15 տարի առաջ այսօր…

Տասնհինգ տարի առաջ այսօր Փարիզ էի։ Քատէի կայարանին մօտ բջիջային հեռաձայնիս վրայ յայտնուեցաւ SMS մը։ Կեցութեանս վերջին օրն էր... Հրանդը զոհ գացած էր մահափորձի մը։ Ցնցումը, անշուշտ, մէկ կողմ, առաջին պահուն կարելի չէր պատահածը պատկերացնել լիարժէք, ամբողջ խորքով ու մանաւանդ՝ անյաղթահարելի հետեւանքներով, որոնց ծանրութիւնը հետզհետէ ծանրացաւ ու կը ծանրանայ անվերջ։

Վերջին անգամ այդ ճամբորդութենէն օր մը առաջ խօսած էինք հեռաձայնով։ Մեր երկուքին թերթերն ալ շրջափակման ենթարկուած էին։ Բողոքով, ցասումով լեցուն էր։ «Ի՞նչ պիտի ընենք», հարցուցած էր։ «Պիտի համբերենք՝ մինչեւ որ մարդիկ անդրադառնան այս քայլի անընդունելի ըլլալուն եւ փոխուի իրավիճակը», պատասխանած էի։ «Ես չեմ սպասեր, գիտեմ ընելիքս...», շարունակած էր զայրոյթը։ «Պաղարիւն ըլլանք», աւելցուցած էի։ «Գլուխս փորձանքներ կան այս շրջանին։ Մէկ հատ անոնք լուծեմ, վերջը կարգը այս գործին պիտի գայ, բայց, մենք հանդիպինք ու խօսինք», ըսած էր։ «Վաղը առաւօտ պիտի ճամբորդեմ», ըսած էի։ «Ուրեմն, վերադարձին կը խօսինք», աւելցուցած էր։

Սա մեր վերջին զրոյցն էր, մեր վերջին հաղորդակցութիւնը թէ՛ մարդկային անմիջականութեամբ եւ թէ պաշտօնակցի փոխադարձ զօրակցութեամբ։ SMS-ը կարդալու ատեն իր ձայնը կ՚արձագանգէր ականջիս մէջ։ Խմբագրատուն հեռաձայնեցի՝ խորհրդակցեցանք... Որոշ ժամանակ անց խմբագրատունէն զանգ եկաւ այս անգամ։ Պոլիսէն հաղորդեցին, որ պաշտօնապէս բաւ համարուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ «Ակօս»ի դէմ հաստատուած շրջափակումը։ «Ես չեմ սպասեր, գիտեմ ընելիքս...», որ ըսած էր, ի՞նչ գիտէր արդեօք։ Պատասխանը մնաց իր մօտ՝ մինչ անիծեալ փամփուշտը «լուծեց» այդ հարցը, ինչպէս որ այդպէսով «լուծուեցան» ուրիշ շատ հարցեր։

Փարիզի փողոցներուն մէջ աննպատակ կը քալէի՝ մէկ կողմէ զանգերը կը տեղային ամբողջ աշխարհէն։ Կարծես ես էի, որ պիտի գիտնայի հարցումին պատասխանը, որ չկար ու չէր ալ կրնար ըլլալ իրականութեան մէջ։ Ինչո՞ւ...

Յիշողութիւնս պոռթկաց պահ մը։ Լեցուն բան կու գար միտքս. միասին մեր ճնկածները, Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեր մասնակցած պատարագը, 1998-ի պատրիարքական ընտրութիւնը, Կեդրոնական սանուց միութեան «Գրական ակումբ»ը, դէպի Երեւան «Արեւելեան խորհրդաժողով» կոչուած հարթակի ուղեւորութիւնն ու նախապատրաստական աշխատանքները, մեծ հօրս դագաղին շուրջ կերոն բռնելը, Հայաստանի 1996-ի ընտրութիւններուն հետեւելէ վերջ վերադարձին մեր ըրած հարցազրոյցը, մեր անթիւ-անհամար հեռախօսազրոյցները, մեր վէճերը, սրտնեղութիւնները, իրարմէ յուսախաբութիւնները... Իւրաքանչիւրը միտքէս կ՚անցնէր՝ նաեւ այն մղումով, թէ ազդանշան մը կամ հետք մը կրնայի գտնել այդ հարցումին մասին։ Եւ այդպէս ալ անպատասխան մնաց ու կը շարունակէ մնալ այդ անիծեալ «ինչո՞ւ»ն, որ տարիէ տարի աւելի կ՚արիւնէ սիրտը բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած էին զինքը, սիրած էին, գիտէին կամ հաղորդ էին իրեն...

*

Իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ կարգ մը զգացումներ կամ անոնց առթածը, կարգ մը երեւոյթներու իւրացումը տեսականէ գործնականի կը վերածուի զգայացունց, անկիւնադարձային դէպքով մը։ Եթէ մահուան ի՛նչ ըլլալը մորթիս վրայ զգացած էի մեծ հօրս կորուստով, ապա սպանութեան ի՛նչ ըլլալն ալ պատկերացուցի Հրանդի դէմ ոճրագործութեամբ։ Յիշատակը որքա՛ն քաղցր ըլլայ, վէրքն ալ այնքա՛ն անսպիանալի։ Հակասակա՞ն, զարմանալի՞...

Տարիները կ՚անցնին արագ։ Որքան որ ալ արագ անցնին՝ Հրանդը չեն կրնան մեզմէ հեռացնել։ Անոնց հոլովոյթին մէջ անկարելի է մոլորուիլ այս պարագային։ Հոսանքը մեզ կը ջանայ տանիլ կէտի մը, ուր պէտք է ինքնաբերաբար հասկնանք այդ «ինչո՞ւ»ին պատասխանը։ Բայց Հրանդին թողած աւանդը այդ մոլորութենէն ալ զերծ կը պահէ մեզ, յանուն իր անթառամ յիշատակին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022