Պետական գործիչի յարիր ոճով
Ամբողջ հայութիւնը, որոշ փուլէ մը սկսեալ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ամիսներէ ի վեր կը հետեւի Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան։ Շուրջ հինգ ամիսէ ի վեր ան կը վարէ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը, ստանձնած է հայոց պետականութեան ղեկը։ Այս ժամանակաշրջանը թէեւ կարճ էր, սակայն բնորոշուեցաւ շարք մը շատ կարեւոր իրադարձութիւններով։ Յիշենք քանի մը հատը. Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակ, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ելոյթ, Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի մասնակցութիւն, Փութինի հետ հանդիպումներ, Ալիեւի հետ զրոյց Տուշանպէի մէջ, Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւն Փարիզի մէջ, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողով Երեւանի մէջ եւ այլն։ Այս բոլոր փուլերէն Նիկոլ Փաշինեան դուրս եկաւ առանց ձախողելու, նոյնիսկ յաջողութեամբ, սակայն առաւել չափով յեղափոխութեան առաջնորդի, յեղափոխականի կերպարը կը մարմնաւորէր։
Այդ բոլորէն վերջ առաջին անգամ երէկուան ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յեղափոխականէ մը աւելի պետական գործիչի կերպարով հանդէս եկաւ։ Կառավարութեան գլուխը անցուցած անցեալ ամիսներու ամբողջ փորձառութեամբ ինքնադրսեւորուեցաւ ժողովուրդին խօսք ուղղելու ժամանակ՝ բացատրելով իր ներկայ ձեւական հրաժարականի պատճառ-ները, բանաձեւելով երկրի ապագային վերաբերեալ իր մօտեցումները։
Այո՛, Նիկոլ Փաշինեան երէկ պետական գործիչի մը յարիր ոճով խօսեցաւ եւ սա կարեւոր երաշխիք մըն է Հայաստանի ապագային տեսակէտէ։ Պէտք է ըսել, որ բաւական զգացական տարրեր ալ կային իր ելոյթին մէջ, սակայն անոնք ալ որոշ չափով արդարացած եղան իր պետական գործիչի կերպարով։
Փաշինեանի երէկուան ելոյթի առանցքային հանգամանքներէն մին այն էր, որ ան գրեթէ առաջին անգամ այսքան պաղարիւն եւ հաւասարակշռուած ձեւով արտայայտուեցաւ ընդդիմադիր ուժերուն մասին։ Թէեւ չթաքցուց տարակարծութիւնները, սակայն այդ բոլորը մատուցեց քաղաքականութեան խաղի կանոններու տրամաբանութեան մէջ։ Յեղափոխականէ դէպի պետական գործիչ անցումի կարեւոր ազդանշաններէն մին էր ամբողջ ժողովուրդը գրկելու, համախմբելու ձգտումը։ Հայաստանի եւ հայութեան շրջանակներուն մէջ թշնամիներ չունենալու ուղղեալ արտայայտութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտէ ծափահարելի բանաձեւում մըն էր։ Եւ ի վերջոյ, կարմիր գիծերու սահմանները չխախտելու նիւթին շուրջ ընդդիմադիր ուժերուն նկատմամբ արտայայտուած վստահութիւնը վարչապետի ինքնահաստատման տեսակէտէ կարեւոր ապացոյց մըն էր։
Նիկոլ Փաշինեանի այս նոր ոճը կրնայ նոր երանգաւորում մը բերել Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին։ Եթէ ան տեւականացնէ այդ ոճը, ապա յաչս Հայաստանի ժողովուրդին պիտի բիւրեղանայ, որ նոյնիսկ ամենաամուր ժողովրդական յենարանները ունենալով հանդերձ, քաղաքականութեան մէջ պետական գործիչի յարիր հիմնական վարքագիծը չափաւորութիւնն է, հաւասարակշռութիւնը եւ անոնք տկարութեան ազդանշաններ չեն, ոչ ալ մակերեսայնութիւն կամ ինքնանպատակ քաղաքավարութիւն, այլեւ՝ լուրջ երաշխիք կը համարուին ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու ամրապնդման ճանապարհին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ