Որոնում
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին երկար քննարկումներ ծաւալուեցան, թէ ինչ պէտք է ընէ մեր համայնքը յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին։ Կանխաւ պէտք է ըսել, որ մեր աշխարհական վարիչները շատ յապաղած են այս նիւթին վրայ ծանրանալու համար։ Ետ մնացած են մեր հասարակական գործիչներէն։
VADİP նիւթը նկատի առաւ՝ Վարչապետ Տավուտօղլուի հրաւէրով անցեալ ամիս Անգարայի մէջ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած ընթրիքին ընթացքին ծաւալուած խօսակցութիւններուն բերումով։ Այլապէս տագնապողներ չկային։ Մնաց որ, Տիարպագըրի ծխական խորհուրդի ատենապետը մօտաւոր անցեալին փորձած էր շօշափել այս նիւթը, իսկ ժողովականները դրսեւորած էին անտարբերութիւն։
Հիմա խօսակցութիւններ կան, թէ կարգ մը շրջանակներ խորհուրդ կու տան մեր համայնքին կողմէ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին յայտարարութեան մը հրապարակման համար։ Լսումները պղտոր ձեւով մատուցուեցան երէկ։
Մեր համոզմամբ, կարճ խօսքով, այս որոնումներու մթնոլորտին մէջ VADİP-ի կողմէ առաւելագոյն հասունութիւն եւ հեռատեսութիւն կ՚ըլլայ նման նիւթերու պարագային երբեք չկանխել Պատրիարքական Աթոռի քայլերը եւ որպէս կեդրոն հետեւիլ անոր՝ մեր համայնքի գերագոյն շահերուն եւ մեր քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն տեսանկիւնէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ