Սպասումներ, հեռանկարներ, հաշուարկներ եւ պայմաններ…

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններ. աւելի քան երեք տասնամեակի փակուղի… Հաշուարկներու, սպասումներու, պայմաններու եւ հեռանկարներու խճուղիին վրայ են մշտապէս երկու հարեւանները՝ մինչ ուժերու յարաբերակցութեան առարկայական պատկերը յայտնի է բոլորին։

Յետադարձ հայեացքը այսօրուան դրութեամբ հիմնական երկու ժամանակաշրջան կը բերէ աչքի առջեւ՝ Արցախի առաջին պատերազմէն վերջ եւ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ…

Առաջին պատերազմէն վերջ Հայաստան յաղթած էր, սակայն այդ յաղթանակը բաւարար չեղաւ Թուրքիոյ հետ բնականոնացման համար։ Երկիրը տուեալ պահուն ապահոված մեծ առաւելութիւնը մսխեց՝ սխալ հաշուարկելով երկար ժամանակի վրայ սեփական ներուժին եւ յաղթանակի ապահովածին յարաբերակցութեան մէջ յառաջանալիք հակասութիւնը։ Այսինքն, յաղթական կարգավիճակով Երեւան չկարողացաւ հարթել յարաբերութիւնները Անգարայի հետ։ Ճի՛շդ ժամանակին ճի՛շդ քայլը պիտի ըլլար՝ նուազագոյն զիջելով հնարաւոր առաւելագոյնին հասնելու համար։

Անցան տարիները… Յաղթանակի մսխուած բերկրանքէն վերջ, սկսաւ տիրել ժողովրդավարութեան պատրանքը։ Յեղափոխութեան քամիներ փչեցին այդ աճպարարութեամբ։ Հայաստանի քաղաքացիներուն կամքով պիտի ըլլար ամէն ինչ… Յաղթանակին վրայ աւելցաւ հպարտութիւնը։ Քի՞չ բան էր միթէ թէ՛ յաղթանակ եւ թէ հպարտութիւն։

Ու վրայ հասաւ երկրորդ պատերազմը։ Յաղթակակը վերածուեցաւ պարտութեան։ Սեփական ժողովուրդի նկատմամբ յարգանքը կը դժուարացնէ որակում մը կամ ածական մը գտնել, թէ ինչո՜վ փոխարինուեցաւ հպարտութիւնը։ Էական ալ  չէ արդէն՝ քանի այս պատկերն ալ առարկայական է բաւականաչափ։ Ժողովրդավարութեան աճպարարութիւնը քայքայման եզրին բերաւ հայոց պետականութիւնը։

Ի դէպ, պարտուածի կարգավիճակով ալ Երեւան չյաջողեցաւ հարթել յարաբերութիւնները Անգարայի հետ։ Ընդհանրացան համոզմամբ՝ եթէ առաջին պատերազմէն վերջ Թուրքիա չէր մարսած յաղթանակը կամ չէր հանդուրժած, ապա այսօր՝ պարտութենէն վերջ կ՚ուզէ ոչնչացնել Հայաստանը։

Ժամկէտի սխալները անխուսափելի կը դարձնեն՝ պայմաններու, հաշուարկներու, սպասումներու եւ հեռանկարներու ձախողումը։ Հայաստան չի կրնար յարատեւել՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, առանց Թուրքիոյ հետ յարաբերուելու ձեւ ու եզր մը գտնելու։ Գուշակութի՞ւն…

Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Արարատ Միրզոյեանի Անգարայի վերջին բանակցութիւնները չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին։ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը չի փոխուիր, որովհետեւ որեւէ պատճառ կամ նախադրեալ  չկայ, լաւագոյն պարագային կրնան երանգաւորումներ ըլլալ։ Թուրք պաշտօնատարները բոլոր հարթութիւններու վրայ կը բարձրաձայնեն «Զանգեզուրի միջանցքը»։ Եկուր-տե՛ս, որ Չավուշօղլու Միրզոյեանի ներկայութեամբ նախընտրեց «Միջին միջանցք» բանաձեւումը։ Բարեբախտաբար, հարցը այդ կէտին չէ հասած եւ բառապաշարը շատ կարեւոր նրբութիւններ կ՚ենթադրէ միշտ։ Միրզոյեանը ընդունելէ վերջ Չավուշօղլու անմիջապէս հեռաձայնով զրուցեց Ատրպէյճանի իր պաշտօնակցին՝ Պայրամովի հետ՝ արժեւորելով տարածաշրջանի իրավիճակը։ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանն ալ կառավարութեան ժողովին ատեն շատ կարեւոր ու խորհրդանշական համարեց Միրզոյեանի Թուրքիա այցը։

Յաղթականի եւ պարտուածի կարգավիճակով ապարդիւն մնալէ վերջ, Երեւան այժմ կը փորձէ Անգարայի հետ ճանապարհ հարթել՝ օգնողի կարգավիճակով։

Թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս անգամ։ Նախընտրելի է պարտուա՞ծ ըլլալը, թէ օգնող կամ, ընդհանրապէս, ի՞նչ տարբերութիւն։ Հանելո՞ւկ…

«Խուսափելով այսօրուան պատասխանատուութենէն, չէք կրնար խուսափիլ վաղուան պատասխանատուութենէն», կ՚ըսէ Լինքոլն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023