12-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Այսօր Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցն է։ 12 տարի անցած է այն տխուր օրէն ի վեր, երբ անիծեալ մահափորձ մը Հրանդը մեզմէ խլեց անվերադարձօրէն։ Այդ ցնցիչ ոճրագործութենէն ի վեր կ՚արիւնի մեր սիրտը Հրանդի սպանութեան պատճառով, կ՚արիւնի անդարմանելիօրէն իր անփոխարինելի զրկանքին հետեւանքով եւ այդ վէրքը չի սպիանար՝ իրմով պայմանաւորուած մեծ պարապութեան բերումով։

Աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը այսօր բիւր յարգանքով ու կարօտով կ՚ոգեկոչէ իր այս երախտաշատ զաւակը, որ իրմէ ծնունդ առած էր եւ մահափորձով մը իրմէ խլուեցաւ։ Այդ արիւնալի արարքը ցայսօր կը մնայ անմարսելի, որովհետեւ Հրանդ չկարողացաւ Նախախնամութեան կողմէ իրեն շնորհուած կեանքը ապրիլ լիարժէք եւ այդ կեանքի թելը փրթաւ արհեստականօրէն ու ծայր աստիճան ընդվզեցուցիչ ձեւով։ Այսօր Հրանդի վառ յիշատակին նկատմամբ մատուցուած անկեղծ խոնարհումին մէջ կայ ապրելու իրաւունքի նկատմամբ յարգանք, կայ մարդու բոլոր հիմնարար իրաւանց նկատմամբ զգայնութիւն եւ ի վերջոյ հասարակական կեանքէ ներս հանդուրժողութեան ու համակեցութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւն։ Հրանդի խնկելի յիշատակին նկատմամբ վերաբերուած յարգանքը, միեւնոյն ժամանակ, կու գայ թարմացնել այս արժէքներուն նկատմամբ վճռակամութիւնը, որ կ՚ուղղորդուի արդարութեան որոնումով։

Հրանդ ապրեցաւ ու գործեց միջավայրի մը մէջ, ուր պատմութեան բոլոր շրջաններուն դժուար եղած է ըլլալ ընդդիմադիր, ուր այլախոհութեան հետեւանքները եղած են դաժան, ուր իրաւունքի համար պայքար մղելը եղած է ծանր գործ։ Թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական հարթութեան վրայ այս բոլորը ապացուցուած են բազում օրինակներով։ Դարձեալ բազում օրինակներ կարելի է թուարկել, թէ այդ բոլորէն լայն բաժին վիճակած է նաեւ հայ ժողովուրդին։ Խաղաղութեան ձգտումը, եղբայրութեան բաղձանքը, համակեցութեան պապակը միշտ սուղ արժած են հայութեան համար։ Արդարեւ, այս աշխարհագրութեան առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած՝ դրական բոլոր հակումները զոհ գացած են շահու անգութ մղումներու եւ ափսոս, որ այդ շահ ըսուածը միշտ սահմանուած ու բանաձեւուած է ազգայնականներու հայեացքով եւ այդ հայեացքն ալ ամէն անգամ հասած է ծայրայեղութիւններու եւ արիւնահեղութիւններու փակուղիին։

Այս հանգամանքներով պայմանաւորուած յիշողութեան մը զուգահեռ՝ Հրանդի դէմ կատարուած մահափորձը եղած է հայոց՝ մանաւանդ թրքահայոց արդի պատմութեան բեկումնային պահերէն մին։ Իր լրագրական ու հասարակական գործունէութեամբ Հրանդ դարձած էր առաքելութեան մը մարմնաւորումը։ Ան ինքզինքին համար կոչումի մը վերածած էր՝ վերոյիշեալ թանձր յիշողութեան անխուսափելիօրէն մաս դարձած թապուներու, կարծրատիպերու հարցաքննութեան համար նպաստ բերելը։ Այդ մէկը դարձուցած էր իր պայքարը, որու ուղին խաթարուեցաւ իր դէմ արձակուած փամփուշտներով։

Այո՛, այդ փամփուշտները թէեւ ընդհատեցին Հրանդի երկրաւոր կեանքի ճանապարհը, սակայն բաւարար չեղան իր պայքարը տապալելու։ Հրանդի սպանութիւնը, նահատակութիւնը կարծես եկաւ նուիրագործել իր պայքարի ուղին եւ իր մահէն վերջ այդ պայքարը համատարած ձեւով իւրացուեցաւ զանգուածներու կողմէ։ Հրանդի դէմ գործուած մահափորձի բացայայտման ճանապարհին այսօր առկայ յուզիչ կացութիւնն ալ կու գայ ապացուցանել, որ այդ պայքարը կը մնայ այժմէական ու նոյնիսկ հրատապ։

Հրանդի հիմնած «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան պատուհանը դարձեալ կը բացուի այսօր։ Հազարաւորներու ժամադրուած այդ վայրին մէջ կարծես կը թեւածէ իր հոգին։ Իր աշխատասենեակն ալ արդէն վերածուած է վերյիշման անկիւնի մը։ Իր ոգեկոչումները պարզ տարելիցներ չեն։ Հրանդի յիշատակը կը վերաձեւաւորուի, կը վերարժեւորուի անցնող-գացող տարիներու հեռաւորութենէն։ Ժողովրդավարութեան, ազատատենչութեան, համակեցութեան եւ խաղաղութեան որոնումներու մէջ իր յիշատակը դարձած է չափանիշ մը։ Այս աշխարհագրութեան մէջ կեանքի ընդհանուր գնահատական մը տալու տեսակէտէ Հրանդի յիշատակը դարձած է խղճի փորձաքար մը։

Ո՛չ թէ 12 տարի, այլեւ՝ այդքան դար ալ անցնի ոճրագործութեան վրայէն, Հրանդ պիտի մնայ անմահ, որովհետեւ ան վաղուց կ՚ապրի պատմութեան մէջ, ուր թողած է իր ուրոյն հետքը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 19, 2019