ԵՐԹԵՒԵԿԸ Կ՚ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՅ
Հանրաքուէի եւ Ս. Զատկի տօնական շրջանի աւարտին թրքահայութեան կեանքէն ներս երթեւեկը վերստին կ՚աշխուժանայ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած փակուղին կը շարունակէ առաջնահերթօրէն բնորոշել համայնքին օրակարգը։ Վերջին շուրջ տասն օրերուն ընթացքին յարաբերաբար կանգ առած գործընթացը արդէն կը վարարի գետի նման։ Համայնքային շրջանակները սկսած են վերստին ուշադրութիւն կեդրոնացնել այս հրատապ խնդրին վրայ։
Կը տեղեկանանք, որ այսօր յետմիջօրէին, ժամը 16.00-ին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը տեսակցին Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) համակարգման խորհուրդի անդամներուն հետ։ Համայնքային աշխարհական վարիչները ստեղծուած իրավիճակին եւ յառաջիկայ հաւանական իրադարձութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն շուրջ խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան բարձրաստիճան հոգեւորականներուն հետ։ VADİP-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ համակարգման խորհուրդի միւս անդամները հնարաւորութիւն կ՚ունենան մանրամասնօրէն ծանօթանալու երկու սրբազաններու պատկերացումներուն։
VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը մեզի յայտնեց, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան փափաք յայտնած է համայնքի ընտրեալ վարիչներուն հետ տեսակցելու համար։ «Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հաւանութեամբ այս խորհրդակցութիւնը ես կազմակերպեցի։ Համայնքէն ներս այնպիսի տպաւորութիւն մը ստեղծուած է, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին տէր կը կանգնին միայն «Միտք» հարթակի նման խմբաւորումները, մինչդեռ պարագան այդպէս չէ, ան ունի նաեւ ուրիշ պաշտպաններ։ Հիմա հանրաքուէն վերջացած է։ Անցած է նաեւ Ս. Զատիկը ու քանի մը օր վերջ անցած պիտի ըլլայ նաեւ Ապրիլի 24-ը։ Եկեղեցական օրէնքներով Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան արդէն տեղապահ է։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը ջանայ կատարուած իրողութեան առջեւ թողուլ համայնքը», ըսաւ Յարութիւն Շանլը։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Շանլը մատնանշեց նաեւ, թէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ունի շարք մը դժուարութիւններ, կը դիմագրաւէ կարգ մը նեղութիւններ եւ այդ բոլորին շուրջ կարիքը զգացած է խորհրդակցելու համայնքի աշխարհական վարիչներուն հետ։ Իր կանխատեսումներով, հանրաքուէի արդիւնքները կը ստեղծեն այն լաւատեսութիւնը, թէ յառաջիկայ շրջանին պետութեան վերաբերմունքին տեսակէտէ բարենպաստ մթնոլորտ մը կրնայ ստեղծուիլ համայնքին համար։ «15-20 օր վերջ կրնանք շարժման անցնիլ գործնականօրէն։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի խոստացած է լուրջ ջանքեր գործադրել։ Եթէ ան իր նեցուկը քաշէ, ապա Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պիտի մնայ առանց յենարանի։ Պետրոս Շիրինօղլու մեր բոլորին ատենապետն է։ Մենք բոլորս իր կողքին ենք եւ այս հանգամանքէն տեղեակ է նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ան ունի ուժն ու հնարաւորութիւնը՝ որպէսզի յաղթահարուի առկայ քաոսը։ Իմ կանխատեսումներով, մինչեւ Յունիս ամսուան կէսը կրնանք որոշ փոփոխութիւններ ապահովել։ Մեզի համար ամէն ինչէ աւելի կարեւոր եւ առաջնահերթ է համայնքը՝ իր շահերով եւ առաջնահերթութիւններով», ըսաւ Յարութիւն Շանլը։
Ամփոփելով իր խօսքը VADİP-ի ատենադպիրը մատնանշեց նաեւ, որ այսօրուան խորհրդակցութիւնը միեւնոյն ժամանակ կը համարուի շուրջ տասն օր առաջ դարձեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան շարունակութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ