ԲԱԶՄԱԵՐԵՍԱԿ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Մետայլի միւս երեսակին, սակայն, երեւոյթը ունի այլ ծալքեր։ Հայկական լրատուական աշխարհը չի կրնար ուրոյն ձեւով կազմակերպուիլ առկայ երթով՝ որովհեւեւ իր դրուածքէն բխած շարք մը գործօններ կը խոչընդոտեն այս բանը։ Համահայկական հարթութեան վրայ լրագրողներու այս համաժողովներուն կը մասնակցին, ըստ էութեան, երկու թեւերէ մարդիկ։ Հայաստանէն մասնակցութիւն կը բերեն, ընդհանրապէս, այն լրագրողները կամ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կը գործեն պետական լծակներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս հարցը բոլորովին անկախ է մամլոյ ազատութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի մէջ արձա-նագրուած եւ միջազգային մասնագիտական կառոյցներու կողմէ ալ հաստատուած բարելաւումէն։ Իսկ սփիւռքի մամուլը արդէն մեծաւ մասամբ կուսակցական է, երեւոյթը յստակ է ու պէտք չկայ առարկայական պատկերի մը առջեւ երկար խօսելու։ Հետեւաբար, Համահայկական լրագրողներու հաւաքները, գործնականին մէջ, կը հանդիսանան այն հարթակը, ուր զիրար կը գտնեն Հայաստանի իշխանամէտ մամուլն ու սփիւռքեան կուսակցական մամուլը։ Չենք ուզեր ըսել, որ Հայաստանի ընդդիմադիր մամուլը աւելի լաւ արհեստավարժ մակարդակ մը ունի։ Երբեմն, նոյնիսկ կարելի է դիտարկել կամ պնդել ճիշդ հակառակը։ Խնդիրը այն է, որ Հայաստանի լրատուական աշխարհը, թէկուզ տեսականօրէն, իր ամբողջութեան մէջ ներկայացուած չ՚ըլլար այնտեղ։ Այդ ընդդիմադիր մամուլն ալ, իր հերթին, ունի հովանաւոր լծակներ։ Այպանելի կամ անհասկնալի բան չկայ այստեղ։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլորէն բխած երեւոյթը կը մնայ նոյնը։ Համահայկական լրագրողներու հաւաքները, գործնականին մէջ, կը հանդիսանան այն հարթակը, ուր զիրար կը գտնեն Հայաստանի իշխանամէտ մամուլն ու սփիւռքեան կուսակցական մամուլը։ Այս է պատճառը, որ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի մարդիկ չեն կրցած տակաւին իրենց ուրոյն ճանապարհը գծել։ Իրենք չեն ուզեր այդ բանը, ընդհակառակն ու իրենց օրակարգին վրայ չկայ այդպիսի նպատակ մը։ Աւելի՛ն, Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու իրականութիւնները էապէս տարբեր են իրարմէ։ Ընդհանուր ակնկալութիւնը այն է, որ անոնք բոլոր ոլորտներու պարագային ընդգծեն մեր ժողովուրդի երկու թեւերուն նմանութիւնները, որոնք շատ աւելի են տարբերութիւններուն բաղդատմամբ։ Եկուր-տե՛ս, որ առարկայականօրէն լրատուամիջոցներուն իրականութիւնները խորքին մէջ տարբեր են խորապէս։ Այդ տարբերութիւնը չի նշանակեր հակադրութիւն, սակայն այդ կէտին վրայ կան շարք մը իրերամերժ գործօններ, որոնք կշիռքի վրայ պէտք է դրուին վարպետօրէն, պէտք է ուսումնասիրուին բծախնդրօրէն՝ որպէսզի նախադրեալներ ստեղծուին հայկական լրատուական աշխարհին առջեւ նոր հեռանկարներ ուրուագծելու համար։ Եթէ այլ բնագաւառներու պարագային սփիւռքեան կառոյցները կամ անհատ գործիչները Հայաստանի իրենց գործակիցներուն առջեւ կրնան դուռ բանալ դէպի միջազգային նոր շրջանակներ, միջավայրեր ուղղուելու համար, ապա մամուլի պարագան այդպէս չէ։ Հայաստանեան լրատուամիջոցները սփիւռքեան մամուլին միջոցաւ հասնելու մեծ տեղ մը չունին, որովհետեւ սփիւռքեան լրատուամիջոցները խիստ տեղական են ու իրենց լինելութիւնը արդարացած ու երաշխաւորուած է այդպէս։ Հայաստանի լրատուամիջոցները երբեք աշխարհի իրադարձութիւններուն, զանազան երկիրներու անցուդարձին շուրջ տեղեկութիւն քաղելու համար՝ որպէս հիմնական սկզբնաղբիւր չեն օգտագործեր սփիւռքի մամուլը։ Անոնք այդ բոլորը կը լուսաբանեն միջազգային աղբիւրներու կամ տուեալ երկրի լրատուներու հաղորդումներուն հիման վրայ։ Սփիւռքի լրատուամիջոցները սկզբնաղբիւր կը ծառայեն՝ միայն իրենց համայնքի կամ գաղութի վերաբերեալ իրադարձութիւններու պարագային։ Այս երեւոյթը ունի իր հիմնաւորումները։ Սփիւռքեան լրատուամիջոցները շատ յաճախ ուղղակիօրէն չեն հետեւիր նոյնիսկ Հայաստանի պետական աւագանիէն դէմքեր եթէ այցելեն տուեալ երկիրը։ Հիւրընկալ պետութեան ղեկավարութեան հետ շփումներուն յաճախ տեղւոյն վրայ չեն հետեւիր սփիւռքի լրատուամիջոցները, եթէ նոյնիսկ գոյութիւն ունին այնտեղ։ Անոնք ներկայ կ՚ըլլան միայն տուեալ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ կազմակերպուած հանդիպումներուն։ Այսինքն սփիւռքի լրատուամիջոցները դժուար թէ օփերաթիւ լրատուութեան առումով յագեցնեն իրենց Հայաստանի պաշտօնակիցներուն հետաքրքրութիւնը։ Տարբեր հարց, որ Հայաստանի լրատուամիջոցներն ալ սփիւռքի կեանքը ցոլացներու տեսանկիւնէն մեծ ձախողման մը մէջ են։ Երեւակայեցէ՛ք երկիր մը, ուր համահայկական միասնականութիւնը հիմնական նախադրեալը կը ներկայացուի բոլոր հարցերու յաղթահարման համար, այդ քարոզչութեան մէջ ակնարկութիւնը կը վերաբերի աշխարհացրիւ սփիւռքին, սակայն զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ սփիւռքեան կեանքին լուսաբանութիւնը կարճ խօսքով ողորմելի համեմատութիւններու կը հասնի։ Քսանհինգ տարիներու անկախութեան փորձառութիւնը եկած է ապացուցանել, որ այդ քարոզչութիւնը ո՛չ միայն չ՚արդարանար, այլ նաեւ կը խոչընդոտէ պետական մտածելակերպի ձեւաւորումը եւ մարդոց մտքին խմորումը՝ որպէս ինքնավստահ քաղաքացիներ։ Բայց եւ այնպէս, առանձնապէս ուսումնասիրելի երեւոյթ մըն է լրատուական աշխարհի հարթութեան վրայ ստեղծուած առկայ հակասութիւնը։ Առողջ մտայնութեան մը դրսեւորումները կը պակսին այստեղ եւ սա պէտք է փոխել անկեղծ ջանքերով։
Սփիւռքեան լրատուամիջոցները մեծամասնութեամբ կուսակցական են եւ այդ բոլոր կուսակցութիւնները կը գործեն նաեւ Հայաստանի մէջ։ Հետեւաբար, համահայկական հարթակներու վրայ ներգրաւման իրենց եռանդը կախում կ՚ունենայ տուեալ կուսակցութեան տուեալ պահու վերաբերմունքէն կամ երկրի ղեկավարութեան նկատմամբ որդեգրուած քոնժոնքթիւրել դիրքորոշումէն։ Սփիւռքի նախարարութիւնը նաեւ կարգաւորիչ դեր մը կը կատարէ այս առումով եւ անձամբ՝ Հրանոյշ Յակոբեան կանգնած է այդ հաւասարա-կըշռութիւններու կիզակէտին։ Սփիւռքի զանազան հատուածներուն կողմէ հնարաւորինս հաւասար քանակութեամբ դէմքերու դեր վերապահելով անաչառութեան գետին կը պատրաստուի։ Նախարարութիւնը որքան որ ալ անանտեսելի ջանքեր գործադրէ հաւասար պայմաններ ստեղծելու առումով, արդիւնքին կարելի չ՚ըլլար թաքցնել ճշմարտութիւն մը։ Սփիւռքեան մամլոյ անդաստանէն ներս ներկայիս առաւել աշխոյժ են այս լրատուամիջոցները, որոնք կը գործեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հովանիին ներքեւ եւ ուժերու այս յարաբերակցութիւնը կ՚անդրադառնայ նաեւ Համահայկական մամլոյ համաժողովներուն վրայ։ Թէեւ անհատներու մատնանշումով սկզբունքային հարթութենէ հեռանալու մտադիր չենք, սակայն յանուն արդարութեան այստեղ պէտք է մատնանշել Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի կողմէ ցուցաբերուած բացառիկ եռանդն ու արհեստավարժ մօտեցումը։
Ի վերջոյ, այս երկար բաժինը կը մատնանշենք բիւրեղացնելու համար խնդիրը արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ։ Այդ երեւոյթին համապատասխան մտահորիզոն մը ունին հաւաքները, նպատակները պարզ են։ Քաւ լիցի, որ յաւակնութիւնը ունենանք ոեւէ մէկուն մտահորիզոնը դատելու։ Շատ յաճախ գանգատներ կ՚ըլլան մտաւոր ամլութեան շուրջ, սակայն մենք հակուած չենք նման հարթակներու վրայ առաւելապաշտութեան։ Այո՛, պէտք է ձգտիլ կատարելապաշտութեան այս հարթակին վրայ, բայց ո՛չ առաւելապաշտութեան։ Սա է մեր մօտեցումը, որովհետեւ պաշտօնակիցներու, գործընկերներու հետ համատեղ աշխատանք տանելու յարիր ոգին այդ է ապահովաբար։ Մեր դիրքը այս առումով ալ եզակի է, բարեբախտաբար, որովհետեւ անկախ լրատուամիջոց կը ներկայացնենք։
Լրագրողներու համահայկական հաւաքները ունին մասնակիցներու կորիզ մը։ Այս վերջինն ալ բացառութիւն մը չէր այդ առումով։ Ցարդ կազմակերպուած բոլոր՝ ութ հաւաքներուն ալ մասնակցած ըլլալով դիտարկած ենք, որ այդ կորիզէն բացի մասնակիցներուն դիմագիծը շատ փոփոխական է։ Քանի օրինակներ կարելի է թուարկել. համաժողովներէն մէկուն առաջին անգամ մասնակցած, մինչեւ այդ պահը միայն քանի մը անգամ, այդ ալ բաւականին երկար պարբերականութեամբ, լոյս տեսած հրատարակութեան մը կողմէ անձնաւորութիւն մը քննարկումները կ՚ենթարկէ տոմինասիոնի, իսկ յաջորդ անգամներուն կը կորսուի։ Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ հրատարակիչները եւ լրագրողները պէտք է յստակ տարանջատուին այս հարթակին վրայ։ Այս սպասումը մակերեսային առումով պարզ է, սակայն խորքին մէջ այդքան ալ դիւրին չէ՝ նախ եւ առաջ սփիւռքեան պայմաններուն բերումով։ Արդարեւ, հայոց սփիւռքին մէջ մարդուժը սահմանափակ է չափազանց։ Ծայր աստիճան սակաւաթիւ մարդոց կողմէ կ՚արտադրուին հայերէն լրատուամիջոցները։ Գրեթէ նոյն մարդոց կողմէ կը հրատարակուին նաեւ գիրքերը եւ տակաւին այդ նոյն մարդիկ կ՚ըլլան նաեւ հայերէնի ուսուցիչ կամ ուսուցչուհի։ Այդ նուիրեալները այդքան վիթխարի, գերմարդկային յանձառութեամբ կ՚աշխատին, որ տարանջատման հարցը կրնայ չարդարանալ խղճի առջեւ։ Միւս կողմէ, սակայն, այս համաժողովներուն մէջ ոստում մը, նոր նշաձող մը ունենալու համար նախապայման է այդ առերեսումը։ Սփիւռքի մէջ հայ մամուլը, մանաւանդ հայատառ մամուլը զուտ լրատուամիջոց չէ։ Անոր լինելութիւնը ակամայ կ՚առընչուի բազում ոլորտներու հետ եւ այս երեւոյթը ուղղակիօրէն կ՚անդրադառնայ մեր լրագրողներու համահայկական հաւաքներուն վրայ։ Խնդիրները կը ճիւղաւորուին ո՛չ միայն իրենց խրթին բնոյթին բերումով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ անոնք յառաջ կը մղուին մէկէ աւելի ոլորտներու վերաբերեալ իրենց ծալքերով։ Աւելի՛ն, այդ բոլորը օրակարգի վրայ կը բերուին այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք միեւնոյն ժամանակ քանի մը ոլորտի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Մշակոյթի գործիչի ինքնութեամբ լրագրական ասպարէզի քննարկումներուն մասնակցութիւն բերելը մեծ հաշուով չ՚երաշխաւորեր նպատակասլաց միջավայր մը։
Ամենապարզ օրինակը լեզուական հարցն է։ Մամուլի համաժողովներուն այս հարցը միշտ կ՚արծարծուի, բայց Հայաստանէն դիւանակալ մարդիկ միշտ կը լսեն պարզապէս, որովհետեւ լրագրողներու հաւաքին երբեք լեզուաբաններ հրաւիրուած չեն ըլլար։ Սփիւռքի պարագային այդ բոլորը ընդելուզուած են։ Մնաց, որ եթէ նոյնիսկ լեզուաբաններ հրաւիրուած ըլլան, ապա դժուար թէ կարելի ըլլայ հասնիլ արդիւնքի մը։ Թէկուզ այդ պատճառով ալ չեն հրաւիրուիր։ Սփիւռքեան մասնակիցները կը խօսին, երբեմն կը պոռթկան ու պարզապէս կը լիցքաթափուին։ Տեշարժի առիթ մըն է իրենց համար։ Այս լեզուի հարցին օրինակը կու տանք միջանկեալ նշելու համար ուրիշ պարագայ մը։
Նման հարթակներու վրայ միշտ սփիւռքեան ներկայացուցիչներուն կողմէ օրակարգի վրայ կը բերուի արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան հարցը։ Բնականաբար, այս հարցը յոյժ կարեւոր է՝ հայկական ժառանգութեան լիարժէք ու ամբողջական պահպանման եւ հայոց լեզուին առջեւ նոր հորիզոնի մը ուրուագծման առումով։ Լրագրողներու պարագային առաւել եւս էական է նիւթը, որովհետեւ հաղորդակցութեան ոլորտի մարդիկ չեն կրնար անտեսել իրենց ապահոված այդ հաղորդակցութեան հիմնական միջոցը։ Սփիւռքեան ամբողջ մտաւորականութիւնը, ներառեալ մամլոյ սպասաւորները, իրենց կոչման բերումով անտարակոյս զգայնութիւն պէտք է ցուցաբերեն այս խնդրին նկատմամբ։ Յամենայնդէպս, հարց է նաեւ, որ այդ զգայնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի արտայայտուի։ Կանխաւ ըսենք, որ համահայկական հարթութեան վրայ սփիւռքեան ներկայացուցիչները բաւական օպսեսիֆ ձեւով կը դնեն այս հարցը։ Մինչդեռ, այս խնդիրը պէտք է դիտարկել առարկայական պայմաններու պրիսմակէն։ Այսպէս, ներկայիս աշխարհի վրայ հայոց լեզուով կատարուած արտադրութեան պատկառելի տոկոսը կ՚իրականացուի Հայաստանի հայերէնով։ Արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան հետամուտները լուսանցքային դիրքի մատնուած են նոյնիսկ սփիւռքի մէջ, ուր լեզուն նահանջած է ու կը նահանջէ ահագնացող թափով։ Սա չենք արձանագրեր արհամարհանքի համար։ Ճշմարտութիւնը այն է, որ արեւմտահայերէնի ապագային փրկութիւնը կախում ունի անոր համար մղուած պայքարին Հայաստանի ներգրաւման աստիճանէն։ Եթէ Հայաստան այդ գործին չմասնակցի՝ իր մարդուժով եւ հաստատութիւններով, ապա այդ պայքարը դժուար թէ պսակուի յաջողութեամբ։ Իսկ սփիւռքեան դէմքերու առկայ օպսեսիոնին բուն պատճառը ըլլալ կը թուի՝ տեղքայլին, նահանջին տուն տուած խուճապը։ Պէտք է հասկնալ, որ խուճապով հարց չի լուծուիր։ Նա՛խ սփիւռքը լաւ պէտք է համակարգէ իր կռուանները, պէտք է բարձրացնէ իր իսկ արդիւնաւէտութիւնը, յետոյ ալ պէտք է յստակ առաջարկներ ներկայացնէ Հայաստանին։ Անիմաստ է պահանջել, որ Հայաստան փոխէ իր լեզուն։ Նոյնիսկ եթէ ըլլայ այդ փափաքը, ապա անկարելի է, որ մէկ օրէն միւսը հարցը լուծուի։ Մնաց, որ Հայաստան պատրաստ չէ այդպիսի քայլի մը։ Բայց Հայաստան պատրաստակամ է յանձնառութիւններու՝ համահայկական ժառանգութեան պահպանման համար։ Ահա այս հասարակաց գետնին վրայ պէտք է գործել։ Սփիւռքը համոզուած է, որ սովետական շրջանին քաղաքական որոշումով մը, արհեստականօրէն փոխուած է ուղղագրութիւնը Հայաստանի մէջ։ Կրնայ այդպէս ըլլալ կամ ոչ։ Մեկնաբանութեան հարց է։ Իսկ եթէ սփիւռքին ընդհանուր համոզումը այդպէս է, ապա այսօր պէտք չէ ակնկալել, որ կրկնուի նոյն սխալը ու դարձեալ քաղաքական միջամտութիւնով մը, արհեստականօրէն երկրէն ներս վերականգնուի դասական ուղղագրութիւնը։ Երկու սխալ քայլով կարելի՞ է հասնիլ ճիշդ արդիւնքի։ Եթէ իտէալական լուծումը կը համարուի Հայաստանի մէջ դասական ուղղագրութեան վերականգնումը, եթէ նոյնիսկ այդպէս է, ապա երկար պէտք է համբերել, որպէսզի այդ գիտակցութիւնը հասուննայ երկրէն ներս։ Եւ այդ ընթացքին պէտք է աշխատիլ յամառօրէն, այլ ոչ թէ իշխանաւորներէն պահանջել նոր պարտադրանքներ ստեղծել ժողովուրդին համար։ Մնաց, որ լեզուի հարցը այսօր սահմանափակ-ւած չէ զուտ ուղղագրական չափումով եւ այդ թոհուբոհին մէջ սփիւռքի օպսեսիոնը անհեռանկար է՝ մեղմ խօսքով։ Անոնք, որոնք Հայաստանի մէջ այս խնդիրները կը բարձրաձայնեն, ի՞նչ կ՚ընեն իրենց ապրած ու արարած տեղերը։ Ի՞նչ արդիւնքի հասած են։ Հարցը մարդ մեղադրել չէ, բայց եթէ արդիւնք մը չկայ, ապա պէտք է բարի ըլլալ՝ ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։ Այլապէս, հետեւեալ տպաւորութիւնը կրնայ ստեղծուիլ. Հայաստանի մէջ այդ աղմկողներուն համար կարծես լռելեայն կարգավիճակ մը սահմանուած ըլլայ եւ այդ մարդիկ միայն ու միայն այդ կարգավիճակը արդարացնելու ինքնանպատակ ձգտումով իւրաքանչիւր անգամ կրկնեն իրենց ապարդիւն բանավէճը։ Այս միջանկեալ բաժինը վերջացնելէ առաջ նշենք, որ լեզուի հարցը հետզհետէ կը սրուի, կարելի չ՚ըլլար զայն կասեցնել եւ դիտարկումներն ալ տակաւ կը խստանան։ Մարդ պէտք չէ վիրաւորուի ու բոլորը ժամ առաջ իրատես զօրակոչի մը պէտք է ենթարկուին կամաւոր ձեւով։
Վերադառնալով բուն նիւթին։ Թէ ինչո՞ւ կարեւոր է հայկական լրատուամիջոցներու քիչ մը աւելի ուրոյն գործօնի մը վերածուիլը, հնարաւորինս պաշտօնական մամլոյ տեսքի թօթափումով։ Պարզ է, որ աշխարհի վրայ չկայ հարիւր տոկոսով անկախ լրատուամիջոց մը։ Կան, անխուսափելիօրէն, ազդեցութեան լծակներ, բայց կան նաեւ միջազգայնօրէն ընդունուած խաղի կանոններ։ Մամլոյ ազատութեան սկզբունքը առանց շուքի տակ թողելու, անկախ լրատուամիջոցներու կողմէ անաչառ տեղեկատուութիւն քաղելու կարիքը՝ մեր ժամանակներուն այդ խաչմերուկին վրայ կը յագեցուի աշխարհի բնակիչներուն կողմէ։
ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ
Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին մասնակիցները Երեւանի մէջ ընդունուեցան Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Սա շատ ուշագրաւ ու կարեւոր տեսակցութիւն մըն էր։ Արդարեւ, այդ պահու դրութեամբ նորանշանակ՝ վարչապետը տակաւին որեւէ ծաւալուն զրոյց չէր ունեցած լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։ Մեր հաւաքի մասնակիցներուն վիճակեցաւ այդ պատիւը։ Կանխաւ յայտնենք, որ ան լիուլի արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։ Բնականաբար, երկարատեւ մեր զրոյցին ժամանակ երկրի տնտեսական քաղաքականութեան խնդիրները քննարկուեցան մանրամասնօրէն՝ մանաւանդ, որ մեր հանդիպման նոյն օրը Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան ծրագիրը պաշտօնապէս ներկայացուած էր խորհրդարան։ Ան յոգնեցուցիչ ու ծանրաբեռնուած աշխատանքային օրուան մը աւարտին յանձն առաւ մեր հաւաքի մասնակիցներուն հետ զրոյցը։ Իր բաց խօսելաոճով վարչապետը ստեղծեց անմիջական մթնոլորտ մը։ Նոյնիսկ զրոյցը տեւականացուց առանց փողկապի եւ այսպէսով ապահովեց, որ բոլորը զգան հանգիստ։ Քաղաքական ու տնտեսական բնոյթով խնդիրները հանգամանօրէն մեկնաբանելու առընթեր՝ Կարէն Կարապետեան շահեկան մօտեցումներ արտայայտեց նաեւ համահայկական օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Նկատելի էր, որ յստակ են իր միտքերը եւ կարծիքները ձեւաւորուած են ուշադիր դիտարկումներու հիման վրայ։
Կարէն Կարապետեան արհեստական կը համարէ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարանջատումը, որովհետեւ անոնցմէ մին չի կրնար ապրիլ առանց միւսին եւ երկուքն ալ ունին նոյն պաշարը, որն է հայ մարդը։ Այդ պաշարը հասարակաց իր բնոյթով կը հանդիսանայ այն կամուրջը, զոր կը միացնէ հայկական աշխարհը։ Անոնք կրնան նոր չափումներ աւելցնել իրարու մշակոյթին՝ բազմաթիւ գետիններու վրայ։ «Մեր ողնայարը կախում ունի Հայաստանէն։ Սփիւռքահայը որքան որ ալ մեծ հնարաւորութիւններ ունենայ իր բնակած երկրին մէջ՝ չի դադրիր այդ կախուածութենէն», համոզուած է վարչապետը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան տարակոյս չունի, որ սփիւռքը պէտք չէ Հայաստանին թողու կամ վերապահէ իր հայապահպանման պատասխանատուութիւնները։
Վարչապետ Կարապետեանի դիտարկումներու կիզակէտը կ՚առանձնանայ ընթացիկ չափանիշներէ դուրս շեշտադրումներով։ «Աշխարհի ամենաերջանիկ մարդիկ չեն ապրիր այն երկիրներուն մէջ, որոնք ունին նաւթ կամ կազ։ Ինքզինք ապահով կը զգայ այն մարդը, որ կ՚արտադրէ յաւելեալ արժէք», կ՚ըսէ ան։ Այս բանաձեւումը կը վերաբերի ոստումի որոնումի մը։ Կարապետեան այդ որոնման մէջ է՝ Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրներուն դիմակայելով երկրի ժողովուրդին աւելի բարձր կենսամակարդակ մը ապահովելու ձգտումով։ Բայց եւ այնպէս, իր արտայայտած միտքը յատկանշական էր նաեւ սփիւռքի տեսակէտէ։ Չէ՞ որ, մեր սփիւռքն ալ ունի ինքզինքը ապահով զգալու լուրջ խնդիրներ՝ գոյատեւման առումով։ Թէ հայոց սփիւռքը ներկայիս կը ստեղծէ՞ յաւելեալ արժէք կամ որքանո՞վ ընդունակ է յաւելեալ արժէք ստեղծելու. կը մնայ դատել մեզի՝ սփիւռքահայերուս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ