Հայկ Նշանի հրաժեշտը
Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է բազմամեայ ու բազմավաստակ կրթական մշակ Հայկ Նշան, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հետ նոյնացած անուն մըն էր առաջին հերթին։ Հայկ Նշանի մահը մէկ կողմէ, մարդկային առումով շատ ցաւալի է, իսկ միւս կողմէ թրքահայ իրականութենէն կը հեռացնէ խորհրդանշական դէմք մը։ Արդարեւ, իր առաքելութեան անմնացորդ նուիրուած, իր կոչումին անշեղօրէն հաւատարիմ մնացած՝ ուխտեալ դաստիարակ մըն էր ան, կերպար մը պատուական։ Հայկ Նշանի կեանքի ուղին զինքը դարձուցած էր իր սերունդի ուրոյն անհատականութիւններէն մին։ Իր եզակի կեանքն ու ծաւալած բեղուն գործունէութիւնը լոյս կը սփռեն մեր համայնքի արդի պատմութեան վրայ։ Հայկ Նշան անհատն ու կրթական մշակը ուսումնասիրելի օրինակ մըն է՝ ներթափանցելու համար մեր հաւաքական կեանքի ինչ-ինչ երեսակներուն եւ ծալքերուն։ Թրքահայոց նորագոյն շրջանի տարեգրութեանց մէջ իր կողմէ թողուած հետքերը չեն կրնար անուշադրութեան մատնուիլ եւ ուղեցոյց կը համարուին ապագայի խաչմերուկներուն վրայ ճիշդ կողմնորոշուելու տեսակէտէ։
Հայկ Նշան շուրջ երեսուն տարի՝ որպէս տնօրէն անմնացորդ ծառայած էր Դպրեվանքին։ Հանգստեան կոչուելէ վերջ պարգեւատրուած էր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Յամենայնդէպս, ո՛չ ընդհանրապէս ընկալուած սահմաններու մէջ տնօրէն մըն էր, ո՛չ ալ իրեն յանձնուած պարգեւը՝ ընդհանրապէս ընկալուած գիծերու մէջ վարձատրութիւն մը։ Հայկ Նշան ծառայութեան, նուիրումի եւ յանձնառութեան ախոյեան մըն էր, որովհետեւ կեանքի սկիզբին այս համայնքէն ստացածը կեանքի տեւողութեան լիուլի վերադարձուցած, հատուցած անձ մըն էր։
Թէեւ ուրիշ վարժարաններու մէջ ալ ծառայած էր, սակայն Դպրեվանքը իր բնօրրանն էր։ Իր կեանքի եւ այդ հաստատութեան ուղիները ընդհանուր զուգահեռի մը մէջ էին կարծես։ Դպրեվանքի ամենադժուարին, ամենախոցելի տարիներուն վարած էր տնօրէնի պաշտօնը։ Իր ստանձնածը միայն վարչական, կառավարման կամ մանկավարժական պատասխանատուութիւն մը չէր։ Այդ հաստատութեան ղեկավարման ամբողջ բեռը բաւական երկար ատեն վիճակած էր իրեն։ Մէկ կողմէ ընթացիկին պէտք է հասնէր, իսկ միւս կողմէ՝ պէտք է պայքարէր կորսուած իրաւունքներու վերադարձը ապահովելու համար։ Այդ ծանր տարիներու ընդհանուր վերջնական հաշուեկշիռը, անշուշտ, կը մնայ պատմութեան, սակայն փաստը այն է, որ Հայկ Նշանի ըրածն ու չըրածը, հասածն ու չհասածը երկար տարիներ պայմանաւորած են Դպրեվանքի ճակատագիրը։ Ֆրանսական ժողովրդական խօսքի նմանութեամբ, ան քանի մը տասնամեակ «թէ՛ ջաղացքի եւ թէ փուռի մէջ» եղած է Դպրեվանքի պարագային։ Հայ դպրոցին նկատմամբ տածած հաւատքը ամբողջութեամբ ցոլացուցած է իր վարած դպրոցին։
Այս մեծ վազքին մէջ տակաւին դիմագրաւած էր կալանավայրի դաժանութիւնը՝ 1980 թուականի պետական հարուածէն վերջ։
Հայկ Նշանի հետ առաջին անգամ շփուող մը կրնար այնպէս տպաւորուիլ, թէ աշխարհի ամենահանգիստ, զուարթ եւ անհոգ մարդուն հետ ծանօթացած էր։ Ան երբեք զգալի չէր դարձներ իր կրած ծանր լուծին, իր անցած ճանապարհին ծանրութիւնը։ Իր մշակած յարաբերութիւններուն մէջ կը գերիշխէր սէրը։ Իր հաղորդական խառնուածքը կը դիւրացնէր գործը՝ բազմապատկուած սիրոյ մը զգացումը առթելու համար։ Այդ սէրը Հայկ Նշանի ապահովագրութիւնն էր կեանքի մէջ։ Այդ սիրով դիմադրեց ամէն ինչի։ Այդ սիրով ընկալուեցաւ ամբողջ ընկերային ու մասնագիտական շրջանակի մը մէջ։ Այդ մէկը իր մեծագոյն զէնքն էր կեանքի մէջ։ Աւա՜ղ, այդ սէրը բաւարար չեղաւ, որպէսզի Հայկ Նշան յաղթահարէր սա վերջին անողոք, անիծեալ հիւանդութիւնը։
Այդ սէրը յաւերժ կ՚ապրի սրտերուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած էին Հայկ Նշանը։ Եւ այդ սէրը իր հրաժեշտէն վերջ կը պայմանաւորէ յիշողութիւնը։
Բարի երթ Հայկ Նշանին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ