2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ զրոյց՝ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի նորանշանակ տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեանի հետ

Վերամուտ է այսօր։ Դարձեալ կը հնչէ դպրոցական զանգը՝ ազդարարելով 2017-2018 կրթական շրջանի սկիզբը։ Մարդկային ամբողջ պատմութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը պայմանաւորած մեծ վազքի մը հերթական փուլին մեկնարկը ահա՝ վերանորոգ յոյսերով եւ թարմ սպասումներով։

Իսթանպուլահայ վարժարաններն ալ այսօր կը բանան իրենց դռները՝ մեր աշակերտներուն առջեւ։ Դպրոցահասակ մեր տղաքը վերստին կը բռնեն վարժարանի ճանապարհը. իրենց քայլերը կ՚ուղղեն դէպի հա՛յ վարժարանի շեմը։ Անոնք թէեւ ընթացիկ քայլեր ըլլալ կը թուին, սակայն մեր ժողովուրդը իրենց քայլերուն մէջ կը տեսնէ իր ապագան ու մանաւանդ՝ կ՚ողջունէ մեր վիթխարի ժառանգութեան իրաւայաջորդները, հետագայ կրողները։ Այսօր մեր տղոց ժամադրութեան օրն է՝ դպրոցին, դասընկերոջ եւ ուսուցչին հետ։ Այդ եռամիասնութիւնը ունի ճակատագրական նշանակութիւն։

Մեր կրթական համակարգը ծով հարցերով կը դիմաւորէ ներկայ վերամուտը։ Ծանր մարտահրաւէրներ ծառացած են մեր դպրոցներուն առջեւ։ Յոռետեսութեան ամպեր կուտակուած են՝ համայնքային մեր վարժարաններու երկնակամարին վրայ։ Աշակերտութեան ընդհանուր թիւի նուազումէն եւ նոր ուսուցիչներու պատրաստութեան դժուարութիւններէն սկսեալ, մինչեւ նիւթական անբաւարարութիւններն ու ներքին կազմակերպութեան տկարութիւնը։ Արմատական բարեփոխումները հատզհետէ կը դառնան անյետաձգելի։ Համատարած մտահոգութիւն մը գոյութիւն ունի մեր համայնքէն ներս՝ պոլսահայ կրթական կեանքի առկայ ընթացքին եւ ապագային շուրջ։ Թէեւ կայ մտահոգութիւն, սակայն համագործակցութեան կամքը կը պակսի եւ ժամանակի ընթացքին խնդիրները կը բազմապատկուին։

Ինչ որ ալ ըլլայ, կեանքը կը շարունակ-ւի, կը պարտադրէ իր անխուսափելի կանոնները եւ ահաւասիկ դարձեալ կ՚արձագանգէ վերամուտի զանգը։ Իւրաքանչիւր նոր սկիզբ առիթ մըն է լաւատեսութեամբ տոգորուելու։ Քանի որ մարդ արարածը դրականին հակուած է իր բնազդով՝ թարմ սկիզբի գաղափարը նոր լիցք, նոր եռանդ կը պարգեւէ իրեն։ Այս օրուան մթնոլորտին մէջ բոլորին մաղթանքն է, որ արդարանան դրական սպասումները եւ նոր յոյսերը ծնունդ տան նոր միջավայրի մը։ Սա զիրար անկեղծութեամբ եւ յաջողութեան մաղթանքով ողջունելու օրն է։ Սա է նաեւ հարցերը յաղթահարելու նախադրեալը։

*

Վերամուտի առթիւ զրուցեցինք Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի նորանշանակ տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեանի հետ։ Շատ փորձառու կրթական մշակ մըն է ան։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է ուսողութեան վրայ, մաթեմաթիկի ճարտարագէտ՝ աւարտած Եըլտըզի թեքնիկ համալսարանը։ Համալսարանը աւարտելէ վերջ, անցած է նաեւ մանկավարժութեան անհրաժեշտ պատրաստութենէ եւ նուիրուած՝ կրթական ասպարէզի։ Ցայսօր դասաւանդած է թէ՛ նախակրթարանի, թէ միջնակարգի եւ թէ լիսէի մակարդակով։ Ուսուցչագործած է զանազան համայնքային վարժարաններէ ներս. ինչպէս՝ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց, Մխիթարեան եւ Կեդրոնական։ Եղած է կրթական մշակ մը, որ յաջողած է աշակերտներուն հետ ապահովել առողջ յարաբերութիւն ու երկխօսութիւն, որոնք նպաստած են իր դասաւանդութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման։ Կարճ խօսքով՝ «մաթեմաթիկը սիրցնող» ուսուցչուհիի համբաւով Մարի Սարուխանեան կոչուած է վարչական պատասխանատուութեան։

Մեր զրոյցի սկիզբին խօսեցանք պոլսահայ կրթական կեանքի վերաբերեալ իր ընդհանուր դիտարկումներուն շուրջ։ «Մենք, ընդհանրապէս, համայնքէն ներս մեր վարժարաններէն կ՚ակնկալենք մեր մշակոյթի եւ ինքնութեան տեւականացումը։ Սա շատ էական, հայ վարժարանի գոյութեան բնորոշ, արդար սպասում մըն է, սակայն հարցը այսքանով սահմանափակուած չէ։ Մենք պէտք է լաւ կերտենք մեր նոր սերունդը, պէտք է կատարելապաշտ մօտեցումով կրթենք, յաւակնոտ ձեւով դաստիարակենք մեր տղաքը։ Մեր երկրի կրթական դրութիւնն ալ ունի իր առանձնայատկութիւնները, որոնք իրենց հերթին խնդրայարոյց պարագաներու դուռ կը բանան։ Հասկնալի է, որ կը խօսիմ քննութիւններու մասին։ Պարտադիր ուսման բոլոր փուլերէն վերջ տղաքը կ՚անցնին շատ դժուար քննութիւններէ եւ ի վերջոյ կարգը կու գայ համալսարանի մտից քննութիւններուն։ Այս քննութիւններով պայմանաւորուած ստիպողութիւնները, պարտադրանքները մեծ դժուարութիւններու պատճառ կը դառնան։ Մեր սպասումներուն եւ աշակերտներու դիմագրաւած իրականութեան միջեւ կը յառաջանան հակասութիւններ», կը պատմէ Սարուխանեան։

Թէ ի՞նչ նպատակներ որդեգրած է՝ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնելու ժամանակ։ «Երկար տարիներէ ի վեր դիտարկած եմ, որ մեր համայնքային վարժարաններէն ներս իսկապէս դժուար է՝ վարչական պատասխանատուութիւն կրելը, մանաւանդ տնօրէն ըլլալը։ Այժմ ինծի ալ վիճակած է նման ծանր գործ մը, զոր պիտի փորձեմ ընել անմնացորդ նուիրումով, պատուով։ Գիտէք՝ դժուարութիւնը պատճառ մը չէ, երբեք, գործէ մը խուսափելու համար, մանաւանդ հայ դպրոցին ծառայելու ճանապարհին։ Դժուարութիւնը այս պարագային գործօն մըն է՝ առաւել գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ աշխատանքի ներգրաւուելու համար։ Անշուշտ, զուտ անձնական աշխատանքի մը արդիւնքով կարելի չէ հրաշքներ ակնկալել։ Այստեղ խօսքը խմբային, զիրար համալրող աշխատանքի մը մասին է եւ բնականաբար այդ աշխատանքը կազմակերպելու մասին։

«Համայնքային վարժարաններու վարչայինները պայքար կը մղեն՝ նիւթական հարցերու դէմ։ Տարիներէ ի վեր, տասնամեակներէ ի վեր ահաւոր ջանքեր կը գործադրուին՝ պիւտճէներու հաւասարակշռութեան համար։ Սա մեր կրթական համակարգի անվերջ հեւքն է, որ կարծես կ՚ուղղորդէ մեր առաքելութեան ընթացքը։ Երախտաշատ զօրաշարժ մըն է այս մէկը, բայց սա միայն սառցալերան տեսանելի մասն է։ Ատկէ դուրս տակաւին կը տարուի վիթխարի աշխատանք մը, որու մասին տարրական պատկերացում մը կազմելը հասկնալիօրէն դժուար է առ երեւոյթ։ Ամէն տեսակ մանրամասնութիւնով պէտք է հետաքրքրուիլ։ Կարիք չկայ օրինակներ թուարկելու, միայն թէ նկատի պէտք է առնել հակասական պարագայ մը, որու մէջ կը բիւրեղանայ մեր վարժարաններու վարչայիններուն դիմագրաւած ամբողջ պայքարը։ Արդարեւ, մեր դպրոցներէն ներս մեծ աշխատանք կը կատարուի, ամէն մարդ կը փորձէ լաւագոյնս ընել իր ձեռքէն եկածը, համայնքն ալ կը զօրակցի դպրոցներու գործունէութեան, սակայն այս բոլորով հանդերձ հաւաքական արդիւնքը հարիւր տոկոսով չի գոհացներ, չի բաւարարեր մեր աշակերտութեան ծնողները։ Թէեւ մեր յաջողութեան նշաձողը այդքան ալ ցած չէ, սակայն դպրոցներու նկատմամբ վստահութեան նուազագոյն պատնէշը յաղթահարել կամ գերազանցել կարելի չ՚ըլլար շատ յաճախ։ Կասկածէ դուրս՝ որ այստեղ կան նաեւ հոգեբանական գործօններ։ Կրնայ ըլլալ՝ որ այդ յարաբերական անվստահութիւնը ծնունդ կ՚առնէ, որովհետեւ մարդիկ գիտեն մեր դպրոցներու նիւթապէս ինքնաբաւ չըլլալը։ Բայց ամէն բան պէտք չէ իրար խառնել։ Հետեւաբար, մեր վարչայիններու առաջնահերթութիւններէն մին է՝ այս հակասական երեւոյթին դէմ պայքարիլը եւ մեր վարժարաններու վարկանիշին բարձրացումը յաչս մեր ծնողներուն, յաչս այս համայնքի այն ընտանիքներուն, որոնք ունին դպրոցահասակ զաւակներ։ Մենք շատ պէտք է աշխատինք՝ որպէսզի բոլորը հասկնան, թէ մեր դպրոցները իրենց զաւակներու բնական հասցէն կը համարուին։ Այսինքն, ամփոփ խօսքով՝ դպրոցէն ներս յարատեւ կատարելագործում եւ դպրոցէն դուրս յամառ պայքար ձգողականութեան բարձրացման համար։ Մեր վարչայինները կը գտնուին այս խաչմերուկին վրայ եւ այդ հաւասարակշռութեան մէջ կ՚արժեւորուի իրենց աշխատանքը», կ՚ըսէ նորանշանակ տնօրէնուհին։

Մեր համայնքային վարժարանները քայլ կը յարմարցնե՞ն մանկավարժութեան արդի չափանիշներուն։ Ի պատասխան՝ մեր զրուցակիցը կ՚ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնները. «Ինքնակատարելագործման մեր ջանքերուն մէջ խստապահանջ պէտք է ըլլանք նախ եւ առաջ մենք մեզի նկատմամբ։ Սա թէկուզ անբաւարար, սակայն անհրաժեշտ նախադրեալ մըն է՝ արդի չափանիշներու զուգահեռ ընթանալու տեսակէտէ։ Հետզհետէ աւելի մարդակեդրոն մօտեցումով մը պէտք է վերաբերուինք մեր աշակերտներուն հետ։ Պէտք է փորձենք առարկայական ձեւով ըմբռնել, թէ մեր տուածը, մեր աշխատանքը ի՞նչ տպաւորութիւն կը գործէ, ի՞նչ հետք կը ձգէ մեր տղոց վրայ։ Նպատակասլաց ձեւով տղոց պէտք է մատուցենք դպրոցէն ներս տարուած աշխատանքին նշանակութիւնը։ Այլ խօսքով՝ մեր տղաքը պէտք է համոզուին, թէ դպրոցէն ներս իրենց տարած աշխատանքը անպայման բանի մը պիտի համապատասխանէ կեանքի մէջ։ Չէ՞ որ, այսօր ամէն մարդ կրթութեան, ուսման վերաբերեալ նախընտրութիւնները կը ջանայ զուգորդել ապագայի նախասիրութիւններուն եւ իտէալներուն հետ։ Մանկավարժական ամէն տեսակ չափանիշի հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մին է՝ աշակերտի վրայ տարուած աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը։ Մենք կրնա՞նք մեր տղոցմէ համապատասխան արձագանգը ունենալ՝ առանց անոնց կեդրոնացումը ապահովելու։ Այսօր մեր երիտասարդները մեզի բաղդատմամբ շատ աւելի լաւ գիտեն, որ արդի աշխարհի մէջ ո՛ր ասպարէզները ապագային առաւել ի պատուի դառնալու հեռանկարը ունին։ Մենք պէտք է մեր տղաքը մարզենք, զինենք՝ պատասխանատուութիւն ստանալու համար։ Զանոնք ամէն ինչով պէտք է օժտենք՝ որպէսզի նախաձեռնութիւններու պարագային ըլլան ինքնավստահ։ Հասած ենք տեղ մը, ուր իւրաքանչիւր երիտասարդի հետ առանձին աշխատանք պէտք է տանիլ։ Ներկայ հաղորդակցութեան միջոցները մեզի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն՝ ո՛չ միայն դասաժամերէ, այլ նաեւ դպրոցէ դուրս ալ կապի մէջ ըլլալ մեր տղոց հետ։ Իւրաքանչիւրի աշխարհին պէտք է ներթափանցենք՝ որպէսզի անոնք հասկնան, թէ իրենց հետ տարուած աշխատանքը վերջին հաշուով կրնայ պայմանաւորել ապագային հասարակութեան մէջ իրենց ունենալիք դիրքը»։

Մարի Սարուխանեան թէեւ առարկայական գիտութեան մասնագէտ մըն է, սակայն չէինք կրնար իրեն չհարցնել նաեւ հայերէնի մասին։ Իր արձագանգը եղաւ բաւական ցաւոտ, նոյնիսկ ահազանգային. «Մեր մայրենիի պարագային կը ցաւիմ ըսել, որ առկայ կացութիւնը տխուր է։ Նահանջի սահմանը կարծես հատած ենք։ Մեր լեզուն կորսնցնելու վրայ ենք։ Սա մեր մշակոյթի, մեր ինքնութեան գոյատեւման, մեր ժառանգութեան ապագայի երաշխաւորման վերաբերեալ հարց մըն է։ Այս տագնապի յաղթահարման համար ոեւէ մէկը չունի կախարդական դեղագիր մը, ոեւէ մէկուն ձեռքը չկայ հրաշագործութեան ճպոտ մը։ Սա մեր հաւաքական հարցն է եւ լուծումը պէտք է ըլլայ հաւաքական ջանքերով։ Ես միայն կրնամ ըսել, որ հայերէնի հարցը միշտ պիտի գտնուի մեր աշխատանքի կիզակէտին։ Մեր լեզուի եւ կրօնի ուսուցումը միշտ տեղ պիտի ունենայ մեր նախատապուութիւններու շարքին։ Մենք միշտ պատրաստ պիտի ըլլանք առաւելագոյն եռանդով ու պատրաստակամութեամբ աշխատիլ լեզուի հարցին համար ու պիտի ջանանք մեր տղոց համար միշտ կարելիութիւն ստեղծել՝ մեր մշակոյթին հետ, մեր լեզուին հետ շփուելու»: 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017