ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ՄԸ ԱՆՑ…
Յունուարի 19... Տասը տարուան ընթացքին մեր օրացոյցներուն կամ օրատետրերուն վրայ այսքան ամուր հաստատուած, ինքնահաստատուա՛ծ, այլ թուական մը դժուար թէ ըլլայ։ Անհատի մը կորուստը կարծես վերածուած ըլլար ուխտի օրուան մը։ Այսօր Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցն է։ Մահափորձ մը մեզմէ խլեց զինքը։ Սպիանալը մէկ կողմ, վէրքը տակաւին կը կոտտայ։ Տասը տարիէ ի վեր մեզի հետ չէ ան։ Այսօր կը փորձենք հաշուեկշիռ մը ընել՝ առանց Հրանդ Տինքի անցած տասը տարիներուն մասին։ Մէկ կողմէ ան միշտ մեզի հետ է՝ իր գաղափարներուն, տեսլականին արդիականութեամբ, իրականութիւն մըն է մեր մէջ, իսկ միւս կողմէ մեր յուշերուն մէջ է՝ իր ֆիզիքական բացակայութեան առթած կարօտով, իր մարդկային ջերմութեան անփոխարինելի պակասութեամբ։ Անմարսելի, անընդունելի եւ անարդարանալի զրկանք մըն է՝ Հրանդ Տինքի դէմ գործուած ոճիրին ծանր ու տխուր հետեւանքը։ Իր մարմնաւորած արժէքներով կենդանի, խորհրդանշած հորիզոններով կենսունակ այս մտաւորական մարդը երկրաւոր կեանքէն չէ հեռացած իր ճակատագիրով, բնականոն ձեւով։ Ու մենք քարացած ենք այդ կէտին վրայ։ Մեր հայեացքին առջեւ կը ճառագայթէ իր կերպարը, սակայն ան այլեւս բոլորովին մարդկային մտահորիզոնէն դուրս չափումի մը մէջ է. վստահաբար այնտեղ եւս իր անմիջականութեամբ ու մօտեցումներով ապահոված ըլլայ եզակի դիրք մը։
Թրքահայութիւնը այսօր հերթական անգամ բիւր յարգանքով ու ջերմութեամբ կ՚ողջունէ իր ծոցէն հասած հարազատ ու երախտաշատ զաւակներէն մին՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքը։ Անցնող տասը տարիներուն ընթացքին իր կորուստը խոշորացոյցի տակ առնուեցաւ բազմաթիւ դիտանկիւններէ։ Թուրքիա, մարդկութիւն, Հայաստան, ժողովրդավարութիւն, հայաշխարհ, արդարադատութիւն, եւ այլն։ Ամենանուազը եղաւ թրքահայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը, հակառակ անոր, որ ան հասած էր այս հաւաքականութեան գիրկէն։ Բոլորին տեսակէտէ այս մահափորձին նշանակութիւնը կշիռքի վրայ դնելու համար օգտագործուեցաւ թրքահայութիւնը, բայց բո՛ւն անոր ենթարկուածը, լոկ անոր կրածը երբեք այդքան կարեւորութեան չարժանացաւ, կամայ թէ ակամայ մնաց ստուերի տակ։ Թէկուզ պատծառը այն է, որ թրքահայութիւնը կանգնած է այդ բոլորի խաչմերուկին։ Խճուղիի մը վրայ, այս տխուր տարելիցին օրով, այսօր վերստին կը վերյիշենք Հրանդ Տինքը։ Մեր յիշողութեան մէջ կը թարմանան ինչ-ինչ դրուագներ։
Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձը, անոր երկարաշունչ հետաքննութիւնը, դատավարութեան գործընթացը տասնամեակէ մը ի վեր չափազանց նշանակութիւն ունին Թուրքիոյ տեսանկիւնէն։ Իւրաքանչիւր իրադարձութիւն անմիջական արձագանգ կը գտնէ մեր երկրի օրակարգին վրայ։ Այդ բոլորը նշաձողի մը, ցուցանիշի մը վերածուած են՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց, հիմնարար ազատութիւններուն տեսակէտէ։ Հետաքննութեան եւ դատավարութեան ընթացքը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն համապատասխան մարմիններուն եւ համակարգին նկատմամբ վստահութեան մակարդակը։ Բոլորը գիտեն, կը զգան ու կը հասկնան, որ ամենակարեւորն է հասարակութեան խղճին մօտ արդարանալը։ Մեր ապրած եւ այլ եղբայրական ժողովուրդներու հետ բաժնած աշխարհագրութեան մէջ միշտ ծանր եղած է համակեցութեան փոխարժէքը։ Միշտ դաժան եղած է այդ համերաշխ գոյակցութեան ջատագող մտաւորականին ճակատագիրը։ Աւելի՛ն, նման ձգտումներով եւ ընդդիմադիր հայեացքով գործիչներուն վախճանը յաճախ միախառնուած է վառօդի հոտով։ Գաղափարապաշտները բախած են անհանդուրժողութեան, խաղաղասէրները թիրախ դարձած են՝ իրենց նուիրական դատի ճանապարհին։ Հազար ափսոս, որ Հրանդ Տինքն ալ տասնամեակ մը առաջ համալրեց այդ շարքը։ Իր դէմ գործուած ոճրին հարցաքննութիւնը, դատավարութեան ընթացքը անխուսափելիօրէն վերիվայրումներ կ՚ունենան մեր երկրի բարդ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ։ Հրապարակաւ կը հարցաքննուի պետութեան դերը, կ՚ուսումնասիրուին հանրային պաշտօնեաներու աղերսները կամ զանցառութիւնները։ Մարդիկ ամենայն պաղարիւնութեամբ, սակայն նաեւ յամառ հետեւողականութեամբ կը հետեւին բացայայտումներուն, որոնք երբեմն կ՚արիւնեն հասարակութեան խիղճը։ Պետութիւն, մտայնութիւն, դիւանակալութիւն կամ իշխանութիւն կոչուած բառերուն վերացական իմաստը երբեմն ալ հեշտ հասցէներու կը վերածուի՝ մարդոց հակազդեցութեան լիցքաթափման համար։ Մարդիկ, խորքին մէջ, կը գիտակցին՝ որ պէտք չէ մոլորուին սեւի եւ սպիտակի բեւեռացումներուն մէջ։ Հրանդ Տինքի գործին ընդհանուր ընթացքը, անոր թափանցիկութեան աստիճանը, անոր նկատմամբ վերաբերմունքը, բացայայտման կամքը, հանրային կարծիքին մատուցուած տուեալներուն, տեղեկութիւններուն համոզիչ կամ հիմնաւորուած ըլլալ-չըլլալու մակարդակը տասը տարիէ ի վեր, իրենց ամբողջին մէջ, վերածուած են մեր երկրէն ներս լաւատեսութեան չափանիշներու։
Հայաստանի եւ հայութեան տեսակէտէ ալ ան այսօր ուրոյն խորհրդանշանի մը վերածուած է։ Բոլորը իր յիշատակին մէջ կ՚ողջունեն՝ անհաղորդ կողմերու միջեւ լոյս մը տեսնելու յոյսը։ Երկխօսութեան կողմնակիցները, Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման պաշտպանները Հրանդ Տինքի պատգամով կը ջանան յառաջ տանիլ իրենց պայքարը։ Սա այնքան խրթին գործ մըն է, որ նոյնիսկ շատեր իրենք իրենց թոյլ կու տան, ներեալ կը համարեն Հրանդ Տինքի յիշատակին չխնայուիլը։
Եւ այս բոլորէն վերջ թրքահայութիւնը... Ճիշդ է, որ մեր համայնքի երիտասարդ սերունդները, փառք Աստուծոյ, չտեսան ունեւորութեան տուրք, չապրեցան 6-7 Սեպտեմբերի սարսափ կամ չպարտաւորուեցան բռնել ստիպողական գաղթի ճամբան։ Բարեբախտաբար... Սակայն, թրքահայութեան մերօրեայ սերունդներուն բաժին վիճակեցաւ՝ դիմագրաւել Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Այս ցնցիչ դէպքը եկաւ խորացնել փոքրամասնական մեր հոգեբանութեան բոլոր փակուղիները։ Անոնք, որոնք կը խրախուսէին իր գործունէութիւնը, այսօր անյաղթահարելի հիասթափութեան մը ճիրաններուն մէջ են։ Անոնք, որոնք վերապահ էին իր գործունէութեան մասին, դարձեալ մեծ հիասթափութեան մատնուած են՝ այս անհաւատալիօրէն մղձաւանջային հետեւանքին առջեւ։ Հաւաքական մեր կեանքէն ներս, հակասութիւնները վերածուած են անլուծելի հանելուկներու։ Մեր միջավայրը ողողուած է՝ դառնութեամբ, կասկածներով եւ շուարումով։ Կարճ խօսքով ու առանց չափազանցութեան, թրքահայութիւնը Հրանդ Տինքի մահափորձէն վերջ քիչ մը եւս խորացած է իր անյաղթահարելի առանձնութեան զգացումին մէջ։ Սա չենք ըսեր յոռետեսութեան համար, այլ կ՚արձանագրենք որպէս փաստ՝ որովհետեւ մարդիկ աւելի քան երբեք արհեստական կը համարեն այդ առանձնութեան յաղթահարման մղումը։ Որքան որ ալ ան չունենար այդ առանձնութեան զգացումը փարատելու կախարդական բանալին՝ Հրանդ Տինքի դէմ ոճրագործութիւնը բարոյահոգեբանական վիթխարի հարուած մը եղած է թրքահայ համայնքին դէմ։ Այդ տառապանքը կը շարունակուի ցայսօր։
Այսօր վերստին կը խոնարհինք Հրանդ Տինքի, մեր շատ սիրելի եւ անմոռանալի Հրանդի քաղցր, լուսեղէն յիշատակին առջեւ։ Ան զոհուեցաւ որպէս հայ, որպէս լրագրող ու որպէս ընդդիմադիր մտաւորական։ Այս բոլորը իր սպանութեան տեսանկիւնէն կ՚ընկալուին՝ իբրեւ հաւանական պատճառ կամ հաշուի կ՚առնուին որպէս վարկած։ Ան այսօր կը վերյիշուի այդ հանգամանքներով ու անոնցմէ բխած ամբողջ պատուով։ Իսկ թրքահայութիւնը տասը տարի անց Հրանդը կ՚ոգեկոչէ՝ որպէս նահատակ, որպէս իր շարքերէն հասած վերջին նահատակը... Թէկուզ միայն տասը տարի անց, սակայն աճապարած չենք ըլլար ըսելու, որ սա է պատմութեան արժեւորումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ