Դրական մեկնարկ
Պատրիարքական ընտրութեան անկիւնադարձային փուլերէն մին կը բնորոշէ Նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորումը։ Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ժողովի լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ դրական մեկնարկ մը ապահովուած է՝ Պատրիարքական Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու ճանապարհին։
Մեր համայնքէն ներս նախաձեռնարկ մարմին կազմուեցաւ մին տասն, իսկ միւսը երկու տարի առաջ։ Այդ երկու փորձառութիւններն ալ ձախողումներ բերած էին։ Անոնց հետեւանքը ո՛չ միայն պատրիարքէ մը զուրկ պահեց թրքահայութիւնը, այլ նաեւ մեր համայնքէն ներս ծնունդ տուաւ ծանր բեւեռացումներու։ Մին տասն, իսկ միւսը երկու տարի առաջ ձեւաւորուած նախաձեռնարկ մարմիններու կազմութեան ժամանակ ստեղծուած էր չափազանց լարուած մթնոլորտ մը։ Այս փուլին որեւէ նշանակութիւն չունի այդ ժամանակուայ լարուածութիւններու պատճառներուն մէջ խորանալը, սակայն պէտք է պարզապէս յիշել՝ բաղդատելու համար այժմու համերաշխ մթնոլորտին եւ համագործակցութեան ոգիին հետ։ Երէկ, իսկապէս խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ ձեւաւորուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմինը, որու կազմը կը ցոլացնէ լաւ համադրութիւն մը։ Թէ՛ փորձառու եւ թէ երիտասարդ անդամներ ունի մարմինը։ Ամենաբարձր քուէներով, այսինքն անվերապահ վստահութեամբ ընտրուած անունները մեր համայնքի նոր սերունդէ գործիչներն են. օրինակ՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ Սարօ Պենկլեան։
Այժմու դրական սկիզբին մէջ իր բաժինը ունի նաեւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արդարեւ, նորին սրբազնութիւնը երէկուան ժողովը վարեց մեծ յաջողութեամբ, յարգելով բոլորի իրաւունքները։ Ուշադրութենէ չսպրդեցաւ, որ յարաբերաբար խնդրա-յարոյց վիճակներու մէջ ան յաջողեցաւ դրսեւորել պաղարիւնութիւն։
Երէկուան մթնոլորտը գրաւական մըն է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնելու տեսակէտէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ