ ձեռընտու չէ եղած հակամարտութեան հրահրումը։ Մնաց որ, միջազգային հարթութեան վրայ կշիռի ելեւէջներով հանդերձ, Լեռնային Ղարաբաղը միշտ Ռուսաստանի անմիջական ազդեցութեան գօտիին մէջ դասուած է գործնականօրէն։

Այս համայնապատկերին վրայ անվիճելիօրէն նոր երանգ մը աւելցաւ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի շաբաթավերջի բանավէճով, որ կազմակերպուած էր Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները առաջին անգամ հանրութեան առջեւ նստան դէմ դիմաց։ Այս աննախընթաց երեւոյթը մեծ իմաստ մը ունէր։ Հասկնալիօրէն, Փաշինեան եւ Ալիեւ արտայայտեցին անհաշտ մօտեցումներ, հակադիր տեսակէտներ եւ անհամատեղելի առաջնահերթութիւններ։ Այդ բոլորը սպասելի էին, բայց եւ այնպէս բաւարար չեղան ստուեր ածելու համար աննախընթաց պատկերին վրայ։

Միջազգային յարափոփոխ հաւասարակշռութիւնները կրնան յանկարծ շատ բան փոխել։ Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի դիրքորոշումները փխրուն ազդակներով կրնան նոր կերպարանք ստանալ։ Անշուշտ, քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ հնարաւոր է եւ ամէն հաւանականութիւն պէտք է հաշուի առնել մանրակրկիտ։

Յամենայնդէպս, Փաշինեան եւ Ալիեւ հոգեբանական լուրջ պատնէշի մը յաղթահարման առիթ հանդիսացան Միւնիխի բանավէճով, որով բիւրեղացաւ իրատես երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ բանակցութիւններու անայլընտրանք ըլլալու ճշմարտութիւնը՝ լոզունգներէ անդին։ Դէմ դիմաց հանրութեան առջեւ խօսիլը այս պարագային կը նշանակէ յանձնառութիւն յաչս հանրութեան՝ խնդիրը խօսելով լուծելու ուղղութեամբ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020