Երեքին ալ բարի երթ… - Ա -
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը երէկ պաշտօնապէս աշխատանքի ձեռնարկեց նորընտիր երեսփոխաններու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնով։ Երէկ գումարուած խորհրդարանը մեծ ներուժ մը ունի՝ մօտաւոր ապագային երկրի կայունութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելու տեսանկիւնէն։ Յունիսի 7-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ նախորդած նախագահական ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն երկարաձգեալ ոդիսականը գործնականօրէն իր աւարտին հասաւ Նոյեմբերի 1-ին կրկնուած (կամ վաղահաս) ընտրութիւններով։ Թէեւ ամենասկիզբին այդ երեքը կը համարուէին ամբողջ մը, սակայն, ամառնամուտին Թուրքիան այնպիսի թիւրպիւլանսի մը մէջ մտաւ, որ Նոյեմբերի 1-ին բախտորոշ նշանակութիւնը բազմապատկուեցաւ անբաղդատելիօրէն։ Այսօր այլեւս երկրի քաղաքական բեմահարթակին վրայ ապրուած է ուժերու վերադասաւորում մը։ Կարգ մը քաղաքական ուժերը ամրապնդած են իրենց դիրքը, իսկ անոնցմէ ոմանք ալ՝ տկարացած։ Իր ամբողջին մէջ, խորհրդարանի ներկայացուցչական հանգամանքը բաւական ուժեղացած է, իսկ միահեծան իշխանութիւնը տեւականացնելու հնարաւորութեան տիրացած ԱՔ կուսակցութեան հասարակական յենարանները աւելցած են լրջօրէն։
Ընդհանուր կացութիւնը ամփոփելու զուգահեռ՝ հարկ է արձանագրել, որ այս նոր խորհրդարանը մեծ նշանակութիւն ունի ինչպէս երկրի մեծամասնութեան, այնպէս ալ փոքրամասնութիւններուն տեսանկիւնէն։ Երեսփոխաններու դիմագծին առումով մեծ զանազանութիւն մը ապահովուած է խորհրդարանէն ներս։ Այդ բազմազանութիւնը լիարժէք ձեւով կը ցոլանայ նաեւ փոքրամասնութիւններու պարագային՝ իրատես հաւասարակշռութեան մը մէջ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մեծագոյն ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը կը հանդիսանայ հայ համայնքը, որու շարքերէն երեք անուններ ընտրուած են երեսփոխան։ Այս հանգամանքը, ինքնին, թրքահայ համայնքին վերաբերմունքն ու սպասումները կը պայմանաւորէ այս շրջանի Ազգային մեծ ժողովին նկատմամբ։
Յունիսի 7-ի ընտրութեան արդիւնքը անբացատրելի խորհրդանշական իմաստ մը ունեցաւ թրքահայ համայնքին համար։ Երկրի վաղեմի, բնիկ տարրերէն հայերը տասնամեակներ շարունակ հնարաւորութիւն չէին ունեցած երկրի խորհրդարանին մէջ տեսնել՝ իր իսկ շարքերէն դուրս եկած դէմք մը։ Ճի՛շդ է, որ երեսփոխանը կ՚ընտրուի ամբողջ երկրին ծառայելու համար եւ այս իրողութիւնը ի զօրու է նաեւ հայազգի երեսփոխանի մը պարագային։ Ճի՛շդ է, որ հայազգի պատգամաւոր մըն ալ, անկախ իր արմատներէն, ընտրուած կ՚ըլլայ որպէս անհատ գործիչ եւ իր առաքելութիւնը չի կրնար համարուիլ զուտ հայ համայնքի հարցերու լուծման հետամուտ ըլլալը կամ համայնքին ներկայացուցիչը ըլլալը։ Այս բոլորով հանդերձ, մեր համայնքը խտրականութեան հետեւանք մը, տկարութեան դրսեւորում մը կը համարէր երկար տասնամեակներ խորհրդարանէն ներս իր շարքերէն երեսփոխանի մը բացակայութիւնը, մինչ այդ նոյն տասնամեակներուն կը պայքարէր պաշտօնական մտայնութենէն, պետական վերաբերմունքէն բխած ահաւոր խոչընդոտներու դէմ։ Հոգեբանականօրէն ընկճուած վիճակով մը տարուած, առաւել չափով անյոյս եւ անհեռանկար պայքար մըն էր այդ մէկը։ Մաշեցուցիչ եւ ինքնանպատակ դիմադրութիւն մը...
ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն զուգադիպած վերջին շուրջ տասներեք տարիներու ժամանակաշրջանը բնորոշուեցաւ փոքրամասնութիւններու այդ հոգեվիճակի յարաբերաբար փոփոխութեան ենթարկուելով՝ շնորհիւ այն բարեփոխումներուն, որոնք իրականացուեցան հետեւողականօրէն, նկատելի քաղաքական կամքով։ Այս գործընթացի ընդհանուր արժեւորման չափանիշները կրնան ըլլալ ժխտական կամ դրական, կշիռքի վրայ դրուելիք գործօնները կրնան ըլլալ հակադիր, բայց եւ այնպէս, կան նաեւ առարկայական արդիւնքներ։ Վստահաբար, անաչառութեան առումով հիմնաւորուած մօտեցումով մը կարելի է արձանագրել, որ այս գործընթացին տրամաբանական շարունակութիւնը կարելի է համարել՝ ներկայիս խորհրդարանի մէջ հայազգի երեք երեսփոխաններու գտնուիլը, այդ ալ նոյնաժամանակ։ Երբ տասնամեակներ շարունակ նոյնիսկ հայկական արմատներով մէկ քաղաքացի չէր կրցած պատգամաւոր ընտրուիլ, այսօր ահա երեք հոգի մաս կը կազմեն մեր երկրի օրէնսդիր մարմնին. յանձինն՝ Մարգար Էսաեանի (ԱՔ կուսակցութիւն), Սելինա Տողանի (ՃՀՓ) եւ Կարապետ Փայլանի (ՀՏՓ)։ Պատահականութի՞ւն, թէ հասունցած գործընթացի մը արդիւնքը։ Անոնք երեքն ալ խորհրդարանի ամպիոնէն հանդէս գալով՝ երէկ երդում կատարեցին որպէս երեսփոխան։ Այդ երդումը, անշուշտ, խորհրդանշական մեծ նշանակութիւն մը ներկայացուց Թուրքիոյ համակեցութեան եւ միասնականութեան տեսանկիւնէն։ Յունիսի 7-ի ընտրութիւններէն վերջ կացութիւնը թէեւ նոյնքան արտասովոր, նոյնիսկ պատմական էր թրքահայութեան տեսակէտէ, սակայն այդ ընտրութիւններու արդիւնքը երկրին մէջ ծնունդ տուաւ միջանկեալ գործընթացի մը, սպասողական շրջանի մը, հետեւաբար համայնքի տրամադրութիւններն ալ ունեցան համապատասխան բնոյթ։ Իսկ անցեալ ժամանակաշրջանին ապրուած իրադարձութիւնները մեր համայնքին տեսակէտէ աւելի լաւ վիճակ մը ստեղծեցին։ Արդարեւ, Նոյեմբերի 1-ի ընտրութիւններէն առաջ, կրկնուած քուէարկութեան սեմին հարցականներ յառաջացան, թէ արդեօք անոնք վերստին թեկնածու պիտի ըլլայի՞ն։ Այդ հարցումը անշուշտ որ ունէր իր տրամաբանական դրդապատճառները, որովհետեւ միջանկեալ ժամանակաշրջանի արիւնալի դէպքերու մթնոլորտին մէջ արդէն ազգայնական տրամադրութիւնները ամրապնդուած էին երկրէն ներս։ Ի վերջոյ, սակայն, երեք անուններն ալ դարձեալ թեկնածու առաջադրուեցան ու դարձեալ մուտք գործեցին խորհրդարան։ Սա արդէն առարկայական ու անհերքելի տուեալ մը եղաւ՝ հետեւցնելու համար, որ պատահականութիւններէ աւելի հասունցած գործընթացի մը արդիւնքով այսօր Թուրքիոյ խորհրդարանի երդիքին տակ տեղ գտած են հայազգի երեք երեսփոխաններ, որոնք յառաջիկայ շրջանին պիտի կեդրոնանան երկրի խնդիրներու լուծման վրայ եւ անոնց ներկայութիւնը, բնականաբար, թրքահայ համայնքին տեսակէտէ խորհրդա-նըշական ու բարոյահոգեբանական ան-գընահատելի իմաստ մը պիտի ունենայ։ Բնականաբար, բոլորին մաղթանքն է՝ որ գործնական առումով ալ ողջունելի, դրական արդիւնքներու գետին պատրաստէ անոնց ներկայութիւնը։
Մարգար Էսաեանի, Սելինա Տողանի եւ Կարապետ Փայլանի Ազգային մեծ ժողովէն ներս ներկայութեան իմաստը անտարակոյս սահմանափակուած չէ զուտ մեր համայնքին տեսակէտէ ներքին երեւոյթներով։ Անոնց ներկայութիւնը ինքնին կարեւոր պատգամ մըն է նաեւ լայն հասարակութեան կամ հանրային կարծիքին ուղղեալ՝ մեր համայնքին կողմէ երկրին նկատմամբ տածուած հաւատարմութեան, նաեւ ծառայութեան պատրաստակամութեան տեսանկիւնէն։ Ի լրումն այս բոլորին, բնականաբար, անոնց որպէս երեսփոխան պաշտօնավարութիւնը կրնայ յաւելեալ հնարաւորութիւններ ընձեռել՝ համայնքային խնդիրներու լուծման որոնումներու մթնոլորտին մէջ։ Պարզ է, որ խորհրդարանը տակաւին նոր բացուած է եւ բուն աշխատանքը թափ պիտի առնէ նոր կառավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ։ Այս պահուն բոլորի սպասումն այն է, որ ժամանակի ընթացքին արդարանան դրական սպասումները։ Այժմէն յստակ կանխատեսումներէ զերծ մնալն ալ ունի իր հիմնաւորումը, քանի որ խօսքը կը վերաբերի մանաւանդ քաղաքական բնագաւառին։
Վաղը պիտի շարունակենք խորհրդածել այս մասին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ