ԱՅԼԵՒՍ ՓՈԽՈՒԻՆՔ
Այսօր 2018-2019 կրթական շրջանի վերամուտն է։ Թրքահայ վարժարաններէն ներս կը հնչէ առաջին զանգը։ Վերամուտը սովորաբար կ՚առթէ բարձր տրամադրութիւն եւ մեր համայնքէն ներս ալ այսպէս է ընդհանուր կացութիւնը։ Միւս կողմէ, սակայն, ծով խնդիրներով ծանրաբեռնուած է մեր համայնքային օրակարգը։ Վարժարաններու նիւթական անբաւարարութիւններն ու մակարդակը, վարչական խնդիրները, համայնքի միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործումը, առկախուած ընտրութիւններու խնդիրները եւ համապատասխան բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը։ Թրքահայութիւնը այսօր սոյն խնդիրներու բերումով մատնուած է նեղ կացութեան, ինչ որ ջլատիչ վիճակ մը կը յառաջացնէ եւ սա լուրջ սպառնալիք մըն է մեր ինքնութեան պահպանման, լեզուի եւ մշակոյթի գոյատեւման առումով։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ ուրիշ հանգամանք մը։ Մեր համայնքի մարդուժի խտացած շրջաններուն մէջ բաւական նուազ է մեր հաւաքական հարստութիւնը, իսկ մարդուժէ վաղուց նօսրացած շրջաններու մէջ ունինք լուրջ հաւաքական հարստութիւն։ Այս հակասութիւնն ալ վերջին տարիներուն հետզհետէ աւելի լուրջ ու խնդրայարոյց բնոյթ ստացած է մեր իրականութենէն ներս։
Վերամուտի ուրախութիւնը բոլորիս սրտին մէջ է այսօր, սակայն միւս կողմէ վերոյիշեալ բարդ խնդիրներն ալ, բնականաբար, բոլորի մտքին մէջ է։ Ուստի, նոր կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ ծաւալուն հարցազրոյց մը ունեցանք մեր հայահոծ թաղերու վարիչներուն հետ։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ հիւրընկալուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։ Շահեկան զրոյց մը ունեցանք անոնց հետ եւ երեք ատենապետներն ալ մեզի հետ բաժնեցին իրենց դիտարկումները՝ համայնքային կեանքի ընդհանուր երթին եւ առկայ խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ Իրենց յայտարարութիւնները ունէր ընդհանուր պատգամ մը, զոր կարելի է բանաձեւել շատ ամփոփ ձեւով. «Այլեւս պէտք է փոխուինք»։ Մեր զրուցակից ատենապետները նաեւ անկեղծ եւ ինքնաքննադատական մօտեցումներով հանդէս եկան։ Անոնք յայտնեցին, որ խորքին մէջ որեւէ թելադրութեան կարիք չկայ, իրենք անհրաժեշտ փորձառութիւնը ունին, միայն դժբախտաբար, այսօր մեր համայնքային վարիչներուն մօտ կը պակսի կամքը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Մանուկ Էօղէրի, Մեսուտ Էօզտեմիրի եւ Եսայի Տեմիրի հետ մեր ունեցած ծաւալուն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
Սոյն հարցազրոյցը պիտի ներկայացնենք երկու օրով։ Այսօր մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք մուտքի բաժինը եւ համայնքի վարչական խնդիրներու վերաբերեալ երեք ատենապետներուն հիմնական տեսակէտները։ Հարցազրոյցի վաղուան եզրափակիչ բաժնին մէջ պիտի ներկայացնենք կարգ մը առանցքային նիւթերու վերաբերեալ իրենց մօտեցումներուն մանրամասնութիւնները։
Ֆէրիգիւղի ատենապետ Մանուկ Էօղէր մեր հարցազրոյցին մէջ ըրաւ շատ ուշագրաւ եւ յատկանշական մատնանշում մը. «Այսօր այնպիսի վիճակի մը հասած ենք, որ կարծես մեր հարստացող հաստատութիւնները (վաքըֆները) սկսած են աղքատացնել մեր միւս հաստատութիւնները»։
Պաքըրգիւղի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր կարծիքները յայտնեց իր 15 տարուան՝ որպէս թաղական պաշտօնավարութեամբ պայմանաւորուած փորձառութեան լոյսին տակ։ «Մեր համայնքէն ներս միշտ կան վիճաբանութիւններ, սակայն դոյզն ինչ ճանապարհ չենք կրցած առնել, գործնական արդիւնքի մը չենք կրնար հասնիլ», կ՚ըսէ ան։ Իր խօսքով՝ ներկայ վերամուտին անցեալ տարիներու բաղդատմամբ չկայ փոփոխութիւն կամ համայնքային վարիչներու կողմէ ուղղուած սխալ մը։ «Կամք չունինք։ Չենք կրնար համատեղ որոշումներ առնել եւ ես այս հարցին մէջ կը մեղադրեմ մեր վարիչները։ Ինչո՞ւ չենք կրնար կամք դրսեւորել», կ՚ըսէ Մեսուտ Էօզտեմիր։
Սամաթիոյ ատենապետ Եսայի Տեմիր կ՚ընդգծէ, որ համայնքէն ներս նեղութիւնները սկսած են այնպիսի մակարդակի մը վրայ գալ, որ մարդիկ նոյնիսկ չեն կրնար որոշել, թէ ի՛նչ պիտի խօսին։
Մեր վարժարաններու դիմագրաուած դժուարութիւններուն շուրջ խօսելով՝ երեք ատենապետներն ալ նշեցին, որ կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն համար արդէն որեւէ նիւթական ակնկալութիւն խնդրոյ առարկայ չի դառնար, սակայն հնարաւորութեան տէր ընտանիքները պէտք է իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ անպայման նպաստ մը բերեն մեր դպրոցներուն։
Վաղը պիտի հրատարակենք մեր հարցազրոյցի շարունակութիւնը։
«ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱԽՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼԸ ՄԵԾ ՎՆԱՍ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ։ ՄԻԹԷ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՅՍՊԷՍ ԽԱՂԱԼ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՀԵՏ։ ՄԵՆՔ ՄԱՀՈՒԿԵՆԱՑ ՊԱՅՔԱՐ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՆՔ ՆԵՐԿԱՅԻՍ»
Առկախուած ընտրութիւններու հարցը մեծ վնաս կը պատճառէ մեր համայնքին։ Մեզի կ՚ըսուի, թէ ընտրական նոր կանոնադրութեան հարցին շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն մը չէ գոյացած համայնքէն ներս։ Սակայն մենք ունինք մեծամասնութեան որոշում մը։ Երբ երկիրները կը կառավարուին մեծամասնութեան նախընտրութեամբ, ինչո՞ւ մեր համայնքի պարագային չի հաստատուիր մեծամասնութեան կողմէ նախընտրուած ընտրական համակարգը։ Մեր համայնքին նման զանազանութիւններով հաւաքականութեան մը մէջ մեծամասնութեան մօտեցումը ինչո՞ւ բաւարար չի համարուիր։ Միթէ կարելի՞ է այսպէս խաղալ հաւաքականութեան մը ճակատագրին հետ։ Մեղք է իսկապէս։ Մենք մահուկենաց պայքար կու տանք ներկայիս։ Ընտրութիւններու առկախուած ըլլալը մեծ վնաս կը հասցնէ մեր համայնքին։ Մեր հաւաքականութիւնը կարծես դադրած ըլլայ հաւաքականութիւն մը ըլլալէ։ Ընտրութիւններու առկախումը ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ վարչական շարունակականութեան վրայ։ Կը ծագին սերունդներու տարբերութիւններ։ Ճիշդ է, որ ղեկավար ըլլալը ունի հաճոյք մը, սակայն այլեւս ժամ առաջ ընտրութիւն պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մենք դադրած ենք յաւելեալ արժէքներ արտադրելէ։ Այսօր բոլորս կողմնակից ենք կեդրոնական համակարգի մը հաստատման, սակայն յստակ չենք ըսեր, թէ ի՞նչ կը հասկնանք այդպիսի դրութենէ մը։ Մենք պէտք է անկեղծ ըլլանք իրարու նկատմամբ։ Պէտք է յստակացնենք մեր նախատեսած լուծումները, որոնք պէտք է ըլլան համընդգրկուն։
«ՆՈՐ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՁԳՏՈՒՄԸ ԼԱՒ Է, ՍԱԿԱՅՆ ՈՒՆԻՆՔ ՆԱԵՒ ՀՐԱՏԱՊ ԿԱՐԻՔՆԵՐ։ ԵԹԷ ՏՈՒԵԱԼ ՊԱՀԸ ՄՍԽԵՍ, ԱՊԱ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԾԱԳԻԼ»
Ընտրութիւններու հարցին լուծումը շատ կարեւոր է։ Մենք՝ այժմու վարիչներս արդէն պաշտօնավարութեան քառամեայ երկրորդ շրջան մը բոլորած ենք։ Ղեկավար ըլլալ կը նշանակէ պատին վրայ աւելցնել աղիւս մը եւ այդպէսով հերթը փոխանցել։ Եթէ որոշ ժամանակէ մը աւելի պաշտօնավարէք, ապա ձեր եռանդը կը կորսնցնէք ու չէք կրնար օգտակար ըլլալ։ Մենք ժամ առաջ թարմ արիւնի մը պէտք ունինք։ Մեր համայնքին մէջ ղեկավարները պէտք է դադրին միակ որոշողները ըլլալէ։ Հակակշռէ մը պէտք է անցնի ղեկավարը։ Այսպէսով բոլորի որոշումները կը հակակշռուին եւ ունեւոր հաստատութիւններն ալ ինքնագլուխ որոշումներ չեն կրնար առնել։ Տեսէ՛ք, այս կէտին վրայ մատնանշեմ խնդիր մը։ Մեր կարգ մը ունեւոր հաստատութիւնները նոր կալուածներ ձեռք բերելու հետամուտ են։ Սա լաւ ձգտում մըն է անշուշտ, սակայն միւս կողմէ ունինք նաեւ հրատապ կարիքներ։ Եթէ այսօր անօթի ես, պէտք չէ մտածես նոր ներդրումի մասին։ Եթէ տուեալ պահը մսխես, ապա ժամանակի ընթացքին անփոխարինելի կորուստներ կրնան ծագիլ։ Ես կողմնակից եմ, որ կեդրոնական համակարգ մը ըլլայ համայնքէն ներս։ Այս պահուն թէեւ չկայ, սակայն մենք բարոյագիտական արժէքներու հիման վրայ կրնանք լուծում գտնել կարգ մը հիմնական հարցերուն։ Մենք ալ ունինք թերութիւններ։ Հիմնական հարցերու շուրջ պէտք է համաձայնութեան մը հասնինք ու գործադրենք համապատասխան որոշումներ։ Շատ բան կախեալ է մեր՝ վարչայիններուս յարաբերութիւններէն եւ ընթացքէն։
«ՄԵՆՔ ԵԿԱԾ ԵՆՔ ԱՆԱՏՈԼՈՒԷՆ, ԱՅՍՏԵՂ ՈՒՍԱՆԵՑԱՆՔ, ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՆՔ։ ՊԱՐՏԱԿԱՆ ԵՆՔ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՈՒ ՀԻՄԱ ԿԸ ՀԱՏՈՒՑԵՆՔ ԱՅԴ ՄԷԿԸ։ ՍԱ ԿԱՄԱՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ ՄԸՆ Է ԵՒ ԱՅԼԵՒՍ ԲԱՒ Է»
Չորս տարին անգամ մը մեր վարչական խորհուրդներու կազմի վերանորոգութեան իրաւունքը ներկայիս առնուած է մեր ձեռքէն։ Ընտրութիւններու առկախուած ըլլալը հաճելի երեւոյթ մը չէ։ Մենք եկած ենք Անատոլուէն, այստեղ ուսանեցանք, մկրտուեցանք։ Պարտական կը զգանք մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ ու հիմա կը ջանանք հատուցել այդ մէկը։ Սակայն մենք պաշտօն կը կատարենք կամաւորութեան հիմքի վրայ, իսկ ներկայիս սկսած ենք պաշտօնավարել մեր կամքէն անկախ։ Այսինքն այլեւս պէտք է փոխանցենք մեր հերթը։ Անհամբերութեամբ կը սպասենք ընտրութեան թոյլտուութեան։
Մեր համայնքի հրատապ խնդիրները արդէն վեր ի վարոյ յայտնի են. կրթական հարցեր, կալուածներու արդիւնաւէտ կառավարում, իրաւական գետնի վրայ ներդաշնակութիւն։ Պատրիարքարանի հովանիին տակ, VADİP-ի մթնոլորտին մէջ կրնան լուծուիլ այս հարցերը։ Մենք թէեւ կամաւոր վարիչներ ենք, սակայն կամաւորութիւնն ալ կարգապահութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Մեր համայնքէն ներս պէտք է հաստատուի կեդրոնաձիգ համակարգ մը։ Այլ խօսքով՝ մենք պէտք ունինք արդի սահմանադրութեան մը։
Եթէ մենք ընդհանուր կանոնէ մը դուրս գանք, ապա անխուսափելիօրէն կը սկսի մեր միջեւ ներքին քաշքշուքը։ Այս պատճառով, ես չեմ ուզեր մեր հաստատութիւնները իրարմէ զատել եւ կամ խօսիլ մասնաւոր պարագաներու, մասնաւոր խնդիրներու շուրջ։ Առանց համատեղ որոշումներու չենք կրնար նպատակասլաց ձեւով ընթանալ։
2018-2019 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի միջոցաւ կոչ ուղղեցին, որպէսզի մեր համայնքը ընէ ոստում մը։ Այսօր կը հրատարակենք երեք ատենապետներու հետ մեր կատարած հարցա-զըրոյցի վերջին մասը։ Ներկայիս թրքահայ կեանքէն ներս օրակարգի վրայ են կրթական հաստատութիւններու ծով կարիքները, անոնց վերակազմակերպման խնդիրները եւ այս բոլորի լուծման առումով մեր համայնքի սահմանափակ հնարաւորութիւնները եւ միջոցները աւելի նպատակասլաց ու խտացեալ ձեւով օգտագործելու հրամայականները։ Մանուկ Էօղէր, Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Եսայի Տեմիր ընդհանրապէս ունին այն հասարակաց մօտեցումը, թէ մեր համայնքի կարիքները պէտք է դիմագրաւուին կանոններու ծիրի եւ կարգապահութեան մէջ, այո՛, թէեւ նիւթականը շատ կարեւոր է, սակայն միւս կողմէ մեր դպրոցներն ալ չենք կրնար մանրուքի նման ծախսել։
Ներկայիս, համայնքի հիմնական խնդիրներէն մին մեր աշակերտներու դպրոցներու միջեւ բաժանումն է։ Այլ խօսքով, դպրոց ունեցող թաղէ մը աշակերտներ կը մեկնին այլ թաղերու դպրոցները կամ կ՚արձանագրուին իրենց թաղէն դուրս վարժարաններ։ Սա լուրջ մարտահրաւէր մը կը համարուի մեր վարչայիններուն տեսակէտէ։ Մեսուտ Էօզտեմիր կ՚ընդգծէ, որ միայն քանակի առումով պէտք չէ ըմբռնել աշակերտներու թիւի հարցը։ «Սա շատ նեղացուցիչ ու խնդրայարոյց պարագայ մըն է մեզի համար։ 15 տարիէ ի վեր թաղական եմ եւ ճիշդը ըսելու համար յոյսս կորսնցուցած եմ։ Այս տարի ալ կը շարունակուի նախորդ տարիներուն նման։ Կը ցաւիմ ըսելու, որ ծնողները մեզ կը չարաշահեն։ Անոնք կը սպառնան, որ իրենց զաւակը ուրիշ վարժարան մը կը տանին։ Իսկ մենք չենք կրնար ըսել, որ առնեն ու տանին։ Ինքզինքնիս կը զսպենք զուտ աշակերտներու, տղոց սիրոյն», կը մատնանշէ Մեսուտ Էօզտեմիր։
Մանուկ Էօղէրի դիտարկումով, մեր համայնքի այժմու ընթացքը կ՚ենթադրէ միայն ունեւոր հաստատութիւններու կանգուն մնալը։ Իրականութեան մէջ, մեր համայնքի անդամներու խտացած թաղերու ղեկավարութիւններու կարծիքի շօշափումը շատ օգտակար կրնայ ըլլալ՝ համայնքի զարկերակը զգալու առումով։ Ներկայիս մեր մարդուժի կեդրոնացած շրջաններն ու հարստութեան կեդրոնացած շրջանները ուղիղ համեմատութեան մէջ չեն։ «Մեր ժողովուրդը հազարաւոր տարիներու պաշար մը ստեղծած է։ Ունինք հարուստ մշակոյթ մը եւ ուրոյն լեզու մը։ Եթէ այդ բոլորը չենք կրնար օգտագործել, ապա կը նշանակէ, որ այստեղ կրթական առումով յաջողութիւնը բաւական սահմանափակ է։ Խնդիրը միայն առեւտրական չէ։ Մենք այնպիսի հաւաքականութիւն մըն ենք, որու անդամները մշակոյթի մը ներկայացուցիչները կը համարուին։ Սա պէտք է ըլլայ նաեւ մեր առաջնահերթութիւնը դպրոցներու պարագային։ Ֆէրիգիւղի մէջ, օրինակ, կան բազում ծնողներ, որոնք իրենց զաւկին նման իրենք ալ ուսանած են նոյն միջավայրին, նոյն ցանցին մէջ։ Անոնք կ՚ուզեն, որ իրենց յաջորդներու պարագային ալ ըլլայ նոյնը։ Մարդուժով հարուստ մեր թաղերուն մէջ կան ողջունելի, լաւ ընկերային կապեր։ Այդ հաստատութիւնները ունին խոր արմատներ, որոնց միայն նիւթականով արժեւորուիլը մեզ կը տանի մակերեսայնութեան։ Մեր համայնքը պէտք չէ կորսնցնէ իր մղումը՝ իր լեզուն ու հաւատը պահպանելու տեսակէտէ, որովհետեւ ցայսօր ինչեր-ինչեր յաղթահարելով հանդերձ պահած ու պահպանած է այդ բոլորը։ Մենք այսօր մեր վարժարաններու ճակատագիրը չենք կրնար դատապարտել միայն բախտի ու նիւթականի։ Մեր համայնքի ղեկավարներու փափաքը կարծես, թէ այս ուղղութեամբ է, սակայն մենք համոզուած ենք, թէ հասարակութեան պահանջները անարգելափակելի են։ Վարիչները միայն կրնան յապաղեցնել հասարակութեան պահանջի իրականացումը։ Մենք պէտք է միասին պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք պատճառ կը դառնան, որ մեր համայնքը տուժէ։ Ներկայիս մեր համայնքի դպրոցահասակ տղոց միայն կէսը համայնքային վարժարան կը յաճախէ։ Անոնք կը հասնին առանց բառ մը իսկ հայերէն սորվելու։ Հիմա կրնա՞նք ըսել, որ վարժարանները աւելորդ են։ Այո՛, անոնք պէտք է կառավարուին կեդրոնաձիգ համակարգով մը։ Մեր լեզուի, մշակոյթի, մեր երկրի իրադրութեան վերաբերեալ նրբութիւնները արդէն պարզ են։ Մենք պէտք է լաւ արժեւորենք նաեւ այժմու իշխանութիւններու շրջանին մեր ունեցած ձեռքբերումները։ Պետութեան կողմէ մօտաւոր անցեալին մեր վարժարաններուն ի նպաստ կատարուած օժանդակութիւնները դադրեցուեցան։ Այդ օժանդակութիւններու շրջանին դադրած էին ծնողներու նուիրատուութիւնները։ Այժմ թէեւ պետական օգնութիւնը դադրած է, սակայն այդ նուիրատուութիւններն ալ չեն վերականգնուած։ Մենք որպէս վարժարաններու ղեկավարներ պէտք է հասարակաց դիրքորոշում մը որդեգրենք՝ ծնողներու նուիրատուութիւններու հարցին շուրջ։ Այլապէս, մեր հաստատութիւնները կ՚ենթարկուին չարաշահումներու։ Դժբախտաբար, մարդիկ իրենց զաւակներու ապագային համար նախընտրութիւն մը ընելու ճանապարհին անհասկնալիօրէն կը հեռանան բարոյագիտութենէ։ Վարժարան մը կը նախընտրեն՝ միայն հաշուի առնելով անոր անվճար ըլլալու պարագան։ Ուր որ է յաւելեալ դրամ պիտի պահանջեն», կ՚ըսէ Մանուկ Էօղէր։ Այս դիտարկումներու ընդհանուր առմամբ համակարծիք գտնուեցան նաեւ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Եսայի Տեմիր։
Պաքըրգիւղի ատենապետը ընդգծեց, որ մայրենի լեզուի ուսուցումը շատ կարեւոր է եւ անոր արդիւնաւէտութիւնը պէտք է բարձր ըլլայ։ «Ես այս նիւթին մէջ կրօնի եւ մշակութային ինքնութեան վերաբերեալ չափումները իրարմէ չեմ տարանջատեր։ Կարեւորը այն է, որ մեր մշակոյթը գոյատեւէ առանց վնաս կրելու», համոզուած է Մեսուտ Էօզտեմիր, որու խօսքով երիտասարդի մը, աշակերտի մը համայնքային վարժարանի մը մէջ ուսանիլը երկարաժամկէտ առումով կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ «Ես Տատեանը աւարտելէ վերջ ուսումս շարունակեցի այլ դպրոցներու մէջ։ Սակայն տարիներ անց վերադարձայ իմ համայնքիս ծոցը՝ ծառայութիւն մատուցելու համար։ 15 տարիէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցեմ։ Եթէ Տատեանի մէջ այդ գիտակցութիւնը չունենայի, ապա այսօր դժուար թէ վերադարձած ըլլայի։ Մեր բոլոր երիտասարդներն ալ պէտք է պատրաստենք նման գիտակցութիւնով, հեռահար ակնկալութիւններով։ Ճիշդ է, որ մեր վարժարանները պէտք է աւելի բարձր արդիւնաւէտութեամբ ղեկավարուին։ Եթէ անհրաժեշտ է, որ կարգ մը վարժարաններ միացուին, ապա անպայման նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցա-բերուի՝ որպէսզի այդ աւանդական անունները ապրին ու շարունակեն ներշնչել մեր համայնքը», համոզուած է Մեսուտ Էօզտեմիր։
Իր կարգին, Եսայի Տեմիրն ալ մատնանշեց հետեւեալը. «Վարժարաններ, անբաւարար հասոյթներ, կալուածներու արժեւորում եւ ընդհանուր աղքատութիւն։ Տարիներէ ի վեր ընդհանրապէս կը խօսուին այս բոլորին շուրջ։ Մեր հայահոծ թաղերու ղեկավարութիւնները ոչ միայն կը ջանան կանգուն պահել դպրոցներ, այլեւ կը ջանան ապահովել իրենց ենթակայ մեծ ցանցերու գոյատեւումը։ Հետեւաբար, պէտք է լսել բոլորին կարծիքը։ Դպրոցներու կամ միւս հաստատութիւններու ապագան տնօրինելու համար պէտք է լսել մեր համայնքի բոլոր խաւերուն մօտեցումները։ Ըստ էութեան, վարիչը վերադիտող մըն է։ Սա կայ նաեւ մեր հաւատքին մէջ։ Իրականութեան մէջ, մեր առկայ բոլոր հարցերուն համար անհրաժեշտ բոլոր խրատները կան մեր հաւատին մէջ։ Չանտեսենք մեր հաւատքը, որու մէջ կան մեր այժմու հարցերու լուծման պատասխանները։ Մենք պէտք է շարունակենք բարոյագիտութեան շրջանակի մը մէջ։ Անհրաժեշտ է, որ համատեղ որոշումներ առնենք եւ կեդրոնական ղեկավարման դրութիւն մը ունենանք։ Բոլորի պատմածներուն մէջ կան թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական կողմեր։ Համայնքային կեանքի պարագային մենք չենք կրնար առաջնորդուիլ զուտ մեր անձնական համոզումներով։ Բոլորս պէտք է զիրար լսենք։ Այլապէս, հետեւանքներ կը ծագին»։
Մանուկ Էօղէր նոյն կապակցութեամբ աւելցուց, որ ուշադիր ձեւով պէտք է տնօրինել մեր վարժարաններու ապագան։ Արդարեւ, կորսուածին տեղը կարելի չէ նոր մը դնել։ «Եկէ՛ք, մարդկային մարմնէն օրինակ մը մէջբերենք։ Միթէ կրնա՞յ սիրտը որոշ ժամանակ մը կանգ առնել ու աւելի վերջ դարձեալ սկսի բանիլ։ Չ՚ըլլար, այնպէս չէ՞. եթէ սիրտը կանգ առնէ, արդէն մարդը կը մեռնի։ Մեր դպրոցներու պարագան ալ պէտք է դիտարկել նոյն այս ձեւով», կը մատնանշէ ան։
Մեր զրուցակից երեք ատենապետներն ալ ընդգծեցին, որ եթէ մեր հաւաքական կեանքէն ներս ըլլան նոր ձեռքբերումներ եւ անոնց արդիւնքը բաժնելու հետամուտ մտայնութիւն մը հաստատուի, ապա մեր բոլոր հաստատութիւններուն ձգողականութիւնը կրնայ բարձրանալ անբաղդատելիօրէն։
Մեսուտ Էօզտեմիր ընդգծեց, որ զօրակցութեան մտայնութիւնը պէտք է անպայման խարսխուի մեր համայնքէն ներս։ Եսայի Տեմիր ընդգծեց այն հանգամանքը, որ մեր ունեւոր հաստատութիւնները ընդհանրապէս մասնակցութիւն չեն բերեր դժուարութիւններու մէջ գտնուող հաստատութիւններու խնդիրներու քննարկման եւ լուծման ջանքերուն։ «Անոնց դիրքորոշումը յայտնի է», կ՚ըսէ ան։ Մանուկ Էօղէրն ալ համոզուած է, որ մեր համայնքի խնդիրները պէտք է քննարկուին կլոր սեղանի մը ձեւաչափով, համապատասխան մտայնութիւնով։ «Մեր համայնքը պէտք է ունենայ համընդգրկուն ղեկավարման ծրագրաւորում մը։ Եթէ այդ լայնախարիսխ մօտեցումը պակսի, ապա մենք կը վտանգենք մեր ապագան», համոզուած է Ֆէրիգիւղի ատենապետը։
Այս հարցազրոյցը մեր տեսանկիւնէն եղաւ առիթ մը վերահաստատելու համար, թէ սկզբունքային հարթութեան վրայ մեր համայնքէն ներս այսօր լրջօրէն հասունցած է համագործակցութեան սերտացման պահանջը։ Կը մնայ այդ սկզբունքային համոզումը տեղափոխել գործնական դաշտ, ինչ որ գերխնդիր մը դարձած է երկար ժամանակէ ի վեր։
«ՄԵՆՔ ԱՅԼԵՒՍ ՊԷՏՔ Է ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻՆՔ ԱՌԿԱՅ ԱՆՃԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԷՆ։ ԱՓՍՈ՜Ս ԲՈԼՈՐ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ Կ՚ԱՆԴԱՄԱԼՈՒԾԵՆ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ։ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՀԱՇԻՒ ՊԻՏԻ ՏԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ։ ՏԵՒԱԿԱՆ ԱՐԻՒՆԱՀՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ ԿԸ ՏԱՆԻ ՋԼԱՏՄԱՆ։ ԵԿԷ՛Ք, ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Մանուկ Էօղէր, Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Եսայի Տեմիր հարցազրոյցի ընթացքին առանձնակի կարեւորութեամբ խօսեցան մեր բարերարներուն մասին։ Ընդհանուր առմամբ անոնք համոզուած են, որ համայնքի ընդհանուրին կողմէ մեր բարերարները չեն վայելեր անհրաժեշտ յարգանքը եւ անոնց զօրակցութիւնը կը մնայ անփոխադարձ, անհատուցելի։ Այս պատճառով ալ մեր բարերարները կը նուազին։ Միեւնոյն ժամանակ, մեր կարգ մը մեծ բարերարները այլեւս զուգահեռաբար վարչային դարձած են։ Սա որոշ առումներով դժուարութիւններ կը յառաջացնէ։ Արդարեւ, մեր հաւաքական կեանքէն ներս վարչայինը, վարչական խորհուրդները եթէ հաշուետու չըլլան, այդ կէտէն սկսեալ քաոս մը կը ծագի։ Վարչայինը հաշուետու մըն է, իսկ բարերարը կրնայ հաշիւ պահանջել։ Եթէ վարչայինն ու բարերարը ըլլան նոյն անձը, ապա այդ կէտին վրայ կրնան որոշ կաղացումներ յառաջանալ։ «Մեզի համար հասարակական այս ինքնահաշուեկշիռը անհրաժեշտութիւն մըն է», կ՚ըսէ Մանուկ Էօղէր։
Մեր զրուցակից ատենապետները հարցազրոյցի ընթացքին ընդգծեցին, որ մեր համայնքէն ներս այլեւս պէտք է յաղթահարել առկայ անճարութեան զգացումը։ Այս առումով անոնք կ՚ափսոսան բոլոր անոնց, որոնք իրենց վարք ու գիծով կ՚անդամալուծեն մեր համայնքային կեանքը։ «Պատասխանատուները հաշիւ պիտի տան պատմութեան առջեւ։ Տեւական արիւնահոսութիւնը մեզ կը տանի ջլատման։ Եկէ՛ք, զօրակցութեան մտայնութիւնով քալելու սկսինք», կոչ կ՚ուղղեն անոնք։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ