Ինչպէ՞ս…
Իր աշխատակցած թերթին մէջ զբաղեցուցած սիւնակը՝ երբեմնի սեւ պեխերով ու քիթով խորհրդանշած հրապարակագիր մը այս շաբթուան հերթական յօդուածին մէջ անդրադարձեր է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած գրութեան մը։ Հեղինակը քննադատելի նկատեր է մեր թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածներէն մէկուն բովանդակութիւնը եւ իր հակափաստարկները թուարկեր՝ այդ յօդուածը ստորագրած մեր աշխատակցին դէմ։ Մինչեւ այստեղ անհասկնալի կամ անըմբռնելի ոչինչ կայ. բնական երեւոյթ։ Երկու հրապարակագիրներ կը դիտարկեն երեւոյթ մը, որու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները չեն համընկնիր եւ կ՚արտայայտեն հակադիր կարծիքներ։ Սա նոյնիսկ օգտակար է։
Իր սիւնակը երբեմնի սեւ պեխերով ու քիթով խորհրդանշած յօդուածագիրը կամայ թէ ակամայ շեղեր է սակայն կարծիքի փոխանակումներու քաղաքակիրթ, առողջ հարթակ մը ձեւաւորելու ճանապարհը եւ իր խելապատիկէն դուրս բերեր է կարգ մը վարկածներ կամ հաւանականութիւններ, որոնք կը վերաբերին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի ետին կանգնած հանգամանքներուն շուրջ։ Ան պնդած է, որ թերթս՝ իր կողմէ քննադատուած յօդուածը պատուէրով գրել տուած է այդ աշխատակցին։ Կանխաւ յայտնենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը գրութիւններ չի պատուիրեր, ապսպրանքներ չի տար իր աշխատակիցներուն։ Կ՚երեւի այդ հեղինակը իր աշխատակցած թերթի նախընթացներէն ու սովորութիւններէն դատելով այդպիսի կասկած մը ունեցած է։ Մենք երբեք սովորութիւն չենք ունեցած «ծախուած գրիչ»ներու հետ աշխատելու ու նոյնիսկ այդպիսի ռիսքերու պարագային չենք վարանած նման անձնաւորութիւններուն հետ մեր կապերը խզելէ՝ չվտանգելու համար մեր համայնքի հասարակաց մտքի առողջ ձեւաւորումը։
Իր զբաղեցուցած սիւնակը երբեմնի սեւ պեխերով ու քիթով խորհրդանշած հրապարակագիրը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ մեր սիրելի ու նոյնիսկ վաղեմի բարեկամ Բագրատ Էսդուգեանը, որ վերջին տարիներուն կը խմբագրէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերը։ Իր սիւնակի ստորոգելիներուն այստեղ կ՚ակնարկենք ո՛չ թէ ֆիզիքական իմաստով, այլ խորհրդանշական առումով։ Մեր նպատակը չէ ըլլալ վիրաւորական, այլ կ՚ուզենք ըլլալ առաւել հասկնալի։
Մենք անհատական հարթութեան վրայ բարեկամութիւն, նոյնիսկ համագործակցութիւն ունեցած ենք իրեն հետ։ Խօսքը երախտագիտութեան մասին չէ անպայման, այլ առաջին հերթին կը վերաբերի հաւասարակշռութեան։ Գտնուած ենք նոյնանման մթնոլորտներու մէջ՝ որպէս գաղափարի մարդիկ։ Անցեալի մէջ եղած են առիթներ, թէեւ սակաւաթիւ, երբ Բագրատ Էսդուգեան քանի մը յօդուած գրի առած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ։ Միթէ պատուէրո՞վ գրած էր այդ բոլորը։
Բագրատ Էսդուգեանի այս շաբթուան «Ակօս»ին մէջ գրածը իսկապէս զարմանք պատճառած է մեզի։ Մենք զինքը ճանչցած ենք որպէս անձնաւորութիւն՝ հետամուտ կարծիքներու զանազանութեան։ Ի՞նչ պատահած է, որ ան չէ կրցած զսպել ինքզինքը եւ իրմէ տարբեր տեսակէտ արտայայտած հեղինակի մը պարագային քննադատութեան սահմանը հատելով՝ կը հասնի բարոյագիտական անհիմն մեղադրանքներու, նոյնիսկ զրպարտութիւններու եզրին։
Բագրատ Էսդուգեանի սիւնակին զարդ հանդիսացած սեւ պեխերը վաղուց դարձած են սպիտակ։ Նոյնիսկ ծխախոտին ծուխը դեղնեցուցած է զանոնք։ Սպիտակած պեխերը կամ մօրուքը սովորաբար փորձառութեան, շրջահայեացութեան ազդանշաններ կ՚ընկալուին։ Ան այսքան տարիներու իր փորձառութեամբ չէ՞ կրցած սորվիլ, թէ նման պնդումներ, զրպարտութիւններ, անարգալից վերագրումներ կամ ակնարկութիւններ ընելու ժամանակ մարդ պէտք է հազար անգամ մտածէ ու հազիւ անգամ մը խօսի։ Եթէ այդքան աժա՛ն են այդպիսի պնդումներու, որակումներու յառաջ քշուիլը, ապա այդ երեւոյթը խորքին մէջ խոստովանութեան մը կը վերածուի ենթակայի արժեհամակարգին տեսակէտէ։ Այդ աժանութիւնը միթէ չ՚ընկալուի՞ր որպէս գաղափարական սնանկութիւն։ Պէտք չէ հաւաքական կեանքի մէջ վարուիլ այս ձեւով, այս ոճով, ինչ որ անյարիր է նոյն ասպարէզին պատկանող մարդոց։
Բագրատ Էսդուգեան պէտք է համոզուի կամ փորձէ համակերպիլ այն գաղափարին, թէ իր կողմէ աստուածացուած կեղծ կուռքերը օր մը անպայման պիտի քանդուին՝ որքան որ ալ տուեալ պահուն թուին ըլլալ ամուր, անպարտելի։ Միակ մնայունը պիտի ըլլայ հանրութեան, ժողովուրդին առջեւ ապահովուած վարկը, հեղինակութիւնը, որոնց հիմնական գրաւականներն են՝ զսպուածութիւնը, լրջութիւնը, շրջահայեացութիւնը եւ բոլորին նկատմամբ յարգանքը։ Այս յօդուածի պարագային մեզի ցաւ պատճառած է, որ Բագրատ Էսդուգեան հանդէս կու գայ ոչ թէ հրապարակագրի մը ձեռնհասութեամբ, այլ կեղծ կուռքի մը աժան փաստաբանութեամբ։
Այս նշումները իրեն կը հասցէագրենք բարեկամաբար։ Միեւնոյն ժամանակ այս նշումները կ՚ընենք այն վստահութիւնով, որ մեր սիրելի բարեկամը այդ յօդուածը գրի առնելու ժամանակ կ՚երեւի չէր կասկածեր, թէ արձագանգ մը պիտի ունենայ մեր կողմէ։ Մենք որքան որ ալ խուսափինք անտեղի բանավէճերու կամ գրչապայքարներու մէջ մտնելէ, բնականաբար, «խաթեր» համար չենք կրնար լռութիւն պահել կէտէ մը անդին։
Բագրատ Էսդուգեանին անկեղծօրէն խորհուրդ կու տանք՝ անգամ մըն ալ իր զբաղեցուցած սիւնակին զարդերէն մէկը դարձուցած այդ քիթը չխոթել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործերուն մէջ։ Իր սպիտակած, ծուխէն դեղնած պեխերուն ետին ան կրնայ հանգիստ շնչել ու կրնայ վստահ ըլլալ, որ պատուէրներով յարաբերութիւններ յառաջ չեն տարուիր մեր օրաթերթին մօտ։ Մենք ունինք նուազագոյն խիզախութիւն. երբ որ քննադատելի երեւոյթ մը նկատենք, արդէն առանց ոեւէ մէկուն պատուէր տալու՝ մեր իսկ գրիչով կրնանք հանդէս գալ անվարան։ Հետեւաբար, իր գտնուած միջավայրերու գործելաոճէն դատելով՝ ան թող թիւր տպաւորութիւններ չկազմէ մեր թերթին մասին։
Կը մաղթենք, որ անգամ մը եւս չենք պարտաւորուիր նման գրութիւն մը գրի առնել մեր սիրելի Բագրատ Էսդուգեանին համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ